Գալուստ Խանենց (Լեւոն Խանեան, 25 Յունուար 1910, Թեհրան, Իրան — 4 Յունիս 1998, Թեհրան, Իրան), իրանահայ գրող։
Նախնական ու միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Ֆրանսական ու պարսկական վարժարաններու մէջ։ 1928-էն սկսեալ իրանահայ եւ արտասահման պարբերականներուն հետ աշխատակցած է՝ ինքնագիր քերթողներու գործերէն թարգմանութիւններով։
1957-1974 անջատ ութ հատորներով հրատարակուած են իր բանաստեղծութիւնները՝ «Ամբողջ Սրտով» (1957) , «Հրաշալի Զօրութիւն» «1972), «Բարեւ Քեզ, Մարդ» (1974, «Հայ Ժողովրդի Վերածնունդը»։ Պարսկերէնի թարգմանուած են՝ «Հրաշալի Զօրութիւն» եւ «Բարեւ Քեզ Մարդ» հատորները:
Իմաստասիրական հակումներու տրամադիր, լեզուական-արտայայտչական ժուժկալութեամբ ուշագրաւ՝ իր բանաստեղծութիւնները մարդկայնական խորք եւ շունչ ունին, կը բարձրանան ընթացքէն վեր եւ երբեմն կը հասնին թելադրական ներուժութեան։
Գալուստ Խանենց, իրանահայ կեանքի 1920-1980 վաթսունամեայ տեւողութեան մէջ՝ քերթողական, թէ՝ արձակ գրական ստեղծագործութիւններու հասարակաց լարը բնութիւնն է, սէրը, ազգային թախիծը եւ գաւառիկ հայրենասիրութիւնը։ Տասնամեակները ոչինչ փոխած են ապրումի, մտածման, զգացական թէ իմաստասիրական այն բաներուն մէջ, որոնք կ՝առնչուին մարդուն կեանքին, եւ առնուազն իրենց արտայայտութեան ձեւին հետ որոշ անձնատպութիւն կը բերեն։ Քիչ անուններ կան, որոնք յանդգնութիւնն ունեցած են կամ ունին թանձր ռոմանթիզմի խոզակը պատռելու եւ խորքի թէ՛ ձեւի ինքնութեամբ մը՝ հասնելու բանաստեղծական որակի: