Չորեքշաբթի, 19 Մարտի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Գրախօսական. Ճակատագրի Սեւ Կատուն

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Հալէպահայ ծանօթ մտաւորական, գիրքերու հեղինակ եւ վաստակաշատ կրթական մշակ Յակոբ Միքայէլեանի «Ճակատագրի Սեւ Կատուն» իրական կեանքէ առնուած` 121 էջերու մէջ պարփակուած հետաքրքրական վիպակ մըն է, հրատարակուած երեւան՝ 2020 թուականին։

Յակոբ Միքայէլեան այժմ կը բնակի Երեւան, ուր հաստատուած են նաեւ իր երկու դուստրերը՝ Նուշիկ եւ Նանոր, իրենց ընտանիքներով։ Ան փեսան է ծանօթ հրապարախօս-հրապարագիր Տոքթ. Թորոս Թորանեանի։

Յակոբ Միքայէլեան անդամ է Հայաստանի Գրողներու Միութեան եւ Սուրիահայ Գրողներու Համախմբումին։

Իսկ ի՞նչ է կապս Յակոբ Միքայէլեան հետ։ Ան իր երկրորդական ուսումը ստացած է Հալէպի ՀԲԸ Միութեան Լ. Նաճարեան — Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանը, իսկ ես՝ Ամերիկեան Հալէպ Գոլեճը։ Սակայն մենք իրարու ծանօթացանք եւ բարեկամացանք ՀԲԸ Միութեան Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան ակումբին մէջ։

«Ճակատագրի Սեւ Կատուն» կը գրէ Միքայէլեան, հետեւողութեամբ է Փիթըր Պալաքեանի «Ճակատագրի Սեւ Շունը» գիրքի խորագրին, հետեւեալ պատճառաբանութեամբ։ Ան երբ 2013 թուականի՝ Երեքշաբթի, Մայիս 21-ին կը պատրաստուէր Հալէպէն երթալու Պէյրութ, հազիւ տունէն ելած՝ սեւ կատու մը կ՛անցնի առջեւէն։

Թէեւ նախապաշարումներու չէր հաւատար՝ կը շարունակէ Միքայէլեան, սակայն  Երեքշաբթի օրն ու սեւ կատուն կը ցնցեն իր ներսիդին եւ իր վախերը կ՛իրականանան երբ ան կ՛առեւանգուի եւ հինգ երկար օրեր կը տառապի՝ բանտարկութեան մէջ, մինչեւ որ մեծագումար փրկագինով մը ազատ կ՛արձակուի։

Պատմութիւնը կը սկսի սիրային արկածախնդրութեամբ մը, որ տեղի կ՛ունենայ Դամասկոսի համալսարանը ուսանած տարիներուն։ Հեղինակը ընտրած է խօսիլ երրորդ դէմքով եւ բնականաբար ծածկանուններով։

Զաւէն կը սիրահարի Տալիա անունով տեղացի ուսանողուհիի մը հետ, սակայն բարեբախտաբար թէ դժբախտաբար ուսումնական տարուան վերջաւորութեան վրայ կը հասնի 1967-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմը եւ մէյ մըն ալ զիրար չեն տեսներ։

Հեղինակը ապա մանրամասնօրէն եւ ճշգրտօրէն կը նկարագրէ յունիսեան վեցօրեայ պատերազմը, որ կ՛աւարտի արաբներուն պարտութեամբ։ Յաջորդիւ, հեղինակը կը նկարագրէ 2011-ի Սուրիոյ ժողովրդային ապստամբութիւնը, որ աւելի աւեր գործեց քան թէ  նախորդ պատերազմը։

Վիպակին գլխաւոր մասը հինգօրեայ առեւանգումն է՝ իր մղձաւանջներով եւ յուսատու երազներով, որուն հակիրճ կերպով ակնարկեցի քիչ առաջ։ Հոս հեղինակը այնքան հարազատօրէն կը նկարագրէ իր ոդիսականը, որ ընթերցողը կամայ-ակամայ՝ կ՛ապրի անոր ներքին ցաւերն ու յուսահատութեան հասնող տուայտանքը։

Պատմութիւնը կը վերջանայ անակնկալ այցելուի մը՝ իր ազատագրումին համար բերած կարեւոր նպաստով։ Այդ զինուորական կրթեալ սպան սակայն կ՛արծարծէ անցեալին պատկանող հարց մը, որ մտատանջութեան կ՛առաջնորդէ Զաւէնը՝ պատմութեան հերոսը, եւ հին սպիներ կը բանայ իր երբեմնի սիրային արկածախնդրութեան նկատմամբ։

Պէտք է ըսել որ այս վիպակը դիւրընթեռնելի է եւ սահուն լեզուով գրուած, առանց բարդ բառեր գործածելու, եւ հետաքրքրական է թէ իր պատերազմներու նկարագրութիւններով եւ թէ ալ հեղինակին անձնական ապրումներով, դժուար ժամանակներու ընդմէջէն։ Վարձքդ կատար եւ գրիչդ դալար, սիրելի Յակոբ։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img