Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը Լիբանանի մէջ ուսուցչական վերաորակաւորման նոր ծրագիր մը նախաձեռնած է։ Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանին (LAU) հետ գործակցաբար, Հիմնարկութիւնը նեցուկ կը կանգնի հայկական դպրոցներուն մէջ հայերէնով դասաւանդող ուսուցիչներու յատկացուած վերաորակաւորման ծրագրին։
2019-ին Հիմնարկութիւնը Լիբանանի համար նախատեսուած համընդհանուր ռազմավարութիւն մը մշակած էր, կիզակէտ ունենալով՝ դպրոցները, դաստիարակչական զարգացումը եւ հայերէնի ամրապնդումը։ Այդ ռազմավարութեան կարեւոր բաղադրիչներէն մէկն է ուսուցիչներու ուղղուած յատուկ ծրագրի մը անհրաժեշտութիւնը, քաջալերելու համար նորարար մանկավարժական մօտեցումներն ու քննադատական մտածողութիւնը։
Յայտագիրը պատրաստուած է Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի կրթական բաժանմունքին կողմէ եւ պիտի ընդգրկէ երկու տարուան վրայ երկարող դասընթացք մը, տեսական եւ գործնական բաղադրիչներով։ Դասաւանդուելիք նիւթերէն կարելի է նշել հետեւեալները՝ դասաւանդման եղանակներ, մանկավարժական տեսաբանութիւն, մանկական հոգեբանութիւն, յատուկ կրթութիւն եւ ուսումնառութեան ընթացքի գնահատում։ Ծրագիրը նաեւ կը բովանդակէ ծաւալուն կիրառական բաժին մը, որ պիտի քաջալերէ ուսուցիչները, որպէսզի իրենց նորայայտ գիտութիւնը կիրարկեն դասարաններէն ներս։
«Ուսուցիչներուն կատարած հերոսական աշխատանքը չի բաւեր գովաբանել», կ՚ըսէ Ռազմիկ Փանոսեան, Հայկական բաժանմունքի տնօրէնը։ «Պէտք է իրենց անհրաժեշտ հմտութիւն եւ մանկավարժական գիտելիքներ հայթայթել, որպէսզի իրենց կարգին ներգրաւեն աշակերտները՝ քայլ պահելով 21-րդ դարու մանկավարժական պարտադրանքներուն հետ»։ Ու կ՚աւելցնէ. «Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի ծրագիրը վճռական քայլ մըն է այդ ուղղութեամբ։ Գալիք սերունդներուն հայերէն դասաւանդելու իրենց կարողութիւնը զարգացնելով, ուսուցիչները պիտի քաջալերեն աշակերտները, որպէսզի արեւմտահայերէնով մտածեն, հաղորդակցին, յայտնաբերեն իրենց տաղանդը ու ստեղծագործեն»։
Վերաորակաւորման ծրագիրը պիտի սկսի 2021-ի աշնան։ Պիտի ըլլայ անվճար, բայց նախատեսուած մասնակիցներու թիւը սահմանափակ է։ Հետաքրքրուող ուսուցիչները պէտք է դիմեն ուղղակի Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանին։ Ընթացքը յաջողութեամբ աւարտողները համալսարանէն պիտի ստանան համապատասխան վկայական մը։
Դասընթացքի աւարտին, ուսուցիչներուն ուղղուած գրքոյկ մը պիտի հրատարակուի, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով։
Ուսուցիչներու վերաորակաւորման այս ծրագիրը Լիբանանի մէջ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան ներդրումին գլխաւոր բաղադրիչներէն մէկն է, այլ նախաձեռնութիւններու կողքին։ Հիմնարկութիւնը նաեւ տրամադրած է նիւթական նպաստ եւ համակարգչային գործիքներ՝ ուղղակի դպրոցներուն, հայերէնով նորարար մշակոյթ քաջալերող մրցանակներ, մարդասիրական օժանդակութիւն, յատուկ կրթութեան ուղղուած օգնութիւն, համալսարանական կրթաթոշակներ, մանկավարժական կամ լեզուական զանազան նախաձեռնութիւններու յատկացումներ։
Այս ծրագիրին եւ այլ նախաձեռնութիւններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել այս կայքէջը https://gulbenkian.pt/armenian-communities եւ անդամագրուիլ մեր լրատուին։