Շաբաթ, 22 Մարտի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Պատմութեան Մէջ այսօր. Ուոլթ Ուիթմըն

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Ուոլթ Ուիթմըն (31 Մայիս 1819, Ուեսթ Հիլզ, Սաֆոլկ շրջան, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ- 26 Մարտ 1892, Քեմդըն, Նիւ Ճըրզի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկացի գրող, թղթակից եւ ակնարկագիր։ Ուիթմըն Ամերիկայի ամէնէն կարեւոր գրողներէն մէկն է, եւ կոչուած է «Ազատ Բանաստեղծութեան Հայրը»: Սկիզբը իր գրութիւններուն մասին մեծ վիճաբանութիւններ ծագած են, մանաւանդ «Լիվզ աֆ Կրաս» (Leaves Of Grass) բանաստեղծութեան վրայ։

Ծնած է 31 Մայիս, 1819-ին, Հոնթիկթըն, Լոնկ Այլընտ։ Ունի 8 քոյր եւ եղբայր։ 4 տարեկան հասակին, ընտանիքը փոխադրուած է Պրուքլին, եւ նիւթական պատճառներով ապրած է տխուր մանկութիւն մը։ 11 տարեկանին օրինաւոր դպրոց սկսած է յաճախել։ Իբրեւ օգնական աշխատած է գրասենեակի մը մէջ, ուր գրաշարութիւն սորված է։

Աւելի ուշ՝ աշխատած է «Լոնկ Այլընտ Սթար» թերթին մէջ։ Թատրոններ յաճախած է եւ իր գրութիւնները ծածկանունով մը հրատարակած՝ «Նիւ Եորք Միրրըր» թերթին մէջ։

16 տարեկանին Նիւ Եորքի մէջ խմբագիրի պաշտօն վարած է։ Մայիս 1836-ին վերադարձած է Լոնկ Այլընտ իր ընտանիքին մօտ։ Մինչեւ 1838 ուսուցչութեամբ զբաղած է, բայց հրաժարելով վերադարձած է Նիւ Եորք։

Նիւ Եորքի մէջ հիմնած է իր անձնական թերթը, որ կոչուած է «Տը Լոնկ Այլընտըր»: Զբաղած է նաեւ հրատարակութեամբ, տպագրութեամբ, նոյնիսկ՝ տունէ տուն թերթիկներ բաժնելով։ 10 ամիս ետք իր թերթը ծախած է E. O. Crowell-ի եւ մեկնած՝ Ճըմէյքա աշխատելու։ Քանի մը տարի ետք, որոշած է բանաստեղծ դառնալ։ 1850-ին սկսած է գրել «Լիվզ աֆ Կրաս» բանաստեղծութիւնը:

1855-ին ան հրատարակած է «Լիվզ աֆ Կրաս» բանաստեղծութիւնը, բայց իր եղբայրը՝ Ճորճը ըսած է, թէ «Անիկա կարդալը չ’արժեր», Ուիթմըն հրատարակած է 795 օրինակ, բայց իր անունը մէկ անգամ յիշած է բանաստեղծութեան տողի մը մէջ։ Աւելի ուշ՝ գիրքին անունը փոխած է «Սոնկ աֆ Մայսելֆ»ի: Բանաստեղծութիւնը ճանչցուած է տարբեր բանաստեղծերու կողմէ եւ դարձած հանրայայտ։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img