Կիրակի, 27 Ապրիլի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Տեսանկիւն. «Երեխան Երեխայ Է Նոյնիսկ Երբ Ան Երկրի Մը Իշխանաւորն Է»

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Ցաւն այն է, որ անգէտ ու անդաստիարակ լինելուց

այլևս չենք ամաչում…

Սօս Սարգսեան

Այսօրուայ իմ սիւնակին վերնագիրը արաբական ասացուածք մըն է, որ դժբախտաբար այսօր կը բնորոշէ մեր Հայրենիքի իշխանութիւնները:

Անհաւատալի փնթիութիւն մը, երեխաներու յատուկ պահուածք եւ անհեթեթութեան աներեւակայելի պարագաներ կ՛արձանագրուին մեր երկրին իշխանութեան ոլորտին մէջ, ուր կը պատահին ինքզինք յարգող երկրի մը իշխանութեան ոչ վայել երեւոյթներ: Ի տես այս իրավիճակին այլեւս զարմանալի չէ, այն ինչ պատահեցաւ կամ կը պատահի մեզի Արցախէն մինչեւ Սիւնիք եւ Գեղարքունիք…:

Դիւանագիտական աշխարհի կամ ոեւէ ոլորտի լուրջ դիտորդի մը համար անհաւատալի պատահար մը վերջերս տեղի ունեցաւ ՀՀ խորհրդարանին մէջ: ՀՀ Ազգային Ժողովի մէջ պատմական թիւրիմացութեամբ մը յայտնուած  իշխող ուժը ծաղրեց չինական արտադրութիւն հանդիսացող հակաքորոնաժահրային պատուաստանիւթը, որ ի դէպ, որպէս օգնութեան ազնիւ քայլ՝ Չինաստանը ղրկած էր Հայաստան:

Վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար, «քորոնան որո՞ւն շունն է» նշանաւոր կործանիչ յայտարարութեան տէր՝  Նիկոլ Փաշինեան, երբ Ազգային ժողովի ամպիոնին վրայէն ի պաշտօնէ կը  խօսէր Հայաստան ներկրուած պատուաստանիւթերու մասին` քմծիծաղով առաջարկեց, որպէսզի չինական արտադրութեամբ պատուաստանիւթով պատուաստուին ԱԺ նախագահութեան անդամները (տես վիտէօն): Այս խօսքին վրայ, ժողովուրդին այսպէս կոչուած ներկայացուցիչները լիաթոք ծիծաղեցան, իսկ ժողովի նախագահութեան բազկաթոռներուն վրայ նստած իշխող ուժի անդամներ՝ Ալեն Սիմոնեանն ու Արարատ Միրզոյեանը իրար  վրայ սկսան նետել  չինական պատուաստանիւթով պատուաստուելու պարտականութիւնը (տես նկարը):

Այս պատահարը իրականութեան մէջ ծաղրանք է հազարամեակներու պետականութեան պատմութիւն ունեցող Չինաստանին նկատմամբ: Ան կրնայ  աննկատ չանցնիլ Հայաստանին հանդէպ բարեկամաբար տրամադրուած եւ փանթուրանական վտանգին դիմաց մեզի համար շատ կարեւոր բնական դաշնակից  այդ մեծ երկրին կողմէ: Աւելին, իշխող ուժի ներկայացուցիչները արդեօ՞ք ունին հոգեբանական ազդակի տարրական այն պատկերացումը, թէ իրենց այս ծաղրական  վերաբերմունքէն ետք, քաղաքացիները կ՛երթա՞ն պատուաստուելու չինական պատուաստով…:

Ի տես նմանօրինակ երեւոյթներու կարելի է քրիստոնէավայել պահուածքով մը ըսել. «Տէր իմ, ներէ իրենց որովհետեւ չեն գիտեր թէ ինչ կ՛ընեն» (Ղկ 23.34): Միեւնոյն ժամանակ սակայն, հայավայել ազգասիրութեամբ պէտք է դիմել Տիրոջ անիծելու բոլոր անոնց, որոնք յառաջիկայ Յունիս 20-ին կրնան նպաստել այս խայտառակներուն վերարտադրութեան խորհրդարանին մէջ՝ հետեւաբար իշխանութեան հասնելուն:

Նախկինը, հինը, նորը, սեւը, ճերմակը յետայսու պէտք չէ թեմա ըլլան ոեւէ մէկուն համար երբ Հայրենիքը վտանգուած է: Նախընտարական այս սուղ շրջանին, ամէն օր յայտնի կը դառնայ, թէ յառաջիկայ ընտրութիւններուն համար կան այլընտրանքային ուժեր բոլոր ընտրողներուն ճաշակին, գաղափարներուն, հայրենիքի ապագայի իրենց տեսլականին եւ իտէալներուն յարմար: Կարեւորը այս անհեթեթութեան վերջ տալն է ամէն գնով: 

Ի վերջոյ դաւաճանութիւն, փնթիութիւն, անփորձութիւն, թէ երեխայական պահուածք, արդիւնքը միեւնոյնն է. մենք Հայրենիք կը կորսնցնենք, որուն առաջքը գերագոյն պատասխանատուութեամբ մը եթէ չառնենք այսօր, Խաչ մեր Հայրենիքին ու մեր ազգին ալ վրայ:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img