Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի 88ամեակին նուիրուած ԶԱՐԹՕՆՔ-ի Յատուկ Թիւէն
ԵՐՈԻԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ
Մահուան լուրին պատճառած ցնցումը մարդս ակամայ կ՛առաջնորդէ վերաքաղի ենթարկելու մահացողին եւ իր սեփական կեանքի դրուագները՝ իր մտքին մէջ ամրագրելու որ անոնք անվերադարձ ժամանակներու եւ դէպքերու հետ են առնչուած։
Ժամանակը կը թաւալի տիեզերքի տարածքներով եւ անհատը կու գայ իր ժամանակաւոր կայքը հաստատելու երկրագունդին վրայ եւ ապա՝ կորսուելու ժամանակին հետ ու մէջ։
Գասպար Տէրտէրեանի կորստեան լուրը այսպիսի խոհերու առաջնորդող իրադարձութիւն մըն է. անոր կորուստը եւ ոչ մահը, որովհետեւ ան այնքան հաստատ ոտքերով կանգնած էր երկրի վրայ, որ մահը անյարիր եւ յարաբերական իրականութիւն մը միայն կրնայ դառնալ։ Ան որոտընդոստ քալեց իր կեանքի ճամբան եւ այսօր ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ զինք տեղաւորել մահուան կրաւորական պարունակին մէջ։
Այսօր, դէպքեր, դրուագներ, խօսքի փշուրներ կը վերադառնան քանդակ առ քանդակ կերտելու Գասպարին կենդանի պատկերը իմ յիշողութեանս մէջ։
Երբ յետադարձ հայեացքով կը նայինք անցեալին՝ Գասպարը տիպարներէն մէկն էր Բարեգործականի Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու վարժարանի առաջին սերունդներուն որոնք շաղախուեցան ազգային-գաղափարական ապրումներով եւ առաւել չափով սատարեցին հասարակական կեանքին։ Միշտ մնացած էի այն սահմանափակ համոզման ծիրին մէջ որ միայն Յովակիմեանի առաջին երեք սերունդներն էին որոնք թրծուած էին ազգային գաղափարականով, սակայն տարիներու վրայ տարածուող փորձառութեամբ հաստատեցի որ բազմաթիւ այլ սերունդներ եւս օժտուած էին այդ վարժարանին մթնոլորտէն եւ այդ հաստատութեան յատուկ կնիքը կը կրէին իրենց անձին, գործունէութեան ու հոգիին վրայ։
Այդ տարիներուն անհաւատալի արժէքներու համախմբում մը կը հանդիսանար վարժարանին դասախօսական կազմը, որուն ազդեցութեան ներքեւ ամէնէն անբարեյոյս նկատուած աշակերտը անգամ պիտի կրէր իր ճակատին վրայ այդ հաստատութեան հայեցի եւ մարդկային դիմագիծի միւռոնը։
Տնօրէն Արա Թօփճեանէն սկսեալ այդ նուիրեալ հոյլին շարքերը կ՛ամբողջացնէին Գերսամ Ահարոնեան, Սիմոն Սիմոնեան, Բիւզանդ Եղիայեան, Օննիկ Սարգիսեան, Վահէ Վահեան, Զարեհ Մելքոնեան, Համբարձում Պէրպէրեան, Երուանդ Դաւիթեան, Յակոբ Աճեմեան եւ այլ նուիրեալներ, որոնք իրենց գիտութեան ճետ իրենց հոգին կը փոխանցէին աշակերտութեան։
Տնօրէն Թօփճեան կարգապահական խիստ դրութիւն մը հաստատած էր, ուր աշակերտները ոչ միայն ճնշուած չէին զգար այլ կը համոզուէին որ սիրուած էին իրենք եւ ուսուցիչներում կողմէ, եւ նկատած էին որպէս ատաղձ վաղուան ազգային գործիչներու։ Վարժարանին բոլոր շրջանաւարտները (ներառեալ կիսաւարտներն ու վտարեալները) անպայման մտան ագգային ծառայութեան մէջ. բոլոր անոնք որ ընտրեցին ազատ ասպարէզներ իրենց անձնական եւ րնտանեկան կեանքին մէջ ապրեցան իրենց ժառանգած արժէքներով եւ յաճախ անակնկալ հաճելի փաստերու առջեւ կանգնեցուցին իրենց դաստիարակներն ու դասընկերները։
Մեր շաբաթական ատենամարզանքի օրերուն վարժարանի փայլուն արտասանողները կը հանդիսանային Գասպար Տէրտէրեանն ու Սարգիս Մինասեանը։ Վարժարանի Շրջանաւարտից Միութիւնը կազմած էր թատերախումբ մը եւ բոլոր ելոյթներուն մէջ կը փայլէին Գասպարն ու Սարգիսը։
Առաջին քանի մը տարիներու շրջանաւարտները մեծամասնութեամբ ընդգրկուեցան ազգային ասպարէզներու մէջ — ուսուցիչ, լրագրող, գործիչ, գրող եւ այլն, ինչպէս Գասպար Տէրտէրեան, Օշին Քէշիշեան, Լեւոն Թորոսեան, Յակոբ Պօղոսեան, Ռուբէն Թէրզեան, Յակոբ Վարդիվառեան, Վաչէ Սեմերճեան, Սարգիս Մինասեան, Յակոբ Սահակեան, Մարզպետ Մարկոսեան, Մկրտիչ Պուլտուքեան, Յակոբ Աքսքալ, Ժիրայր Դանիէլեան, Գրիգոր Սաթամեանը, Կիրակոս Մինասեան եւ դեռ քանիներ, որոնք պէտք է ներողամտութեամբ կարդան այս տողերը, եթէ զանց առնուած է իրենց անունը, որովհետեւ այստեղ գրողը լրիւ ցուցակներ կազմելու դիտաւորութիւնը չունի։
Գասպարը այս բոլորին մէջ կը մնար ամէնէն փայլուն աստղը, ինքնուրաց մտաւորականն ու քաղաքական գործիչը։ Բոլորս վեր կը նայէինք Գասպարին, իր փայլուն միտքին հետ ունեցած ֆիզիքական տուեալներուն եւ յատկապէս իր հնչեղ ձայնի դիւթանքին։ Ան կը փայլէր բոլոր դասերուն մէջ, թէ գիտական եւ թէ հասարագիտական։
Այղ օրերուն Յովակիմեանի սաները առանց քննութեան կ՛ընդունուէին Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան, որովհետեւ վարժարանը, Պէյրութի 32 երկրորդական վարժարաններուն մէջ առաջնակարգ տեղ մը կը գրաւէր։
Գասպար ընտրած էր բնագիտութեան ճիւղը եւ սահուն կերպով կը յառաջանար. սակայն, շրջանաւարտութեան չհասած՝ դուրս դրուեցաւ իր քաղաքական համոզումներուն պատճառաւ։
Այդ շրջանին շատ սուր էին համալսարանի ուսանողութեան բեւեռացումները՝ պաղեստինցիները քրիստոնեաներու դէմ, դաշնակցականները՝ ոչ դաշնակցականներու դէմ։
Մեր ճակատին վրայ վիճաբանողները կը գլխաւորէր, բնականաբար, Գասպարը որուն կողքին էինք Գրիգոր Երէցեանը, Յակոր Պօղոսեանը եւ ես. մեր արժանաւոր հակառակորդներն էին Օննիկ Քէշիշեանը եւ Ճիվան Թապիպեանը, լուրջ մտաւորականներ։ Եւ տնօրէնութիւնը կը հետեւէր այդ վէճերուն եւ գիտէր թէ ո՛վ «ինչով էր շնչում», ինչպէս կ՛ըսեն Հայաստանի մէջ։
Հետեւաբար Գասպարը դիմեց ֆրանսական համալսարան, որովհետեւ միայն այնտեղ գոյութիւն ունէր փաստաբանական ճիւղը: Արդէն սահուն կերպով կը տիրապետէր հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներուն եւ շուտով յաջողեցաւ բարելաւել նաեւ իր ֆրանսերէնը։ Սովորականէն երկար տեւեց իր ուսումնառութիւնը, որովհետեւ ան ուսանողական տարիներուն անգամ բուռն կերպով ընդգրկուած էր ազգային քաղաքական գործունէութեան մէջ:
Այդ օրերուն իր դիրքերն ու գրառումները առած կու գար մեր տունը դատական օրէնքներն ու պարագաները ինծի բացատրելու եւ այդ կերպով իր դասերը սորվելու։ Բնականաբար մենք այդ օրերուն դասերէն դուրս կը տարուէինք նաեւ մեր երիտասարդական հարցերով եւ քաղաքական հարցերու քննարկումներով։
Ան իր դասագիրքերուն կողքին անյագօրէն կը կարդար պատմական ու փիլիսոփայական գիրքեր ու կը թելադրէր որ ես ալ կարդայի զանոնք իրազեկ խօսակից մը ունենալու համար։ Ես հիացումով կը հետեւէի իր վերլուծումներուն եւ զինք կը նկատէի իմ մենդորս։
Մեր խօսակցութիւններուն կը հետեւէր նաեւ մայրս, որ իր հիւրասիրութեան կողքին գրեթէ անգիր սորված էր մեր նիւթերը։ Սակայն, երբեմն, յոգնած կ՛ուզեր քնանալ ու կատակով կ՛ըսեր. «Անգամ մը որ Գասպարը բարձրացնէ իր ցուցամատը եւ սկսի իր ճառախօսութեան՝ գիտեմ եկած է իմ քնանալու ժամանակս, որովհետեւ ան առտուան ժամը 2էն առաջ ճամբայ պիտի չելլէ»։
Եւ իրօք, այդ ժամերուն Գասպարը Մար Մխայելէն մինչեւ Պուրճ Համմուտ կը քալէր, որովհետեւ ոչ հանրակարգ կար այդ ժամերուն եւ ոչ ալ փոխադրամիջոց։ Նոյնիսկ եթէ ըլլար՝ Գասպար ի վիճակի չէր վճարելու։ 1950ական թուականներուն Պուրճ Համմուտի մէջ ոչ մէկ ոչ-դաշնակցական հայու կեանքը ապահով էր. սակայն Գասպարի հոգին զրահուած էր անիմանալի քաջութեամբ որ՝ անվախօրէն կը կտրէր այդ ճամբան, առաւօտուն ալ՝ համալսարան հասնելու պայմանով։
1956ի տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Աթոռի գրաւումը Դաշնակցութեան կողմէ, ժողովուրդի հզօր պոռթկումի դիմաց, սակայն, օրուան նախագահ Քամիլ Շամուն կը գործէր այն միեւնոյն ոյժերուն ցուցմունքներով որոնք Դաշնակցութիւնը մղած էին այդ արկածախնդրութեան։ Զարեհ կաթողիկոսի ընտրութեան օրը հրասայլերով շրջապատուած էր Անթիլիասը։ Ոյժի նոյն ցուցադրութիւն կատարուեցաւ Հաճընի Սահակեան վարժարանին շուրջ ուր 5000 բողոքարկուներ հաւաքուած էին։ Դպրոցի սրահին մէջ արտասանուած ճառերէն վերջ ամբոխը փակեց գլխաւոր ճամբան իր ցոյցով։ Այդ ցոյցին բանախօսներն էին գրողներ Վահէ Վահեան եւ Սեզա։ Ցոյցը կազմակերպուած էր հայրենասէր ճակատին կողմէ – ՌԱԿ, Հնչակեան եւ Յառաջդիմական: Կարեւոր էր դերը ՌԱԿին, որովհետեւ այդ հսկայ ցոյցին գլխաւոր ճարտարապետը կը հանդիսանար Գասպար Տէրտէրեան։ Կազմակերպչական եւ հռետորական այնպիսի կարողութիւն ցոյց տուաւ ան որ բոլորին հիացումին արժանացաւ: Տակաւին ուսանող՝ աննկուն ղեկավարի մը կերպարը կ՛ուրուագծէր ան։ Սակայն, կը կարծեմ որ այդ օր վճռուեցաւ նաեւ Գասպարին կուսակցական ճակատագիրը։ Այդ օր այն տպաւորութիւնը ունեցայ որ Անթիլիասը գրաւողներուն չափ՝ այդ ցոյցէն ահաբեկուած էին ՌԱԿի օրուան ղեկավարները, որովհետեւ տեսած էին Գասպարին անձէն ճառագայթող վաղուան աննկուն առաջնորդին տիպարը:
Գասպար ինծի հետ միասին մտած էր ՌԱԿի շարքերը եւ մենք ՌԱԿ Փորթուգալեան ակումբի ամէնէն գործօն անդամներն էինք: Սակայն. հետզհետէ իր մէջ արմատացան մարքսիստական սկզբունքները եւ ինք, իր անկեղծութեան եւ քաջութեան մէջ, չէր ալ թաքցներ, հետզհետէ համայնավար շրջանակներուն հետ իր ունեցած կապերը:
Եւ եկաւ այն պահը երբ Գասպար հեռացաւ ՌԱԿի շարքերէն, «Զարթօնք«ի մէջ հրատարակուած վտարումի փոքր լուրով մը։
Պահը «երջանիկ» էր որովհետեւ ոչ Գասպարը վրդովեցաւ այդ վտարումէն ոչ ալ կուսակցութեան ղեկավարները ափսոսանք զգացին որ կը կորսնցնէին այդպիսի ոյժ մը:
Այդ օրերուն համայնավարները անպայման պէտք է կապկէին համայնավար քաղաքական առաջնորդները։ Օրինակ, Համայնավար կուսակցութեան Լիբանանի ղեկավարը՝ Յարութիւն Մատէեան, կարծէք դուրս ինկած էր Խրուշչեւի «մաթրոյշքա»էն, միեւնոյն վերարկուով, միեւնոյն փափախով, միեւնոյն կօշիկով եւ նոյնիսկ միեւնոյն քալուածքով։
Գասպարը հմայող դէմքը Սուրիոյ Համայնավար կուսակցութեան քիւրտ ղեկավարն էր՝ Խալէտ Պեքթաշը։ Գասպարը իր թաւ պեխը ձեւած էր Պեքթաշի նմանողութեամբ: Պեքթաշ արտակարգ ճարտասան մըն էր։ Գասպար մեզի լսել կու տար անոր արտասանած ճառերը Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ. այդ ճառերը կը ձայնասփռուէին Դամասկոսի ռատիոկայանէն կամ կը ցրուէին թերթիկներով։ Գասպար իր արաբերէն ճառերը կ՛արտասանէր ճիշտ Պեքտաշի ելեւէջներով. եւ փայլուն էր իր արաբերէնի հմտութիւնը։
Մեր մտերմութիւնը, օր մը ունեցաւ սխուր ցնցում մը եւ գուցէ այդ օր մեր ճամբաները սկսան տարբեր ուղղութիւն ստանալ։ Սակայն ես երբեք չէի անդրադարձած այդ բեկումի խորութեան, մինչեւ անոր կեանքին վերջին օրերը, քանի ես պահած էի իմ սէրն ու հիացումը իմ ընկերոջ նկատմամբ։
Պուրճ Համմուտի հանրակառքէն իջնելով Պուրճի հրապարակին վրայ կը քալէինք դէպի Ամերիկեան համալսարանը տանող հանրակառքը։ Գասպարը լուռ էր ու զայրացած կը թուէր. յանկարծ ըսաւ — Ծօ, դուն չես ամչնար եւ կը շարունակես սիրային բանաստեղծութիւններ գրել երբ այսօր Մարտ 5,1953 ժողովուրդներու հայրը մահացած է եւ դուն չես յուզուիր եւ քերթուած մը չես նուիրեր անոր։
Ցնցուած էի, ոչ այնքան Ստալինի մահով՝ որքան ընկերոջս յուսախաբութեամբ։ Կ՛ուզէի գետնին տակը անցնիլ եւ յուսախաբ չընել Գասպարը։ Կը խորհէի որ Ստալինը թող ըլլար որեւէ մէկուն հայրը, բայց իմ հայրս չէր եւ ինքզինքս կը մեղադրէի որ ինչո՞ւ Գասպարին ակնկալած յուզումը չունէի։ Սակայն, Գասպարին հանղէպ ունեցած յարգանքս պատճառ եղաւ որ ա՛լ բանաստեղծութիւն չգրէի, քանի չէի յաջողած յուզուիլ եւ Ստալինի նուիրուած քերթուած մը գրել՝ վշտացնելով ընկերս։
Սովետական Միութիւնը փլուզուեցաւ թաւագլոր ինկան Ստալինի բոլոր արձանները բայց վստահ եմ մինչեւ Գասպարի մահը կուռքի նման Ստալինը կանգուն մնաց իր հոգիին մէջ։
Սովետական Միութիւնը ընկերաբանական մեծ գիտաշխանոց (լապորաթուար) էր ուր մարդկային զանգուածները եւ բնութեան կառոյցներ ենթարկուեցան փորձարկութեանց մարքսեան տեսութիւնը հաստատելու նպատակով: Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մտաւորականներէն ոմանք որոնք իտէալացուցած էին այդ գաղափարաբանութեան յառաջացնելիք ընկերային դրախտը, Սովետական Միութիւն այցելելով վերադարձան յուսախաբ եւ նոյնիսկ՝ դաւանափոխ, ինչպէս Ճորճ Օրուէլ, Ճորճ Պերնարտ Շո, Ճան Սթայնպէք եւ կարգ մր ֆրանսացի այլ մտաւորականեր։
Գասպարը առիթներ ունեցաւ իր հաւատամքը սովետական իրականութեան փորձին դնելու բայց դուրս եկաւ անյաղթող։
Առաջինը իր եղբօր՝ Արմենակին պարագան էր։ Ան ալ Գասպարին նման փայլուն միտք ունէր ու պողպատեայ համոզմունք մարքսեան սկզբունքներուն նկատմամբ։ Երբ գնաց Հայաստան ուսանելու՝ վերադարձաւ ցնցուած եւ յուսախաբ Մարքսին եւ Լենինին հայհոյելով։ Իր պատկերաւոր բացատրութիւնը եղաւ՝ «Միտքիս ամբողջ գրադարանը գլխիվայր շրջեցաւ»։ Արմենակը ունեցաւ վաղահաս մահ մը։
Միւս օրինակը Գասպարին դասընկեր Յակոբ Սահակեանն էր, հաւանաբար դպրոցին ամէնէն երկարահասակ աշակերտը, որ ունէր բանաստեղծի փխրուն սիրտ մը։ Ամերիկեան համալսարանին մէջ միշտ որոնումի մէջ էր։ Հեգնելու համար ստանալիք վկայականները ան կ՛ըսէր — «Ի՞նչ պիտի կրնաք ընել կեանքի մէջ ձեր ստանալիք «խարթիոլոճի»ի վկայականներով»։
Յակոբ չսպասեց այդպիսի վկայականի մը եւ հեռացաւ Ամերիկեան համալսարանէն։ Գնաց Հայաստան եւ ստացաւ բժշկութեան վկայական ու վերադարձաւ Լիբանան։ Գրեց վիպակ մը, ուր կը պարզէր իր յուսախաբութիւնը սովետական դրութեան մասին։ Զարմացած էր մանաւանդ որ իբրեւ հայ՝ հայրենիքի մէջ անգամ չէր կարողացած նահատակաց օրը նշել կամ՝ պաշտօնապէս նշուած տեսնել։
Յակոբ Սահակեանը երիտասարդ տարիքին զոհը գնաց ինքնաշարժի արկած ի մը։ Միշտ միտքիս մէջ հարցական մնացած է որ արդեօք այղ արկածը կրնա՞ր կապ մը ունենալ իր գրութեան հետ։
Այս բոլոր դէպքերը որոնց մէջէն անցաւ Գասպարը, որեւէ կերպով չխախտեցին իր հաւատամքը մարքսեան դրախտին մասին, որ իր հաշիւով դեռ պիտի գար։ Նոյնիսկ իր այցելութիւնը Սովետական Հայաստան մազաչափ անգամ չփոխեց իր հաւատամքին եւ համոզումներուն մէջ, որովհետեւ այդ «դրախտ»ը արդէն իր հոգիին մէջ էր եւ ինք անով կ՛ապրէր։
Իմ պարագայիս, երբ առիթը ունեցայ 1962ին առաջին անգամ Մոսկուա եւ Հայաստան այցելելու՝ զուսպ երգիծանքով մը ուզեցի պարզել իմ տպաւորութիւններս եւ յուսախաբութիւններս, գրութեանց շարքով մը որ յետոյ լոյս տեսաւ հատորի մը մէջ (Կեանք ու երազ Հայաստան, -1964), իմ անմիջական շրջանակս, հայրենասիրական
ճակատը եւ. մինչեւ անգամ Սիլվա Կապուտիկեան, որուն հետ այնքան ջերմ բարեկամական կապեր ունէի՝ իմ հայրենասէրի վկայականս առին իմ ձեռքէն։ Եւ չեմ զարմանար որ Գասպարը իբրեւ վկայեալ հայրենասէր (սովետական հայրենասէր) յուսախաբ եղած ըլլայ ինձմէ…»:
Մեր վերջին հանդիպումը կայացաւ 1958ի Ապրիլին։ Հրաւիրուած էի Գահիրէ ստանձնելու համար «Արեւ» օրաթերթի խմբագրութեան պատասխանատուութիւնը։ Մտերիմ ընկերներս հաւաքուած էին Պէյրութի օդակայանը ողջերթ մաղթելու ինծի։ Գասպար անոնց հետ էր եւ կը պահէր անօրինակ լռութիւն մը։ Գիտէի թէ Պէյրութէն
հեռանալս իր սրտովը չէր։
Տարիներու ընթացքին միշտ հետեւեցայ իր գրութեանց ու գործունէութեանց, միշտ ճիգ ընելով որ չփախցնեմ իր յօդուածներն ու գիրքերը: Կը նկատէի որ ան հետզհետէ կը կարծրանար իր տեսական մեկնաբանութիւններուն մէջ, ետ մնալով ժամանակէն։ Սակայն, այդ բոլորը ոչ մէկ ձեւով կը սսամանափակէին իմ համակրանքս եւ հիացումս իր վաղեմի ընկերոջ նկատմամբ։ Հեռուէ հեռու երբեմն կ՛իմանայի որ Գասպարը բախումներ կ՛ունենար համայնավար խմբաւորումներու մէջ ու չէի զարմանար որովհետեւ գիտէի թէ Գասպարը անկաշառ գաղափարապաշտ մըն էր. իսկ այդպիսի շարժումներու մէջ մտնողները յաճախ խթանուած կ՛ըլլան փառքի կամ շահու ակնկալութեամբ եւ բնական էր որ անոնք բախում ունենային սկզբունքային մարդուն հետ։
Գիտէի թէ ոեւէ առիթով որ վերադառնայի Լիբանան՝ մեր անձնական մտերմութիւնը պիտի շարունակուէր։ Բայց բոլոր այդ տարիներուն չկայացաւ այդ հանդիպումը։
Ու վերջերս ինքզինքս անակնկալի առջեւ գտայ երբ Գասպարը շուրջ հինգ յօդուածներ գրեց «Պայքար» թերթի մէջ իմ հրատարակած խմբագրականներում դէմ։
Զարմացած էի կատարուած մեկնաբանութիւններէն։ Ընկերս զիս կը ճանչնար այնքան խորապէս որքան ես կը ճանչնայի զինք։ Ուզեցի հնռաձայնել իրեն եւ հարցնել այս հոգեփոխութեան պատճառը։ Սակայն, ըսին թէ լսողութեան դժուարութիւն ունի եւ հպարտօրէն կը մերժէ ականջի սարքեր գործածել։ Հետեւաբար որոշումս յետաձգեցի ուրիշ օրուան, երբ կրնայի անձամբ հանդիպիլ իրեն եւ մտերմօրէն հասկնալ գաղտնիքը իր հոգեփոխութեան։ Միամիտ հաւատքը ունէի որ Գասպարը անմահ է։ Բայց կ՛ուզէի իր մահուընէ առաջ հասկացողութեան մը գալ իր հետ։ Սակայն, ինչպէս կ՛ըսեն Շաբաթը Ուրբաթից առաջ եկաւ եւ յանկարծ հասաւ Գասպարին կորստեան բօթը՝ առանց պատասխան մը տալու ինծի։
Որոշեցի ժամադրուիլ անդենականին մէջ։