Երեքշաբթի, 25 Մարտի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Դպրեվանքի 17 Սաներ Ստացան Դպրութեան Եւ Կիսասարկաւագութեան Աստիճան

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ դպրաց եւ կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն՝ ձեռամբ Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանին եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեանին։

Դպրաց աստիճան ստացան հետեւեալ դպրեվանեցիները.- Յակոբ Ճուլֆայեան, Յակոբ Սրապոնեան, Նշան Ասդրեան, Յովսէփ Գալայճեան, Վարդան Թովմասեան, Սարգիս Նահապետեան, Զոհրապ Պչաքճեան, Յովհաննէս Սաղըրեան, Ճորճ Սաղըրեան եւ Քրիստ Փոստաճեան։ Կիսասարկաւագաց աստիճան ստացան-. Յակոբ Ճուլֆայեան, Երուանդ Պիթարեան, Վարդան Ասայեան, Գէորգ Եագուպեան, Երուանդ Սուրէն Եղիայեան, Ներսէս Իսահակեան, Գէրոգ Կրպոյեան եւ Վահէ Ֆիլիքեան։

Ձեռնադրութեան աւարտին, ձեռնադրիչ սրբազանը յորդորելով ընծայեալները՝ ըսաւ, որ գիտակից եւ լուրջ պատասխանատուութիւն պահանջող աստիճանները ստանալէ ետք, հարկ է յանձնառութեամբ մօտենալ այս կոչումին։ Ան նշեց, որ կարեւոր եւ ճակատագրական պայման մը կը ճշդուի ծառայութեան ճամբուն վրայ, որն է Աստուծոյ խօսքը մտիկ ընելը, եւ յիշեցուց, որ պայմանը քանիցս շեշտուած է Քրիստոսի կողմէ՝ մտիկ ընել Աստուածային իմաստութեան եւ ոչ՝ աշխարհի։ «Աստուծմէ եկող մարդակերտ եւ փրկարար հրահանգներուն պէտք է մտիկ ընէք եւ զանոնք կատարէք եւ ոչ թէ աշխարհէն արձագանգող մարդակործան ձայնին ականջ տաք եւ ձեր կիրքերը, ցանկութիւնները, ձեր եսը հետապնդող մղումներու հնազանդիք», ընդգծեց Սրբազան Մակար։ Ան նաեւ յայտնեց, որ Տիրոջմէ տրուած շնորհքը Քրիստոսի պարգեւած փրկութիւնն է եւ եզրափակեց աղօթքելով, որ Ս. Հոգիին պտուղներով ծանռաբեռնուի նորընծաներուն ծառայութեան ծառը։ Այս առիթով, ձեռնադրիչ սրբազան հայրը շնորհաւորեց իր որդիական երախտագիտութիւնն ու շնորհաւորանքը յայտնեք Վեհափառ Հայրեպետը, Դպրեվանքի տեսչութեան ու մեծ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ ձեռնադրեալներու ծնողներուն։

Ապա, Ս. Սեղանին սպասարկութիւնը կատարեցին նորընծայ դպիրներն ու կիսասարկաւագները։

Պատարագի աւարտին, առաջնորդութեամբ ձեռնադրիչ սրբազան հօր, Դպրեվանքի Տեսչութիւնն ու նոր ձեռնադրուած դպիրներն ու կիսասարկաւագները ստացան Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img