«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը կը շարունակէ իր օժանդակութիւնը Լիբանանի հայկական վարժարաններուն, փորձելով թեթեւցնել անոնց բեռը Լիբանանի տնտեսական, ելեւմտական, քաղաքական թէ առողջապահական այս սուր տագնապներու օրերուն։
Այսպէս Դեկտեմբեր 2019ին, Յուլիս եւ Օգոստոս 2020ին, Լիբանանի հայկական վարժարաններուն կատարուած հերթական յատակացումներէն ետք, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Ֆրանսայի մարմինը անգամ մը եւս Հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակի ճամբով կը հասնի Լիբանանահայ վարժարաններուն օգնութեան, բարձր գնահատելով այս սաստիկ տագնապալի պայմաններուն մէջ անոնց թափած ճիգը, կատարած հսկայական աշխատանքն ու նուիրական գործը եւ հարիւր հազար եւրօ կը նուիրէ։ Այս գումարէն բաժին մը կը յատկացուի նաեւ լիբանանահայ երեք օրաթերթերուն՝ «Ազդակ»ին, «Արարատ»ին, «Զարթօնք»ին եւ «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանին, որոնք բազում զոհողութիւններով կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը՝ միշտ մնալով պատնէշի վրայ։
Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմինը իր կարգին, ամէն ճիգ ի գործ դրաւ, որ ստացուած գումարը ամերիկեան տոլարով կանխիկ փոխանցուի իւրաքանչիւր հաստատութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ առաւելագոյնս օգտուիլ անկէ։
Վստահ ենք, որ հաւաքական ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել բոլոր տեսակի դժուարութիւնները եւ Լիբանանն ու Լիբանանահայութիւնը պիտի վերադառնան իրենց բարօր օրերուն, եւ փոխադարձաբար պիտի շարունակեն նիւթապէս թեւ ու թիկունք հանդիսանալ Հայաստանին ու Արցախին։
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի
Լիբանանի Գործադիր Մարմին
Պէյրութ, 26 Ապրիլ 2021