Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի 88ամեակին նուիրուած ԶԱՐԹՕՆՔ-ի Յատուկ Թիւէն
Սրտադող վշտակցութեամբ, սէրով եւ յարգանքով թուղթին կը յանձնեմ այս քանի մը տողերը իմ վաղեմի բարեկամիս՝ Գասպարին անվերադարձ մեկնումին ազդեցութեան տակ:
Տակաւին թարմ է միտքիս մէջ մեր վերջին հանդիպումը 2019 –ի ամրան՝ երբ մեծ ոգեւորութեամբ եւ իրաւաքաղաքական իր մտածողութեամբ՝ որպէս ախոյեան առաջնորդ՝ կը շեփորէր միասնականութիւնը, համերաշխութիւնը եւ կը խրախուսէր տարագիր արեւմտահայութեան միաւորումը՝ իրաւական անձնաւորութեան կարգավիճակով օժտուած կեդրոնական կառոյցի մը մէջ- ՏԱՐԱԳԻՐ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՔՈՆԿՐԷՍ (ՏԱՀՔ) -կարենալ յառաջ տանելու համար հայկական Պահանջատիրութեան դատը:
Մեթր Գասպար Տէրտէրեան աննահանջ կերպով պայքարեցաւ մենատիրութեան դէմ եւ խթանեց հաւաքապաշտութիւնը եւ համահայկական ոգին ու մտածողութիւնը: Մինչեւ իր վերջին շունչը մնաց իսկական ՄԱՐԴ՝ անշեղ իր հաւատամքին եւ հաւատաւոր իր դաւանանքին՝ առանց խեղճանալու յանուն դիրքի կամ դրամական վարձատրութեան համար:
Սիրեցին զինք իր բարեկամները եւ յարգեցին զինք իր հակառակորդները:
Սիրելի Գասպար, անկեղծ բարեկամ մը գտնելը դժուար է, անոր կորուստը աւելի ծանր, սակայն անկարելի է մոռնալը: Մեծերը կ’ապրին յաւիտենական, իրենց թողած ժառանգութեամբ, տեսլականով, արդարութեան համար պայքարող իրենց աննկուն կամքով: Դուն մէ՛կն ես այդ մեծերէն:
Կը խոնարհիմ հարուստ վաստակիդ, մեծ հայու եւ ՄԵԾ ՄԱՐԴՈՒ յիշատակիդ առջեւ:
Ցտեսութիւն՝
ՑՈԼԱԿ ԱՊՏԱԼԵԱՆ