ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ
Այո՛, Երեւանն է խօսում:
Այն Երեւանը որուն 2800ամեակը վերջերս նշուեցաւ:
Այն Երեւանը, որուն շեշտակի, ամուր, հնչեղ եւ կարօտալի ձայնը լսելու համար, Պէյրութի մէջ պաղ պատերազմի մութ ու չար օրերուն անտեսանելի անկիւններ կը խցկուէին:
Այն Երեւանը, որուն ֆութպոլի Արարատ խումբին խաղերը լսելու համար տարբեր տարիքի տղամարդիկ կը կուտակուէին րատիոյին գլխուն:
Այն Երեւանը, որուն քայլերգային երաժշտութիւնը Պէյրութի մեր երթը կ’ուղղէր, մեր մէջքը կը շտկէր, մեր հոգին կը բանար եւ մեր երազը կը շոյէր:
Այո՛, Երեւանն է խօսում:
Այն Երեւանը որուն ի՜նչ օրօրոցայիններ ենք երգեր մեր հոգիներուն խորունկներէն:
Այն Երեւանը, որ եկեր էր փոխարինելու հայոց նախկին բոլոր մայրաքաղաքները եւ իր մէջ խտացնելու զանոնք:
Այն Երեւանը, որ ինչպիսի՜ մխիթարանքներ էր տուեր մեզի՝ Սփիւռքի մեր տաք ու պաղ օրերուն:
Այն Երեւանը զոր ունինք իբրեւ գերագոյն հանգրուան:
Այո՛, Երեւանն է խօսում:
Այն Երեւանը, ուր նոր հայութեան խանձարուրը կը մշակուի:
Այն Երեւանը, ուր հայը կը կամրջուի իր էութեան:
Այն Երեւանը, ուր հայութիւնը կը դառնայ համաստեղութիւն:
Սակայն այսօր Երեւանի խօսոյթը զիս չի՛ հրապուրեր:
Չի՛ ներշնչեր լաւատեսութեամբ:
Չի՛ խոստանար էպիքական լուսաբաց:
Այս խօսոյթի տէրերը չեն լսած Կոմիտաս,
Ծանօթ չեն Սասնայ Դաւիթին,
Կ’անգիտանան հայ մշակոյթի, քաղաքակրթութեան ոգիին,
Զարտուղին ու անազնիւն են Հայ Մարդուն…
Չէ, Երեւանը չի՛ խօսում:
Սա Երեւանի խօսքը չէ՛:
Ես Երեւանը կը փնտռեմ: