Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Աշխարհը Եւ Հայերը Այս Տասնօրեակին

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ

Անցնող, բայց տակաւին չաւարտած այս տասնօրեակը ուշագրաւ էր համաշխարհային քաղաքական անցուդարձերու առումով:

Թուարկեմ միքանին խոշորագոյն իրադարձութիւններէն.-

ա) Գերզարգացած եւ ‘ակումբ’ գոյացուցած 7 պետութիւնները աշխարհին՝ Մ. Նահանգներ, Միացեալ Թագաւորութիւն, Ֆրանսա, Գերմանիա, Իտալիա, Ճափոն եւ Քանատա հաւաքուեցան ու իրենց քաղաքական շահերուն համապատասխան ներդաշնակ ծրագրեր մշակեցին, որոշումներ կայացուցին:

բ) Մ. Նահանգներու եւ Ռուսաստանեան Դաշնային Հանրապետութեան պետերը գլուխ գլխի հանդիպեցան եւ քննարկեցին իրենց խնդրայարոյց հարցերէն — տուեալ պահուն յարմարող — ամէնակարեւորները:

գ) Վիեննայի մէջ Իրանի հետ հիւլիական ուժանիւթին շուրջ բանակցութիւնները լաւատեսական սկսան դառնալ:

դ) Թուրքիոյ վարչապետը իր երկիրը նոր յաւակնութիւններու ներկայացուց:

ե) Երկրագունդի բնապահպանութեան խնդրով դրական նոր տրամադրութիւններ բարձրաձայնուեցան:

զ) Covid-19 համաճարակի փորձառութեան լոյսին տակ վերոյիշեալ եօթնեակը նախազգուշական քայլերու ծրագրային ուղեգիծ նախաձեռնեց:

է) Բացայայտօրէն դրսեւորուեցան եօթնեակին հակա-Չինաստան ընթացքը եւ ճիգը՝ սիրաշահելու Ռուսաստանն ու Իրանը:

Ը) Multinational Corporationsը ենթակայ դարձան աննախընթաց տուրքերու:

Յստակ էր սակայն, որ եօթնեակը + Իրանը, Ռուսաստանը, Թուրքիան + երկիրներ որոնք իբրեւ դէտ կամ մասնակի մասնակիցներ, կողմնակի կամ լուսանցքէն բանակցողները իրարու հետ մեղր ու կարագի վիճակին մէջ չէին:

Ընդհակառակը, զուլալ ջուրի պէս յստակ էր, որ այս պետութիւններն ու իրենց բանակցող առաջնորդները շատ հարցերու մէջ իրար հակասող, հակադրուող կեցուածքներու եւ շահերու մէջ խրամատաւորուած էին:

Ո՛չ մէկ կեցուածքի մէջ կողմերը բացարձակապէս նոյն դիրքն ունէին: Յիրաւի, այս տասնօրեակի դէպքերը բացայայտեցին բազմակարծութեան բացառիկ օրինակ մը:

Ժողովներուն մասնակիցները, սակայն չկռուեցան, չհայհոյեցին, չգռեհկացան. իրենց բանավէճերը պահպանեցին պատշաճութեան, իրենց քաղաքակրթութեան ու ազգային մշակոյթին յարիր մակարդակներուն վրայ:

Նոյնիսկ նախագահ Էրտողանը՝ իր օսմանեան մշակոյթին յարիր ընթացք ունեցաւ…

Միտքիս մէջ պարզ, տարրական հարցումներ յառաջացան իտես այս տասնօրեակի պատկերին.-

  1. Վերոյիշեալ դէմքե՞րը աւելի մեծ շահեր, խնդիրներ, անհամատեղելի կեցուածքներ ունին, թէ՞ Կիրակի օր տեղի ունենալիք Հայաստանեան ընտրութիւններուն թեկնածուները…:
  2. Այս երկու խումբերէն ո՞ր խումբի անձերը աւելի ամէն տեսակի նմանութիւններ ունին. հայաստանեան ընտրապայքարի թեկնածունե՞րը, թէ՞ ռուս-թուրք-իրանցի-իտալացի-ամերիկացի-ֆրանսացի-գերմանացի-քանատացի-ճափոնցի-անգլիացի եւ այլ դէմքերը:
  3. Այս տասնօրեակին, եօթնեակը եւ միւսները կրցան կանոնաւորել իրենց համաշխարհային տարողութեամբ տարակարծութիւնները, պարունակի մէջ դնել զանոնք: Անցնող տասնամեակի փոթորիկները-հակադրութիւնները (կամ անոնց կարեւոր մէկ մասը) ետ դրուեցան  Փանտորայի Տուփին մէջ:
  4. Մե՞նք լաբիւրինթոս սարքեցինք:
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img