Շաբաթ, Ապրիլ 24, 2021-ին, Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ բարեխօսական կարգ՝ ի յարգանս Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին, մասնակցութեամբ յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդներու եւ հայրերու, համայնքի գլխաւոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, քաղաքական դէմքերու եւ հիւրերու: Միջոցառումը կազմակերպած էր Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ մարմինը:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի սկաուտներու դրօշակի արարողութեամբ, որմէ ետք Միացեալ Մարմինի անունով խօսք առաւ Փիթր Հայկ: Ան ողջունելէ ետք ներկաները, ըսաւ, որ ոչ միայն հաւաքուած ենք ոգեկոչելու մեր սրբադասուած անմեղ նահատակներուն յիշատակը, այլ նաեւ մեր Արցախի 44 օրեայ արիաբար մարտնչած ու նահատակուած բոլոր զինուորներուն եւ կամաւորներուն յիշատակը, եւ ապա յայտնեց, որ Միացեալ Մարմինը վճռականօրէն պիտի վերանորոգէ իր պահանջատիրութեան ուխտը եւ պիտի շարունակէ սուրբ պայքարը, միեւնոյն ժամանակ բարձրացնելով աղօթք եւ խնդրելով Ամենակալէն, որպէսզի համայն հայութեան շնորհէ խաղաղութիւն, իմաստութիւն եւ միասնականութիւն:
Ապա Հանդիսավարը հրաւիրեց յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդներուն, որպէսզի բարեխօսական կարգը կատարեն: Առաջնորդ հայրերը իրենց Հայրական աղօթքները կատարելէ ետք, պատգամեցին, որ մեր պապերէն կտակուած աւանդով, Հայը հրաւիրուած է միշտ կանքուն մնալու բոլոր տեսակի հարուածներու դէմ, որովհետեւ ճակատագրուած չենք մեռնելու եւ ոչնչանալու, այլ հրաւիրուած ենք օրհնուած ապրելու եւ գոյատեւելու:
Բարեխօսական կարգը վերջ գտաւ «Մեր Հայերէնիք»ով: Որմէ ետք, համայնքի գլխաւոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները ծաղկեպսակներ, իսկ ներկանները ծաղիկներ զետեղեցին յուշարձանին առջեւ:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ
(Թղթակցութիւն Միացեալ Մարմինէն)