Շնորհք Պէրպէրեան (1895 — 25 Յունիս 1927, Կ. Պոլիս), հայ բժիշկ, վիրաբոյժ։
Ծնած է 1895 թուականին։ Ստացած է բժշկական կրթութիւն եւ որպէս մանկաբարձ-վիրաբոյժ աշխատած՝ Կ. Պոլսոյ պուլկարական ու հրէական հիւանդանոցներու մէջ։
1925 թուականին Շնորհք Պէրպէրեան՝ որպէս վիրաբոյժ ու մանկաբարձ, աշխատած է Կ. Պոլիս, Բանկալթի, Պէօյիւ Քտերէ ճատտէսի-46 հասցէին գտնուող բուժարանին մէջ։
Մահացած է 1927 թուականի Յունիս 25—ին Կ.Պոլսոյ մէջ՝ զոհ երթալով մասնագիտութեանը։