Կիրակի, 16 Մարտի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Նուէր Տանելու Սովորութիւնը

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Միջին Արեւելքի մէջ՝ պատանեկութեանս օրերուն, փոքրիկները նուէր կը ստանային տարին երկու առիթներով, իրենց ծննդեան տարեդարձին եւ կաղանդին։ Այդ նուէրները՝ նկատի ունենալով արաբական երկիրներ նոր հաստատուած հայերու ապրուստի ոչ-բարեկեցիկ պայմանները, կ՛ըլլային անուանական, այսինքն ոչ փարթամ եւ սուղ, հասկնալի պատճառներով։

1976-ին՝ երբ ամերիկա եկայ, նախ մի քանի շաբաթ մնացի Պոսթոն՝ մօրաքրոջս մօտ, եւ ապա տեղափոխուեցայ Լոս Անճելըս, միւս մօրաքրոջս մօտ։ Պոսթոն կար նաեւ հօրաքրոջս աղջկան աղջիկը, իր ընտանիքով։ Տէր եւ Տիկին անոնք մօրաքրոջս մօտ եկան ինծի բարի գալուստ մաղթելու։

Մինչեւ հոս՝ արտակարգ ոչ մէկ երեւոյթ։ Սակայն եկուր տես որ անոնք մեզի եկան տուփ մը շոքոլայով։ Ինծի համար զարմանալի նորութիւն մըն էր այս։ Մի քանի օր ետք՝ մենք գացինք իրենց տունը, փոխադարձ այցելութեամբ։ Այս անգամ ալ մօրաքոյրս շիշ մը ոգելից ըմպելի տարաւ իր հետ։

Ըսին որ սովորութիւն է այս՝ նուէրներու փոխանակումը, ամերիկայի մէջ։ Շատ բարի եւ մենք ընդունեցինք զայս եւ ան դարձաւ մեր սովորութիւնը եւս։ Բայց մէջս արթնցաւ հետաքրքրութիւն մը թէ ուրկէ՞ ծագում առած է այս սովորութիւնը եւ սկսայ պրպտել աղբիւրներ, գոհացում տալու համար տանջուող մտքիս։

Երկու նախատիպարներ յայտնաբերուեցան՝ որոնք մեզի կու գան հեթանոսական շրջաններէն։

Առաջին —  Հին Յունական պատմութեան մէջ՝ մարդիկ կը հաւատային որ չար ոգիներ կը սպառնան ծննդեան տարեդարձ տօնող անձին։ Ուստի, այդ ոգիները խափանելու եւ անոր ուրախ տարեդարձ մաղթելու համար, իր ազգականներն ու բարեկամները նուէրներ կը տանէին:

Երկրորդ —  Երբ Քրիստոնէութիւնը մուտք գործեց ժողովուրդներու կեանքէն ներս, շատ մը հեթանոսական սովորութիւններ ընդելուզուեցան նոր կրօնին մէջ։ Այսպէս, խարոյկ վառելու եւ անոր վրայէն ցատկելու աւանդութիւնը զուգադիպուեցաւ Տեառնընդառաջն, իսկ իրար վրայ ջուր սրսկելու աւանդութիւնը զուգադիպուեցաւ Վարդավառին։ Իսկ ինչո՞ւ, որպէսզի նոր կրօնը հեշտութեամբ ընդունելի ըլլայ նոր հաւատքի մարդոց։

Գալով Քրիստոսի ծննդեան (Christmas) օրուան նուէր փոխանակելու սովորութեան՝ այդ կու գայ երեք մոգերու Բեթղեհէմի մսուրին մէջ նորածին Յիսուս մանուկին զմուռս, կնդրուկ եւ ոսկի տանելու աւանդութենէն։

Բայց Միջին Արեւելքի մէջ՝ մենք նուէրներ կը փոխանակէինք Կաղանդին, որ կը կանխէր Յունուար վեցին զուգադիպող հայկական Սուրբ Ծնունդը։ Իսկ հայկական Սուրբ Ծնունդին ալ, մեր մեծերը մեզի կու տային դրամ՝ որը հաւանաբար կը բխէր մոգերէն մէկուն Յիսուս Մանուկին ոսկի տանելու  աւանդութենէն . . .

Դժբախտաբար ամերիկայի մէջ կաղանդը կորսնցուց իր կարեւորութիւնը որովհետեւ նուէրներու փոխանակումը սկսաւ տեղի ունենալ Դեկտեմբեր 25-ին, Քրիստոսի ծնունդին Արեւմտեան տոմարին համեմատ։ Հոս՝ կաղանդը սկսաւ անցնիլ անշուք, իսկ Քրիստոսի ծնունդին հայկական տարբերակն ալ՝ Յունուար 6-ին, գրեթէ չէզոքացաւ, որովհետեւ ան շատ յաճախ կը զուգադիպի շաբթուան մէջ, որը աշխատանքի օր է բոլորին համար։

Քանի ծննդեան տարեդարձի նուէրներու մասին կը խօսինք, ձեզի պիտի ներկայացնեմ երկու օրինակ՝ թանկագին նուէր մը եւ անախորժ նուէրը մը։

Թանկագին նուէրը կը վերաբերի ամերիկացի նշանաւոր կռփամարտիկ Մայք Թայսընի որ 2013 թուականին ոսկեզօծ (տես նկարը) լոգարան (bathtub) մը նուիրեց իր կնոջ՝ դերասանուհի Ռապըն Կիվընզի։ Այդ լոգարանը կ՛արժէր երկու միլիոն տոլար եւ զետեղուեցաւ իրենց Օհայօ նահանգի շքեղ ապարանքին մէջ։

Անախորժ նուէրը հետեւեալն է։ Մատանի մը որուն ակն է մարդկային աչք (տես նկարը) մը։ Եղբայր, մարդ արարածը կրնա՞յ այսքան ստորնանալ եւ դառնալ անզգայ։ Իսկ այդ մատանին կարելի է գնել Ամազոնէն՝ 15.99 տոլարով . . . Ինծի համար մութ է թէ գնող կա՞յ, կամ աւելի ճիշդ՝ գործածող կա՞յ այդ մատանին!

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img