Ռուհոլլա Մուսաւի Խոմէյնի 17 Մայիս 1902 կամ 1898 — 3 Յունիս 1989), 1979 թուականի իսլամական յեղափոխութեան առաջնորդ:
50-ականներուն ստացած է այեաթոլլա տիտղոսը։ 1963 թուականին ընդդիմադիր գործունէութիւն ծաւալած շահի ռեժիմին դէմ։ 1963 թուականին անոր ձերբակալութիւնը խոշոր յուզումներ յառաջացուցած է, որոնց 1000-էն աւելի զոհ եղած է։ 1964 թուականին արտաքսուած է Թուրքիա, այնուհետեւ տեղափոխուած է Իրաք, 1978 թուականին` Փարիզ:
1979 Յունուարին ղեկավարած է Իրանին մէջ իսլամական յեղափոխութիւնը։ 1979 թուականի Փետրուար 1-ին` Մոհամմատ Ռէզա Փահլաւիի փախուստէն 2 ամիս անց, վերադարձած է Իրան։ 1979-ին իր միջազգային ազդեցութեան շնորհիւ ան տարուան մարդ ճանչուած է ամերիկեան «Թայմ» հանդէսին կողմէն եւ նկարագրուած է որպէս «շիա իսլամի պատկերը Արեւմուտքին մէջ»: 1982-ին վերապրած է զինուած յեղաշրջումի մը փորձը: Խոմէյնին յայտնի է պատանդառուներուն աջակցութեամբ, բրիտանացի հնդիկ գրող Սալման Ռուշտիին սպաննելու կոչ ընող իր ֆաթուայով, եւ բնութագրումով Միացեալ նահանգները որպէս «Մեծ Սատանա» եւ Խորհրդային միութիւնը որպէս՝ «Կրտսեր Սատանա» Նոր սահմանադրութեան համաձայն 1979 թուականի Դեկտեմբերին զբաղեցրած է Իրանի իսլամական հանրապետութեան գերագոյն ղեկավարի պաշտօնը։ Բնակած է Ղում քաղաքը, սակայն գործուն մասնակցութիւն ունեցած է երկրի քաղաքական կեանքին։
Իր կառավարման ընթացքին աջակցած է իսլամական յեղափոխութեան արտահանմանը տարածաշրջանի երկիրներ՝ որպէս ատոր հնարաւորութիւն դիտելով Իրան-իրաքեան պատերազմը։