Շաբաթ, 5 Հոկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Մշակութային Արձագանգ. Նոր Հրատարակութիւններ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

– Ազատեան Երուանդ, «Ազգային-քաղաքական յորձանուտի մէջ», Ա. գիրք, Երեւան, 2021 (հրապարակագրական յօդուածներու ժողովածու):

– Բախչինեան Հենրիկ, «Սայաթ-Նովայի կեանքը», «ՎՄՎ-փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021 (ականաւոր աշուղ-բանաստեղծի կեանքին համապարփակ ներկայացումը): Հատորը լոյս տեսած է Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեաններու մեկենասութեամբ:

– Գաթրճեան Աւօ, «Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը», հրատարակութիւն «Ազդակ» օրաթերթի, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2021, 528 էջ («Ազդակ»ի մէջ հրատարակուած յօդուածներու ժողովածու՝ հարիւրական պատմական դէպքեր, դէմքեր, ականաւոր դէմքերու յուշ-պատգամներ, նաեւ՝ ՀՀ-ի կերտման նուիրուած երգեր): Գիրքը լոյս տեսած է երեսփոխան Յակոբ Բագրատունեանի նիւթաբարոյական աջակցութեամբ՝ ի յիշատակ իր ծնողներուն՝ Յակոբի եւ Անահիտի:

– Եկաւեան Տիգրան, «Արեւելքի փոքրամասնութիւնները – Պատմութեան կողմից մոռացուածները», ֆրանսերէնէ թարգմանիչ եւ ծանօթագրող՝ Գրիգոր Ջանիկեան, խմբագիր, ծանօթագրող եւ ցանկերու կազմող՝ Գէորգ Եազըճեան, «Աքթուալ արթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021, 280 էջ (13,7 x 20,9 սմ.) (Արաբական Արեւելքի երկիրներու եւ Թուրքիոյ քրիստոնեայ եւ եզիտի հաւաքականութեանց աղէտալի վիճակը յատկապէս վերջին տասնամեակին, մեծ պետութեանց խոստմնադրժութիւնները պատմութեան ընթացքին, օգտագործուած գրականութեան, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր, հեղինակին կենսագրութիւնը): Հեղինակը գիրքը ձօնած է իր հօրը՝ Զաւէն Եկաւեանին:

– Խտըրեան Սենեքերիմ, «Համառօտ պատմութիւն Կեսարիոյ Նիրզէ գիւղի», հայերէնէ թարգմանութիւնը, խմբագրումը, ծանօթագրումները եւ յառաջաբանը՝ Ժիրայր Լիպարիտեանի, հրատարակիչ՝ «Կոմիտաս» հիմնարկ, Լոնտոն, 2021, xiv + 90 էջ (29,7 x 41,9 սմ.) (լուսանկարներ, աղիւսակներ, քարտէս) (անգլերէն):

– Կեսթերն Հելէն, «Արմէն Լիւպէն – Աքսորը եւ գրուածքը», «Առլէա» հրատարակչութիւն, Փարիզ, մարտ 2020, 632 էջ (14,5 x 21,2 սմ.) (Շահան Շահնուրի ֆրանսերէն գործերու ներկայացումն ու վերլուծումը՝ ֆրանսացի գրողներու հետ անոր կապերու ծիրին մէջէն դիտուած) (ֆրանսերէն):

– «Հայ մամուլի դերը ազգային արժեհամակարգի ձեւաւորման եւ պահպանման գործում – Ընտանիք, հայրենիք, եկեղեցի. Ազդարար-225», կազմող՝ Հայկանուշ Ղազարեան, խմբագիր՝ Ալպերթ Խառատեան, Երեւան, 2020, 318 էջ (հայկական մամուլի 225-ամեակին նուիրուած գիտաժողովի նիւթերու ժողովածու՝ 28 յօդուած, 2 ելոյթ, 1 հաղորդում):

– Յակոբեան Թաթուլ, «Մահուան հովիտը – 44-օրեայ աղէտ – 27 սեպտեմբեր-10 նոյեմբեր», հրատարակիչ՝ Հայկական ուսումնասիրութիւնների Անի կենտրոն, Երեւան, 360 էջ, 2020 (հայերէնը), 2021 (անգլերէնը, թարգմանիչ՝ Արսէն Խառատեան) (2020-ի աշնան հայ-թրքական պատերազմի օրագիր եւ նկարագրութիւն) (հայերէն եւ անգլերէն առանձին հրատարակութիւններ):

– «Յովհաննէս Թումանեան – Հանրագիտարան», գլխաւոր խմբագիր՝ Յովհաննէս Այվազեան, Հայկական հանրագիտարան հրատարակչութիւն, Երեւան, 2020, 1224 էջ (17 x 24,6 սմ.) (տեղեկութիւններու շտեմարան Յ. Թումանեանի մասին, Թումանեանի ստեղծագործութիւններու, անձնանուններու եւ տեղանուններու, օգտագործուած հիմնական գրականութեան եւ համառօտագրութիւններու, հանրագիտարանի յօդուածներու հեղինակներու ցանկեր, հազարաւոր սեւ-սպիտակ եւ գունաւոր պատկերներ):

– Ուրաս Պիւքէ, «Պալեաններ – Օսմանեան ճարտարապետութիւնը եւ Պալեաններու դիւանը», նախագիծի համակարգողներ, ներածականներու հեղինակներ եւ հրատարակութեան մեկենասներ՝ Արսէն Եաման եւ Գէորգ Էօզգարակէօզ, եւս մէկ ներածութիւն՝ Հայճար միութեան (Հայ ճարտարապետներու եւ երկրաչափներու միութիւն), «Քորփուս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2021, 352 էջ (օսմաներէն դիւանական փաստաթուղթերու թարգմանութիւններ, գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ 155 լուսանկար, Պալեաններու տոհմածառը եւ անդամներու կենսագրութիւնները, օգտագործուած գրականութեան, անձնանուններու, տեղանուններու եւ շինութիւններու ցանկեր) (անգլերէն եւ թրքերէն առանձին հրատարակութիւններ): Երկու հրատարակութեանց գլխաւոր մեկենասն է Հայճար միութիւնը:

– Չոլաքեան Յակոբ, «Սուրիահայ դպրոցի պատմութիւն», Ա. եւ Բ. հատորներ, խմբագիր եւ անուանացանկերու կազմող՝ Գէորգ Եազըճեան, ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի հրատարակչութիւն, «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2021, 648 + 608 էջ (17 x 24 սմ.) (շուրջ 400 սուրիահայ միօրեայ կամ այլաբնոյթ դպրոցներու համառօտ պատմութիւնը, քարտէսներ, վաւերաթուղթեր, սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր բազմաթիւ լուսանկարներ, օգտագործուած գրականութեան, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր, անգլերէն ամփոփում, հեղինակին կենսագրութիւնը): Տպագրուած է ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդին որոշումով եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ:

– Պարսումեան-Տատոյեան Սեդա, «Իսլամը հայ գրական մշակոյթին մէջ. բնագիրներ, համաշարադրանքներ, յարաշարժութիւն», «Փեթերս» հրատարակչութիւն, Լիւվեն – Զուիցերիա, 2021, 384 էջ (անգլերէն):

– Պօղոսեան Խաչատուր աւագ քահանայ, «Յուշերս Արաբ Բունար Քոպանիէն», տպարան Centre Littéraire d’Impression Provençal, Լը Ռով – Ֆրանսա, դեկտեմբեր 2020 (յուշեր Հիւսիսային Սուրիոյ այսօր գրեթէ ամբողջովին հայաթափուած Արաբ Բունար – Այն էլ-Արապ – Քոպանի քաղաքէն, յատկապէս անոր հայկական գաղութէն):

– Սիմոնեան Նանար, «Յակոբ Կարապենցի ստեղծագործութիւնը», Երեւան, 2021 (գրականագիտութիւն): Գիրքը լոյս տեսած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ:

– Տէտէեան Ժերար, Տեմիրճեան Ակօ, Սալեհ Նապիլ, «Հայոց ցեղասպանութեան արդարահատոյցներն ու երախտաւորները», յառաջաբանը՝ Իվ Թեռնոնի, «Նուվել էտիսիոն Կէօթներ» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2021, 462 էջ (16 x 24 սմ.) (ֆրանսերէն):

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img