Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Տէ Տրիան Պէյրութի մէջ պիտի ունենայ կարեւոր հանդիպումներ վերստին յառաջ մղելու համար Լիբանանի համար ֆրանսական նախաձեռնութիւնը, որ կրնայ արագացնել կառավարութեան կազմութիւնը:
Չի բացառուիր նաեւ, որ ձախողութեան մը պարագային ֆրանսացի նախարարին այցելութիւնը իր հետ բերէ կանխազգուշական պատժամիջոցներ լիբանանցի կարգ մը քաղաքական գործիչներու հասցէին, որոնց անունը ներգրաւուած է փտածութեան թղթածրարներու մէջ:
Պատժամիջոցներու գլխաւոր թիրախը պիտի ըլլայ կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտողներուն:
Ֆրանսական նախաձեռնութիւնը հորիզոնի վրայ գտնուող միակ յոյսն է, որ միջազգային օժանդակութիւններ կրնայ բերել Լիբանանին, շրջանցելու համար իր դիմագրաւած ճգնաժամը: