Լիբանանի Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի կ՛աշխատի յառաջ մղել նախաձեռնութիւն մը եւ կ՛առաջարկէ 24 մասնագէտներէ կազմուած կառավարութիւն մը կազմել: Պըրիի նախաձեռնութիւնը կը պնդէ վեթոյի իրաւունքը ոեւէ մէկուն չշնորհել:
Ըստ դիտորդներու, խորհրդարանի նախագահին առաջարկութեան յաջողութեան բանալին Հըզպալլայի մօտն է, որ ընդառաջելու պարագային կառավարութեան կազմութեան թնճուկը կը հանգուցալուծուի եւ շուտով կառավարութիւն մը կազմուի երկիրը փրկելու վերջնական աղէտէ: