ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Երեքշաբթի, Մայիս 25-ին Լոս Անճելըսի մէջ գործող Իրաքի Հանրապետութեան ԱՄՆ Արեւմտեան Նահանգներու գլխաւոր հիւպատոսարանին մէջ տեղի ունեցաւ իր տեսակին մէջ եզակի գնահատանքի ձեռնարկ մը, գլխաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Իրաքի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոս՝ Դոկտ. Սալուան Սինճարիին։
Մարտ 2021 իրաքահայ ճարտարագէտ՝ Համբարձում Աղպաշեանի հեղինակութեամբ լոյս տեսաւ «Իրաքահայութեան Արդի Պատմութիւնը» խորագիրը կրող արաբերէն լեզուով գրուած, 420 էջնոց շատ հետաքրքրական եւ բովանդակալից հատորը։
Այդ հատորին բացման եւ սրտի խօսք մը գրած էր վսեմաշուք հիւպատոս՝ Դոկտ. Սալուան Սինճարին եւ օրհնութեան գիր մը ղրկուած էր նաեւ իրաքածին հոգեւորականներէն՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ համայն Ֆրանսայի թեմի Առաջնորդ՝ եւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերագոյն Խորհուրդի անդամ՝ Գերշ. Տ. Վահան Արք. Յովհաննէսեանէն։
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Պեվըրլի Հիլզի հիւպատոսարանին շքեղաշուք շէնքին մէջ, ներկայ էին հիւպատոսարանի կողմէ հրաւիրուած Լոս Անճելըսի մէջ գործող ծագումով իրաքցի միութիւններու ներկայացուցիչներ, հայ միութիւններէն ներկայ էին Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան Գալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան եւ Իրաքի ՀԲԸՄիութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հիւպատոսարանի աշխատակազմի անդամներ։
Փոխ հիւպատոս Պրն. Աքիտ Սուտանի բարի գալուստի շատ ջերմ ու սիրալիր խօսքով ողջունեց ներկաները։ Սրտանց շնորհաւորեց մեր հայրենակից՝ ճարտարագէտ՝ Համբարձում Աղպաշեանը, որ նման հոյակապ հատորով մը ծանօթացուց Իրաքի պատուաբեր իր հայ համայնքը։
Գլխաւոր խօսքը վերապահուած էր Պրն. Գլխաւոր Հիւպատոս՝ Դոկտ. Սալուան Սինճարիին, որ մասնագիտութեամբ պատմաբան է եւ Իրաքի համալսարաններու մէջ պատմութեան դասախօս եղած էր։ Ան գնահատանքի շատ գեղեցիկ խօսքերով արժեւորեց Համբարձում Աղպաշեանի այս հատորը, որ շատ գեղեցիկ ձեւով տուած է իրաքահայութեան ընդհանուր պատմութիւնը, ու մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Իրաք ապաստան գտան եւ Իրաքի ժողովուրդին հետ սերտօրէն շաղուած հայութեան կեանքը։
Պրն. Գլխաւոր Հիւպատոսը, յիշեց թէ Իրաքի ժողովուրդը լայնօրէն եւ սիրով իր սիրտը եւ տունը բացաւ գաղթական եւ Ցեղասպանութենէն ազատուած հայերուն, եւ ուրախ էր ըսելու, որ հայերը միշտ ալ երախտագիտութեամբ կը յիշեն ատիկա։ Նմանապէս Դոկտ. Սալուան Սինճարին բարձր գնահատեց Իրաքի ժողովուրդին հայերուն բերած նպաստին համար։ Հիւպատոսին այս խօսքերը խորապէս յուզեցին ներկայ եղողները մանաւանդ ներկայ իրաքահայերը։
Վերջապէս խօսքը տրուեցաւ մեծարեալին՝ Համբարձում Աղպաշեանին։ Ան շատ յուզուած էր, խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Պրն. Գլխաւոր Հիւպատոսին՝ Դոկտ. Սալուան Սինճարին, որ յօժարեցաւ գիրքին բացման խօսքը գրելու։ «Այս հատորը ձեւով մը Իրաքի ազնիւ ժողովուրդին եւ իշխանութեան շնորհակալութիւն յայտնելու արարք մըն է, քանի որ ջարդէն ազատուած մեր ծնողներուն մէջ ըլլալով հայրս՝ Մինաս Աղպաշեան, այդ օրհնեալ երկրին եւ ժողովուրդին հետ ապրելով, կրցանք ողջ մնալ եւ մեր նպաստը բերել հայրենիքի Իրաքին, ժողովուրդին եւ համայն մարդկութեան, ըսաւ Պրն. Աղպաշեան։
Ապա Պրն. Գլխաւոր Հիւպատոս՝ Դոկտ. Սալուան Սինճարի գնահատագրով մը պարգեւատրեց «Իրաքահայերու Արդի Պատմութիւն» գիրքի հեղինակը, շեշտելով եւ յուսալով, որ նման հանդիպումներ յաճախ ստեղծուին հիւպատոսարանէն՝ «Ձեր տունէն ներս»։
Ներկայ եղող հայ միութիւններու ներկայացուցիչները իրենց հերթին, իրենց յուշանուէրներով շնորհաւորեցին Պրն. Աղպաշեանին, որմէ ետք բոլոր ներկաները անցան շատ ճոխ հիւրասիրութեան սեղանին։
Մօտաւորապէս ժամը 12։30-ին վերջացաւ այս գնահատանքի հիւրասիրութիւնը։
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր հայրենակիցը՝ Համբարձում Աղպաշեանին այս գնահատանքին առիթով, նորանոր հրատարակութիւններու մաղթանքներով։