Պատրաստեց` ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
– «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը – Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի որոշմանն առնչուած յանձնաժողովի ամբողջական զեկուցագիրը, Ուաշինկթըն, 22 նոյեմբեր 1920», հրատարակութեան պատրաստեց եւ յառաջաբանը հեղինակեց Արա Պապեան, Երեւան, 2021 (թրքերէն):
– Թեքէեան Շարլ-Տիրան, «Քառամեայ պատերազմ Արեւելքի մէջ – Ֆրանս-հայկական գործողութիւնը պատերազմի ընթացքին», Երեւան, 2021 (երկլեզու՝ հայերէն-ֆրանսերէն) (ֆրանսական ծովուժի կողմէ Մուսա Լեռան հայոց փրկութեան գործողութեան ականատեսի վկայութիւններ): Գիրքի հրատարակութեան աջակցած է Հ. Հ.ի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը:
– «Իրաքի հայերը – Գիտաժողովի նիւթեր (29-31 մայիս 2017)», հրատարակութիւն Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի, «Հայկական սփիւռք» մատենաշար թիւ 5, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 2021, 770 էջ (17 x 24 սմ.) (նշուած գիտաժողովին զեկուցումները, ներածական երեք գրութիւններ, զեկուցողներու համառօտ կենսագրութիւնները, հակիրճ տեղեկանք Իրաքի ու անոր հայկական գաղութի պատմութեան մասին, իրաքահայ գաղութի մասին լոյս տեսած գիրքերու ամփոփ մատենագիտական ցանկ, ժողովածուի բովանդակութեան արաբերէն ու անգլերէն ամփոփումներ, գիտաժողովին լոյս ընծայած հաղորդագրութիւնը):
– Կիւզելեան Ասատուր, «Խօսում են նամակները – Յուշ-նամականի», Երեւան, 2021 (լոնտոնաբնակ վաստակաշատ մտաւորականի փոխանակած նամակները հայրենի մշակութային, կրթական եւ հասարակական գործիչներու հետ: Պահպանուած են բնագրային ուղղագրութիւնները՝ դասականն ու աբեղեանականը):
– Հովաղեան Սրբուհի, «Միայն Երկրագունդը կրնայ մեզի օգնել – Հայկական ցեղասպանութեան աքսորականի մը նօթատետրը», խմբագիրներ՝ Ռեմոն-Յարութիւն Գէորգեան եւ Մաքսիմիլիէն Ժիրար, հրատարակիչ՝ Ֆրանսայի ազգային գրադարան, Փարիզ, 2021, 144 էջ (14,5 x 21,9 սմ.) (ֆրանսերէն):
– Յակոբեան Արսէն եւ Մոլլիքա Մարչելլօ, «Սուրիահայերը եւ թրքական գործօնը – Քեսապը, Հալէպը եւ Տէր Զօրը սուրիական պատերազմին մէջ», «Փալկրեյվ Մաքմիլլան» հրատարակչութիւն, 2021, vi + 202 էջ (հասարակական մարդաբանական հետազօտութիւն Լիբանանի եւ Հ. Հ.ի մէջ 2013-2019 թուականներուն սուրիահայ գաղթականերու հետ կատարուած դաշտային աշխատանքի արդիւնքներու հիման վրայ) (անգլերէն):
– «Յիշելով Մեսրոպ Բ. Պատրիարք հայրը», պատրաստող, առաջնորդող խօսքի հեղինակ եւ խմբագիր՝ Յովակիմ աբեղայ Սերովբեան, հրատարակութիւն Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքութեան, Սթամպուլ, 2021, 384 էջ (21 x 21 սմ.) (երջանկայիշատակ պատրիարք հօր կենսագրութիւնը եւ անոր վախճանումէն մինչեւ քառասունքը եղած գրաւոր արձագանգները): Լոյս տեսած է Սահակ արք. Մաշալեան պատրիարքի հրամանաւ եւ օրհնութեամբ:
– «Յուշամատեան Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ – 175-ամեայ տարեդարձին առթիւ», աշխատասիրեց եւ խմբագրեց վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեան, հրատարակութիւն Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի, Երեւան, 2021, 208 էջ (20,6 x 27,7 սմ.) (ՀԱԵ-ի պատմութիւնը, տեղեկութիւններ ՀԱԵ-ի կառոյցներու մասին, շնորհաւորական գիրեր եւ այլն): Գիրքը ձօնուած է ՀԱԵ-ի «բոլոր այն անդամներուն, որոնք Աստուծոյ շնորհքով իրենց հաւատքը անխախտ պահած են անցեալին, անխախտ կը պահեն ներկայիս, անխախտ պիտի պահեն ապագային»:
– Օրֆալեան Սոնիա, «Հայ մանուկներու պատմութիւնները – 1915-1922», իտալերէնէ թարգմանեց Սիլվիա Կուցցի, գործակցութեամբ Ժերար Շալիանի, Ժոէլ Քոթեքի եւ Իվ Թեռնոնի, «Վկայութիւններ» մատենաշար, «Կալիմար» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2021, 224 էջ (11 x 18 սմ.) (Լիպիոյ Սուք էլ-Կումաա քաղաքը ծնած ու մինչեւ 1960-ականներուն վերջը Լիպիա ապրած, ապա Հռոմ հաստատուած հեղինակը կը ներկայացնէ իր հաւաքած՝ ցեղասպանութենէն վերապրած հայ մանուկներու վկայութիւնները հայոց գեհէնէն) (ֆրանսերէն):