Երեքշաբթի, 15 Հոկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Կենսագրական․ Մեթր Գասպար Տէրտէրեան

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի 88ամեակին նուիրուած ԶԱՐԹՕՆՔ-ի Յատուկ Թիւէն

Ծնած է 28 Փետրուար 1934-ին, Ալէյ, Լիբանան, Սեբաստացի մօրմէ (Սաթենիկ Նշանի Տօլմայեան) եւ Շապին-Գարահիսարցի հօրմէ (Արմենակ Գասպարի Տէրտէրեան), տարագրեալներու ընչազուրկ ու բազմանդամ (չորս քոյր, չորս եղբայր) ընտանիքի մէջ: Հայրը մահացած է 1939-ին:

Նախնական կրթութիւնը՝ բազմերանգ ու… աստանդական՝ Ալէյի (ՀԲԸՄ), Ժըպէյլի Թռչնոց Բոյն, աւետարանական եւ Պէյրութի (Ս.Եղիա, կաթոլիկ եւ Ս.Նշան, առաքելական) վարժարաններէն:

Երկրորդական ուսումը՝ Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեանէն (առաջին հունձքէն):

Համալսարանականը՝ քաղաքական պատճառով թերաւարտ AUB-էն (Major in Physics, «Light»), ապա՝ աւարտած Պէյրութի St. Joseph-ի Իրաւագիտութեան եւ Տնտեսագիտութեան դպրոցը, արժանանալով զոյգ լիսանսներու՝ Ֆրանսականը Lyon-ի համալսարանէն, իսկ արաբականը՝ Լիբանանի Կրթական Նախարարութենէն:

Գործած է նախ՝ լրագրութեան մէջ, անդամագրուած ըլլալով Լիբանանի Լրագրողներու Սենտիքային (1957-էն), եւ ապա՝ փաստաբանական ասպարէզին մէջ, անդամակցելով Պէյրութի Փաստաբաններու Կաճառին (1965-ին), նաեւ պաշտպանելով դատեր՝ Դամասկոսի, Հալէպի, Քոփէնհակէնի եւ Լոնտոնի ատեաններուն առջեւ:

Աշակերտական տարիներէն ցուցաբերած է մասնաւոր հետաքրքրութիւններ եւ նկատառելի ձիրքեր՝ երգի, ասմունքի, թատրոնի, մարմնամարզի, լեզուներու, գծագրութեան, ձեռային աշխատանքի եւ դպրոցական «Նուիրում» թերթի խմբագրութեան մէջ: Բայց, պատանեկան կանուխ տարիներէն՝ լիովին ներգրաւուած է երկրի արաբական եւ ներհայկական քաղաքական կեանքի գուպարին մէջ, ընտրած ըլլալով՝ Արաբ եւ Հայ «Ձախ» խրամատը, ամբողջական յանձնառութեամբ գործելով՝ երկրի յառաջապահ հրապարակագրութեան եւ ընդյատակեայ գործունէութեան մէջ:

Պատասխանատու վարչական ու քաղաքական պաշտօններ վարած է սկիզբը՝ ՀԵԸ-ի Համալսարանական Ուսանողաց Միութեան եւ ՌԱԿ Փորթուգալեան Ակումբին մէջ, ապա՝ Լիբանանի Կոմկուսին, Հայց-Եկեղեցւոյ Միասնութեան Պաշտպան Կոմիտէի քարտուղարութեան, լիբանանցի Մարքս-Լենինեան Կոմունիստներու Միութեան, Լիբանանի Հայ Համալսարանաւարտներու Միութեան, Դեմոկրատ Իրաւաբաններու Համաշխարհային Լիկայի Լիբանանի Մասնաճիւղին եւ՝ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակին մէջ, ասոր հիմնադրութեան առաջին տարիներէն (1948):

Խմբագրական կազմերուն անդամակցած է՝ «Ախպար», «Մեր Նշանաբանն է ՅԱՌԱՋ», «ՅԱՌԱՋ-Գրական», «ՅԱՌԱՋ», «Սաութ Ուլ-Շա՛ապ», «Նոր Ուղի» եւ «Ալ-Ֆիքր Ուլ-Ժատիտ» թերթերուն, միանշանակ ստանձնելով յիշեալ հայկական թերթերուն Պատասխանատու Տնօրէնի պաշտօնը՝ յաջս կառավարութեան:

Նաեւ աշխատակցած է՝ Պէյրութի «Զարթօնք», «Արարատ», «Ազդակ», «Նայիրի», «Ծաղիկ», «Կանչ», «Ազգային Մշակոյթ», «Ալ-Սաքաֆէ Ալ-Արապիյէ», «Ալ-Նիտա», «Կամար» եւ «Շիրակ» թերթերուն, Լիբանանի Հայ Համալսարանաւարտներու Միութեան «Armenian Studies» տարեգիրքին եւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ին, Երեւանի «Հայաստանի ԿՈՄՈՒՆԻՍՏ»ին, Դամասկոսի «Տիրասէթ Իշթիրաքիյէ» ամսագրին եւ «Սաութ Ուլ-Շա՛ապ» շաբաթաթերթին, եւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեային:

Օգտագործած է «Ոզնի Թոնտրակի», «Ժըպրան Խուրի», «Դաւիթի Կապարճակիրը», «Զարեհավանեցի» եւ այլ գրչանուններ:

Անոր գրութիւնները մէկ-մէկ, վերեւ յիշուած թերթերէն արտատպուած են նաեւ՝ «ՆՈՐ ՕՐ», «ՄԱՐՄԱՐԱ», «ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ», եւ այլ թերթերու մէջ: Իր գրութիւնները տեղ գտած են նաեւ՝ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ», «ԳԵՂԱՐԴ», «ՆՈՐ ԽՕՍՔ» եւ այլ կայքէջերու վրայ:

Հեղինակած է եւ հրատարակած՝ «Ուղեցոյց՝  Լիբանանի Ընկերային Ապահովութեան Ազգային Սնտուկի Օրէնքին» 1965-ին համահեղինակութեամբ՝ Յովհ. Աղպաշեանի, «Սիոնիզմի եւ Փանթուրքիզմի Առնչութիւնները Եւ անոնց Սպառնալիքը Հայաստանի Լինելութեան» 1990-ին, նոյնին արաբերէնով տարբերակը Ժըպրան Խուրի ծածկանունով, Հալէպ, 1995, «Տար Էլ-Սատաքա» հրատարակչատունէն, նոյն գիրքէն չորս գլուխներ լոյս տեսած են Գ. Տէրտէրեան անունով, արաբերէն երեք տարբեր ժողովածուներու մէջ, Պէյրութ, տարբեր հրատարակչատուներէ, «Մեր Լինելութեան Ուղին», Պէյրութ, 1992, «Վասն Համասփիւռքահայ Քոնկրեսի», Պէյրութ, 1995, «Սարդարապատէն Անդին՝ Համահայկական Գոյամարտի Երեք Ջոկատները», Պէյրութ, 1996, հրատ. Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի, «Եկեղեցի-Պետութիւն Յարաբերութիւններ եւ Նոր Աղանդաւորականներ», Պէյրութ, 2002, որ կ՛ընդգրկէ նիւթեր՝ 2001 թուին Էջմիածնի մէջ գումարուած միջազգային սիմփոզիումէն (իրաւագէտներու), «Հայեացք Եւ Կեցուածք» հրապարակագրական յօդուածներ, Պէյրութ, 2008, «Ապրիլեան Ասուլիս՝ Մեծ Եղեռնի 95-րդ Տարելիցին Առիթով», Պէյրութ, 2010, հրատ. Լիբ. Գրական Շրջանակի, «Այսպէս Բարբառեցաւ Պղնձաթելը» գեղատիպ ալպոմ նուիրած՝ ոսկերչապետ Մկրտիչ Թահուլաքեանի պղնձաթելով հիւսուած 70 դիմանկարներուն, Պէյրութ, 2010, «Հայեացք Դէպի Դարադարձ՝ Մշուշապատումի Փորձ Մըն է ՀՀ Խորհրդարանի “Սենաթ”ին Հակադրումը Տարագիր Արեւմտահայութեան Համաշխարհային “Կոնկրէս”ին (ՏԱՀՔ)», Պէյրութ, 2011, հրատ. Լիբ. Գրական Շրջանակի, եւ «Էօժէն Իոնեսքօ՝ “Անհեթեթ”ի Դիմակով Նոր-Իրապաշտ Գրողը, Ծննդեան 100-Ամեակին Առիթով» եւ Իոնեսքոյի “Le Roi Se Meurt” («Արքան Կը Մահանայ») փիէսի հայերէն թարգմանութիւնը հեղինակին կողմէ, միացեալ հատորով, Պէյրութ, 2012: Ան թարգմանուած է նաեւ՝ հայերէնի, քերթուածներ՝ Միշէլ Սուլէյմանէն եւ Եուսէֆ Հարպէն, եւ Նազըմ Հիքմէթէն ու Վենեզուելլահայ Գէորգ Թօփալեանէն, եւ արաբերէնի՝ Վ. Թէքէեանի «Երբ Օրը Գայ Վերջապէս» քերթուածը, բացի՝ քաղաքական եւ ընկերային նիւթերէ, արաբերէնէ հայերէնի եւ հայերէնի արաբերէնի:

Հեղինակը նաեւ հրատարակութեան համար խմբագրած ու ծանօթագրած է՝ «Յո՞ Երթաս Հայ Սփիւռք» հատորը, Հալէպի մէջ կայացած «Ապրիլեան Սեմինարներ»ու շարքին առաջինի նիւթերով, Պէյրութ, 1988, «Ազգ. Մշակոյթ» շաբաթաթերթի 10-ամեակի «բացառիկ»ը, Յովհ. Աղպաշեանի «Պայքարի Ոլորապտոյտին Մէջ» յուշագրութիւնը յառաջաբանով եւ լայն ծանօթագրութիւններով, Պէյրութ, 2001, հրատ. Լիբ. Գրական Շրջանակի, «Դափնեպսակ» նուիրուած Լիբ. Գրական Շրջանակի երախտաւորներուն, Պէյրութ, 2008, Լիբ. Գրական Շրջանակի (1993-2014) քսան երկու տարիներու «Ուղեցոյց օրացոյց» խորագրով պատի մեծադիր եւ գեղատիպ տարեցոյցերուն ամբողջ շարքը, եւ՝ Լիբ. Գրական Շրջանակի յոբելենական ու մեծ հանդիսութեանց առիթով հրատարակուած բոլոր գրքոյկները, վերջին քսան տարիներուն ընթացքին:

Հեղինակը հրատարակութեան պատրաստ ունի նաեւ երեք աշխատասիրութիւններ, երկուքը՝ հայերէն. ա) «Լիբանանի Բազմահամայնքային Համակարգը Եւ Լիբանանի Հայոց Անձնական Իրաւունքի Կանոնագրի Եւ Դատավարական Կանոնի Բարեփոխութեան Առաջարկ Մը», եւ բ) «Հասարակագիտական Բացատրական Բառարան», եւ մէկը՝ արաբերէն, «Ղարաբաղեան Հարցին Մասին»:

Մասնակցած է հայկական եւ արաբական շարք մը համագումարներու եւ սիմփոզիումներու, ինչպէս՝ Փարիզի Ա.Հայկական Համագումարներու եւ սիմփոզիումներու, ինչպէս՝ Փարիզի Ա.Հայկական Համագումարը Nikkoպանդոկին մէջ, Թունուզի մէջ Պաղեստինցի Գրողներու եւ Լրագրողներու 9-րդ Համագումարը 1977-ին, Փարիզի մէջ ICOM-ի եւ Հալէպի «Ապրիլեան Սեմինարներ»ու շարքը, Էջմիածնի «Եկեղեցի Պետութիւն Յարաբերութիւններ» նիւթով կայացած իրաւագէտներու միջազգային գիտաժողովին, ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, պաշտպանելով Հայց. Եկեղեցւոյ ազգային եկեղեցիի գերադասութիւնը Հայաստանը ողողած աղանդաւորական ծածկագիտական ու կասկածելի կազմակերպութիւններուն դէմ, պահանջելով՝ «խղճի ազատութիւն» կոչուածին in concreto մեկնաբանութիւնն ու կիրարկումը, քանի որ ճիշտ է թէ կրօնական զգացումը չունի ազգային բնոյթ, բայց իր դրսեւորման մէջ՝ ստացած է տուեալ ժողովրդի մը հոգեւոր ու պատմական զարգացման իւրայատուկ դրոշմը…: Մասնակցած է նաեւ՝ լիբանանեան Կոմկուսի երեք համագումարներուն որպէս պատգամաւոր եւ հիւր, Հայաստան-Սփիւռք Մերձաւոր Արեւելեան խորհրդակցութեան, Պէյրութ, Մայիս 1999-ին, Սիոնական Մշակութային Արշաւին Դիմադրող Մնայուն Համագումարի Ա.նստաշրջանին, Պէյրութ, 1-3 Նոյեմբեր 1994-ին, եւ «Արաբ Ազգային Համագումար»ի Պէյրութի մէջ կայացած երեք ժողովներուն: Հիմնադիր անդամներէն է՝ «Արաբ-Հայ Իրաւական Միջազգային Խորհուրդ»ի:

Գործօն մասնակցութիւն բերած է համալիբանանահայ մշակութային եւ ազգային յանձնախումբերու, ինչպէս՝ «Լիբանանեան Հեռատեսիլէն Հայկական Ժամ»ի Տնօրէն ժողովին՝ Նինա Ճիտեճեանի նախագահութեամբ, «Լիբանանահայ Թատրոնի Ա.Խորհրդաժողով»ի կազմկոմիտէին, եւ Մեծ Եղեռնի 60-ամեակի Ոգեկոչման Լիբ. Համազգային Մարմինին, ստանձնելով քարոզչական աշխատանքի միջազգային մամլոյ գործակալութեանց մօտ:

Ելոյթներ ունեցած է հայկական եւ արաբական բեմերէ եւ կայաններէ՝ Պէյրութի, Դամասկոսի, Պաալպէքի, Փարիզի, Թունուզի, Հալէպի, Նիկոսիոյ, Լառնագայի եւ այլ քաղաքներու մէջ, Հայ Դատին, Հայոց Պատմութեան ու Մշակոյթին, Պաղեստինեան Դատին ու Արաբական Քարիւղի պաշտպանութեան եւ ամերիկեւսիոնական իմփերիալիզմի դատապարտումին գծով: Վերջին երեսնամեակին հետապնդած է ՏԱՀՔ-ի ծրագիրը հետեւողականօրէն, Տարագիր Արեւմտահայութեան փոշեցրիւ բեկորները Միջազգային Կարգավիճակով օժտելու հրամայականը նկատելով՝ ոչ միայն Միջազգային Հանրային Իրաւունքին անշրջանցելի պահանջը, այլեւ՝ Սփիւռքի անտիրական ու աւատատիրական անգլուխութեան վերջ դնելու եւ հայապահպանումին նոր շունչ ու նպատակ հաղորդելու նախապայմանը:

Ամբողջական եւ անմնացորդ յարումով կը դաւանի պատմական ու տրամախոհական մատերիապաշտութեան իմաստասիրութիւնն ու ժողովրդահայրենասիրական սոցիալիզմը, զանոնք նկատելով լաւագոյն վահանները՝ վայրի դրամատիրութեան համաշխարհայնացումի խորշակին դէմ, մասնաւորաբար՝ մերինին նման փոքր ժողովուրդներուն համար:

Գասպար Տէրտէրեան ծանօթ է՝ բացի մայրենիէն, արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ որոշ համեմատութեամբ ալ, արդի լատինատառ թրքերէն լեզուներուն:

Մեթր Տէրտէրեան անմահացաւ 23 Օգոստոս 2021ին:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img