Երկուշաբթի, 9 Սեպտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Մաքրիկ Մօրաքս

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ

— Հեռուէ՜ հեռու, խելքէդ միտքէդ չանցած տեղէ մը լուր մը պիտի ստանաս: Մօրաքս, հեռաւորութեան չափը լաւ շեշտելու համար, բառերը կ’երկնցնէր, եւ ձախ թեւը բարձրացնելով, օդին մէջ կը շարժէր քանի մը անգամ:

Յետոյ իրմէ քիչ մը հեռու բռնած սուրճի գաւաթը մատներուն մէջ կէս շրջան կը դարձնէր, եւ քիչ մը դիմացինին, քիչ մըն ալ կարծես ինքզինքին հարցնելով, բարձրաձայն կը շարունակէր

— Տասնըհինգ օրէ՞ն ըսեմ…մէկ ամիսէ՞ն ըսեմ լուր մը պիտի ստանաս….

Յետոյ կը կենար եւ լուռ կը դիտէր գաւաթին թանձրացած սուրճի դիրտը: Անկէ վերջ գաւաթը մօտեցնելով տիրոջ, ըսածը հաստատելու համար, «Ահա տե´ս», կ’ըսէր ու ձախ ճկոյտով յատակը նստած, կամ երբեմն ալ պատերուն փակած, մարդու կերպարանքով բան մը կը ցուցնէր….

Ես կը սիրէի մտիկ ընել կարդացածը : Կը սիրէի մանաւանդ գաւաթս քննելու իր ձեւը եւ որոշ չափով ալ կը հաւատայի ըսածներուն, որովհետեւ գիտէի որ նիւթական որեւէ ակնկալութիւն չունէր այդ ըրածով:

Այն օրերուն ես ազատ էի մտահոգութիւններէ: Դպրոցիս դասերը դժուար չէին:

Աւելի ճիշդ` դժուար չէին այնքան ատեն երբ քնութիւնները դեռ հեռու էին:

Բայց երբ մօտենալ սկսէին, երբեմն ուրիշներու պատահածին պէս, սեւ ամպեր ի՛մ ալ գլուխս կը հաւաքուէին:

— Վրէժը, Զարեհը, Խաչիկը, ես….

Դասարանին մէջ մրցակցութիւնը զօրաւոր էր, եւ ամէն մսական փորձի ես կը մտահոգուէի : Բայց կը հաւատամ որ ինձմէ զատ միւսներն ալ իրենց մտքի հանգիստը կը կորսնցնէին :

— Բնական է, ո՞վ կ’ուզէր իր տեղը մրցակիցին կորսնցնել…

Ես չէի գիտեր թէ Վրէժը, Զարեհը, կամ ալ Խաչիկը սուրճի գաւաթէ հասկցող մօրաքոյրեր ունէի՞ն թէ ոչ: Բայց ես ունէի, եւ քննութիւններէս քանի մը օր առաջ «Մենիկ» ին հետ խաղալու պատրուակով, կ’ուզէի ա՛նպայման մօրաքրոջս տունը այցի երթալ: «Մենիկ» ը, ինչպէս մօրաքս սովոր էր կանչել, իր աղջիկն էր: «Մենիկ» ը կամ բուն անունով Մատլէնը, խաղերուս ընկերն էր եւ ինծի տարեկից:

Բայց այցելութեան բուն նպատակս, անոր հետ խաղալէն զատ, ուրիշ ալ էր : Մօրաքս, առանց մտահոգութիւններէս լուր ունենալու, ուրիշ օրերու պէս գաւաթս կ’առնէր եւ վայրկեան մը դիտելէ վերջ

— Տղա´ս, մէջդ հոգ մը կայ …. կ’ըսէր:

Միշտ չէ, բայց փորձով գիտէի, որ եթէ բան մը գիտնար, շիտակ կը գիտնար..

— Բախտո՞վ էր արդեօք….

Չէի գիտեր:

Բայց այն ժամերուն ես կը սպասէի որ մէջիս մտահոգութիւնը գիտնալէն զատ, սիրտս հանդարտեցնող ուրիշ խօսքեր ալ ըսէր: Իր մասնագիտութիւնն էր ատիկա: Ամէն անգամ երբ տեսնէր որ «թշնամի» մը գէշութիւն ընել կ’ուզէր գաւաթին տիրոջ, անմիջապէս տեղէ մը «երկայնի վրայ, գեղեցիկ, ճերմակ դէմքով» եւ ամէն չարիք չէզոքացնող ազատարար պաշտպան մը մէջտեղ կը հանէր, որ կացութիւնը կը փրկէր եւ վտանգը կը հեռացնէր:

Անկէ վերջ, մօրաքս ամէն անգամուան պէս, ձախ ձեռքի ճկոյտով

— Ահա տե´ս,- կ’ըսէր եւ ըսածը հաստատող բան մը կը ցուցնէր դիմացը նստողին….

Յետոյ գաւաթը անգամ մըն ալ կը դարձնէր եւ այնքան բաներ կը պատմէր, որ շատ անգամ կը զարմանայի, թէ ինչպէ՞ս պզտիկ գաւաթի մը մէջ այդքան բան կրնար գրուած ըլլալ…

Մօրաքս դպրոցի երես տեսած չէր: Գիտցածը պզտիկութեան, որբանոցին մէջ սորվածն էր:

Իսկ սուրճի գաւաթ կարդալն ալ ուրկէ՞ սորված էր չեմ գիտեր:

— Մինակս … մինակս սորված եմ,- կ’ըսէր ամէն անգամ երբ

հարցնէինք:

Քոյրս, եղբայրս եւ ես, երբեք չէինք կշտանար պատմածներէն: Իսկ մօրաքս տեսածները համեմուած ներկայացնելու արուեստը շատ լաւ գիտեր:

Սակայն մենք միշտ աւելին կ’ակնկալէինք իրմէ:

Դիմացը ծալապատիկ նստած՝

— Ուրի՞շ, ուրիշ ի՞նչ կայ մօրաք,- կը հարցնէինք երեքս միասին:

— Ուրիշ ի՞նչ կ’ուզէք, ալ բան չմնաց,- կ’ըսէր:

Յետոյ ձայնին մէջ կեղծ բարկութեան շեշտ մը դնելով, կ’աւելցնէր

— Գացէ´ք, ալ «ինծիս» հանգիստ ձգեցէք….

Բայց մօրաքս բարի էր : Մենք գիտէինք, քովէն չէինք հեռանար եւ դէմքէն կախուած՝ կը սպասէինք.:

Քիչ վերջ, ձեռքին մէջ դեռ պահած գաւաթը մատներուն ծայրերովը անգամ մըն ալ կը դարձնէր եւ յատակը նստած սուրճի դիրտը դարձեալ աչքէ կ’անցնէր…:

Քամփինաս — Պրազիլ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img