Քանի մը տարիներ առաջ, Պուրճ Համուտի գերեզմանատան գլխաւոր մուտքը յարդարելու եւ ընդհանուր հանրութեան համար քիչ մը աւելի ներկայանալի վիճակ ստեղծելու դիտումով, կարգ մը բաժիններ ծածկուեցան արուեստական խոտով (կազոն)։ Այնուհետեւ, ոմանք առիթը օգտագործելով, առանց Առաջնորդարանի թոյլտուութեան եւ առանց հետեւանքները կշռելու, իրենց ընտանեկան դամբարանները սկսան ծածկել կազոնով։
Կազոնը կրնայ վայելուչ երեւիլ, սակայն դժբախտաբար, շատ դիւրավառ նիւթ է եւ որեւէ պատճառով կրնայ բռնկիլ ու ամբողջ գերեզմանատունն ու շրջապատը հրդեհել: Ուստի, նկատի ունենալով որ գերեզմանատան մէջ մնայուն կերպով մոմ ու ածուխ կը վառենք, բացարձակապէս կ՛արգիլուի գերեզմանատան մէջ կազոնի գործածութիւնը:
Հետեւաբար, վստահելով մեր ժողովուրդի հասկացողութեան, կը թելադրենք, որ առաւելագոյնը մինչեւ երեքշաբթի, 31 Օգոստոս 2021, դամբարաններուն վրայէն ամբողջովին վերցուին կազոնները:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ