Ի գիտութիւն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին, այսու պաշտօնապէս կը տեղեկացը-նենք, որ Չորեքշաբթի, Յունիս 16, 2021-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան Խառն Ժողովը, փիլոնազուրկ հռչակեց Սուրբ Նշան Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Մկրտիչ Ա. Քհն. Քէշիշեանը, որ կասկածելի պայմաններով սեփականացուցած է իր հոգեւոր խնամքին ենթակայ տարեց հայուհիի մը բնակարանը։
Ուստի, թուականէս սկսեալ, ան մաս չի կազմեր Լիբանանի Հայոց Թեմի հոգեւորա-կանաց դասուն եւ կը զրկուի իր ունեցած բոլոր պարտականութիւններէն ու իրաւունք-ներէն։
Հայ Եկեղեցւոյ բեմին վրայ կրնան մնալ այն հոգեւորականները, որոնք կը հետապնդեն ու կը պաշտպանեն մեր Եկեղեցւոյ շահը։
Յունիս 16, 2021
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ