Վեհափառ Հայրապետը հրաւէր ստացաւ որպէս գլխաւոր դասախօս մասնակցելու G20 երկիրներու պետերուն հանդիպման նախօրեակին տեղի ունենալիք միջազգային ֆորումին: Նորին Սրբութիւնը պիտի խօսի «Կրօնի դերը տագնապներու լուծման գծով յատկապէս արաբական աշխարհի մէջ» նիւթին շուրջ:
G20 Ֆորումը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին մէջ, 12-14 Սեպտեմբեր 2021-ին, որուն պիտի մասնակցին կրօնական, գիտական, տեղեկատուական, ակադեմական եւ այլ մարզերու առնչուած բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ: