ԿԱՅԱՑԱՒ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2020-2021 ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ
Յառաջիկայ տարեշրջանին վարժարանը պիտի ունենայ FRANCE EDUCATION-ի կարգավիճակ
Ընկերային պոռթկումներ, դրամական տագնապ, խելայեղ սղաճ, անգործութիւն, քորոնա վարակ, օգոստոսեան աղետ, Արցախեան ողբերգութիւն….այս բոլորը, շարունակաբար կամ յստակ ժամանակամիջոցի մը մէջ, ինչպէս ամբողջին, նոյնպէս եւ Մեսրոպեանի կրթական ընտանիքին բաժին հասան անցած մօտ երկու տարուան ընթացքին, կազմակերպական, նիւթական եւ հոգեբանական գետիններուն վրայ խորապէս ազդելով անոր գործունէութեան վրայ եւ դաժանօրէն պայմանաւորելով զանոնք, մանաւանդ մատղաշ՝ ամենազգայուն սերունդի ներկայացուցիչներուն պատճառուած բազում հարուածներով եւ ցնցումներով:
Այս խորապատկերին վրայ, 3 Օգոստոս 2021-ին տեղի ունեցած Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աւարտական հանդէսը իր ամբողջութեան մէջ կարծես հնչեց որպէս պատասխան՝ մեզ պատուհասած ու տակաւին շարունակուող տագնապներուն, այն մասին, որ այս վարժարանը, որպէս մէկ անդամը լիբանանահայ կրթական ընտանիքին, ոչ միայն հաստատ կանգուն է իր առաքելութեան ճամբուն վրայ, այլ հայեացքը յառած կը շարունակէ պահել զարգացումի եւ յառաջդիմութեան բարձունքներուն, լի՝ զանոնք նուաճելու վճռականութեամբ:
Հանդէսը տեղի ունեցաւ Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր դասի եւ տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն ու սահմանափակ թիւով հրաւիրեալներու ներկայութեան, համաձայն քորոնա վարակի տարածման դէմ կանխարգելիչ պայմաններուն:
Աւարտական դասարանի աշակերտներու բացման եւ յաւուր պատշաճի խօսքերէն եւ գեղարուեստական ելոյթներէն ետք, ուսուցչական կազմին անունով խօսք առաւ Իլհամ Սալլում, որ աշակերտներուն թելադրեց ներկայ պահը ընկալել մանաւանդ իբրեւ նոր ճանապարհորդութեան մը սկիզբը, որ զիրենք պէտք է տանի անձի եւ հաւաքականութեան զարգացման ճանապարհով՝ հասցնելու համար կեանքին մէջ լիարժէք կայացման:
Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր խօսքը սկսաւ յարգանքի տուրք մատուցելով վարժարանի նախկին շրջանաւարտ Ճեսիքա Պեզճեանին, որ մէկ տարի առաջ՝ Օգոստոս 4-ի Պէյրութի պայթումին զոհ գնաց պարտականութեան ճամբուն վրայ՝ իբրեւ հիւանդապահուհի: Տնօրէնը յայտնեց, որ առ ի յարգանք վաղամեռիկ Ճեսիքային եւ անոր զոհողութեան, 2020-2021 աւարտական սերունդը պիտի կոչուի անոր անունով:
Պարոն Գալուստ շրջանաւարտներուն ուղղուած իր թելադրանքները ամփոփեց հինգ կէտերու մէջ. ան կոչ ուղղեց ըլլալ աշխատասէր, հաւատարիմ՝ Աստուծոյ, հայութեան, Լիբանանին եւ ընտանիքին, ունենալ եւ զօրացնել հաւատքը, որպէս բոլոր դժուարութիւններուն դէմ պայքարի հիմք, ըլլալ մեծ երազներու հետամուտ եւ վերջապէս, փայփայել Սէրը հոգիներուն մէջ՝ կայանալու համար մարդկային դժուարին գոյութեան մէջ: Վերջին երկու դժուարին տարիներու ձեռքբերումները գնահատելու ծիրին մէջ, ան ոգեկոչեց յիշատակը վախճանեալ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանին զօրակցած հոգեւոր հայրերուն, իր պարտականութիւնը գերազանց կատարած ուսուցչական կազմին, զոհողութիւններուն ամրօրէն դիմացող ծնողներուն եւ թեւ ու թիկունք եղած բարերարներուն ու բարեկամներուն: Վերջապէս, պարոն Գալուստ հաղորդեց, որ վերելքի ճամբան շարունակող Մեսրոպեան վարժարանը՝ առաջինը եւ միակը ամբողջ հայ կրթական հաստատութիւններուն մէջ, յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի ստանայ FRANCE EDUCATION-ի կարգավիճակը, որ զայն պիտի դասէ համահաւասար՝ Ֆրանսայի հանրային կրթութեան մակարդակին:
Գերազանց արդիւնքներ արձանագրած շրջանաւարտներու պարգեւատրումէն ետք տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը. 31 Մեսրոպեանականներ դպրոցական հանգրուանէն անցում կատարեցին դէպի յառաջ՝ ուսման եւ կեանքի ասպարէզներուն մէջ իրենց վարժարանին անունը բարձր պահելու խոստումով:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ