Ընկերային ծառայութիւններու մէջ մեծ նուիրում ունեցող Լիբանանցի հոգեւորական Մաժտի Աալաուի որդին՝ Մաթիոն մահացած գտնուած է իր բնակարանին մէջ։
Մինչեւ հիմա յայտնի չեն երիտասարդին մահուան իսկական պատճառները եւ նոյն առումով անոր ընտանիքը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, հանրութենէն խնդրելով լռութիւն պահել իրենց որդւոյն մահուան պատճառները քննարկելու վերաբերեալ։
Յիշեցնենք, որ Մաժտի ոչ-քրիստոնեայ համայնքի անդամ լիբանանցի մըն է, որ ինքզինք նուիրած է եկեղեցական ծառայութեան։ Ան մկրտեալ քրիստոնեայ դարձած է ու ստացած հոգեւորականի կոչում եւ մեծ ճանաչում ունի շնորհիւ ընկերային ոլորտին մէջ իր ծաւալած աշխոյժ գործունէութեան։
Նշենք նաեւ, որ Աալլաուի, քարոզախօսական նպատակներով այցելութիւն տուած էր Հայաստան եւ եղած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հիւր- քարոզիչը։