Լիբանանի Մինի Ֆութպոլի Բարձրագոյն Լիկայի ախոյեանութեան նախապատրաստութիւններուն ծիրին մէջ, Կիրակի, 30 Մայիս 2021-ին, ՀԵԸ Անդրանիկ դարձաւ Պաալպէք Սփորթ Գլապի հիւրը:
Մեր մարզիկները, մարզիչ Գոգօ Ալլոզեանի գլխաւորութեամբ օթոպիւսով մեկնեցան Պաալպէք: Այնտեղ, անակնկալ մեր մարզիկներուն, Պաալպէք Սփորթ Գլապի պատասխանատուներուն հետ զիրենք դիմաւորեց Լիբանանի առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանը: Մեր մարզիկները ջերմ ընդունելութեան արժանացան Պաալպէքի մէջ, դառնալով հիւրընկալ ակումբին կէսօրուան ճաշի հիւրը:
Նախքան մրցումը, նախարար Համատ Հասան, խօսք առնելով դրուատեց Լիբանանի մարզական կեանքին մէջ ՀԵԸ Անդրանիկի նուաճումները եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց մեր մարզիկներուն:
Բարեկամական մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումը ՀԵԸ Անդրանիկի յաղթանակով աւարտեցաւ՝ 7-6:
Մեր մարզիկները բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան Պէյրութ:
Այս ջերմ ընդունելութեան առթիւ մեր ջերմագոյն երախտագիտութիւնները առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանին եւ Պաալպէք Սփորթ Գլապի պատասխանատուներուն:
