Հայաստանի ինքնապաշտպանութեան կոմիտէն (5165 շարժումը եւ «Զարթօնք» ազգային քրիստոնէական կուսակցութիւնը) հայրենաբնակ հանրութիւնը հրաւիրած են շտապ հանրահաւաքի հետեւեալ կոչով.
Յարգելի՛ հայրենակիցներ, կառավարութիւնը տուած է իր հրաժարականը այն հիմքով, որ չի վայելեր ազգաբնակչութեան վստահութիւնը: Ժամանակաւոր կառավարութիւնը իրաւասու չէ Հայաստանի Հանրապետութեան անունով ստորագրելու որեւէ փաստաթուղթ, որ կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան, բան մը, որ ՀՀ սահմաններու փոփոխութեան վտանգ կը ստեղծէ: Ակնյայտ է, որ Նիկոլ Փաշինեան գերգաղտնիութեան պայմաններով կը պատրաստուի Ազրպէյճանի հետ ստորագրել Խորհրդային Հայաստանի և Խորհրդային Ազրպէյճանի քարտէզների հիման վրայ ՀՀ-ի եւ Ազրպէճանի միջեւ սահմանագծումի եւ սահմանազատումի համար հիմք ստեղծող փաստաթուղթ: Այս փաստաթուղթի ստորագրումը կը նշանակէ իրաւական հիմքեր ստեղծել միանգամ ընդմիշտ ճանչնալ Արցախը՝ որպէս Ազրպէյճանի անքակտելի մաս: Ուստի, այս կործանարար գործընթացը կանխելու նպատակով Շաբաթ 22 Մայիս 2021-ի ժամը 18.00-ին Շառլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ («Մոսկուա» կինոթատրոնի դիմաց) Հայաստանի ինքնապաշտպանութեան կոմիտէն (5165 շարժումն ու «Զարթօնք» ազգային քրիստոնէական կուսակցութիւնը) կը հրաւիրեն շտապ հանրահաւաքի հետեւեալ պահանջով.
Ժամանակաւոր կառավարութիւնը պէտք է յայտարարէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անունով չստորագրեր ոեւէ փաստաթուղթ, որ հիմքեր կը ստեղծէ զիջիլ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքները:
Հանրահաւաքի ընթացքին, հանրութեան կը ներկայացուին.
- ՀՀ ժամանակաւոր իշխանութիւններու կողմէ բանակցուող փաստաթուղթի բովանդակութեան վերաբերեալ տեղեկատուութիւն եւ վերլուծութիւն,
- Հայաստանի ինքնապաշտպանութեան կոմիտէի գաղափարը, նպատակները, գործառոյթները, գործողութիւններու յետագայ ծրագիրը:
- Ժամանակաւոր կառավարութեան կողմէ պահանջքը չընդունուելու պարագային՝ անհնազանդութեան գործողութիւններու ծրագիրը: