Պէյրութ, 1 Մայիս 2021
Երուանդ Ազատեան
Ատենապետ
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան
Սիրելի Էտմօն,
Խորունկ ցաւով իմացանք Ձեր կողակիցին՝ մեր բոլորին սիրելի Տիկին Նորա Ազատեան-Իփէկեանի մահուան տխուր լուրը: Դժուարին այս պահուն միտքերով եւ զգացումներով Ձեր հետն ենք եւ կը կիսենք Ձեր վիշտը: Գիտնք թէ որքա՜ն դժուար է հարազատի մը եւ մանաւանդ կողակիցի մը կորուստը:
Տիկին Նորան մեր յիշողութեան մէջ կը մնայ որպէս բացառիկ հայուհի մը՝ իր ազնուական կերպարով, անհատականութեամբ, անմիջականութեամբ եւ բարի ժպիտով: Արուեստը եւ մշակոյթը իր տարերքն էր: Եւրոպական կրթութիւնն ու ազգային ջիղը գեղեցկօրէն միահիւսած հայուհի մըն էր ան իր խօսքով եւ գործով: Որպէս գեղանկարչուհի, ասմունքող եւ դաստիարակչուհի ան սփիւռքահայ մշակութային եւ կրթական կեանքին կարեւոր ներկայացուցիչներէն էր, նուիրուած ըլլալով նաեւ սփիւռքահայ երիտասարդներու ազգային դաստիարակութեան նուիրական գործին, Եգիպտոսէն մինչեւ Ամերիկա: Կը բաւէ յիշել որ Տիկին Նորան, որ ծնած էր Իփէքեան ազնուական ընտանիքին մէջ, թոռնուհին էր Հայ Ազատագրական Շարժման աննկուն գործիչ եւ ՌԱԿ-ի մեծանուն ղեկավարներէն Միհրան Տամատեանին: Եգիպտահայ գաղութի ազգային կեանքի փայլուն օրերու մթնոլորտի ծնունդն էր ան, կրելով այդ մթնոլորտի կերտիչներուն անմիջական ազդեցութիւնը, որ իրմէ անբաժան մնաց մինչեւ վերջ:
Այս տխուր առիթով, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը փոխանցենք Ձեր ընտանեկան պարագաներուն, մասնաւորաբար տաղանդաւոր արուեստագէտ եւ բեմադրիչ՝ Ժիրայր Բաբազեանին, ինչպէս նաեւ հարազատներուն եւ բարեկամներուն:
Մեր աղօթքը կը միացնենք հանգուցեալին հոգիին հանգստութեան եւ
խաղաղութեան համար բարձրացուած աղօթքներուն:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
Թ.Մ.Մ. Հիմնադիրներու Մարմինի Ատենապետ՝
Յակոբ Գասարճեան