Կիրակի, 19 Հունվարի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Ֆրեզնոյէն Լիբանան Ժամանած Բժիշկները Հանդիպում Ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

«Ինչպէս Հոգեւորականը, Նոյնպէս Նաեւ Բժիշկը Կոչումի Գիտակցութեամբ Կոչուած Է Կատարել Իր Առաքելութիւնը»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Լիբանանահայութեան իրենց անվճար ծառայութիւնը մատուցելու եւ դժուար պայմաններու դէմ յանդիման կանգնած իրենց քոյր-եղբայրներուն բուժման օժանդակելու նպատակով Լիբանան ժամանած Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան բժիշկները, գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեանի, Կիրակի, 6 Մարտ 2022-ի առաւօտեան ներկայ գտնուեցան Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին, ապա այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:

Նորին Ս. Օծութիւնը ջերմօրէն ողջունեց լիբանանահայութեան բժշկական կարիքներուն օժանդակելու յանձնառութեամբ Լիբանան ժամանած բժիշկները եւ մեծապէս գնահատեց անոնց անշահախնդիր եւ անանձնական ծառայութիւնը՝ շեշտելով, որ ինչպէս հոգեւորականը, նոյնպէս նաեւ բժիշկը կոչումի գիտակցութեամբ կոչուած է կատարել իր առաքելութիւնը։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով պարզեց անցնող տարիներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուած ընկերային ծառայութեան աշխատանքները՝ թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ։ Այս առիթով, Հայրապետը անգամ մը եւս շեշտեց, որ մեր Ս. Աթոռը եղած է, է ու միշտ պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդին հետ ու մեր ժողովուրդի կողքին։

Այս առիթով, խօսք առին տոքթ. Էլի Թաշճեանն ու Պերճ Աբգարեանը, որոնք անդրադարձան յիշեալ նախաձեռնութեան տուն տուող պատճառներուն, առաքելութեան եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ իրականացուելիք աշխատանքին: Անոնք, իրենց կարգին, շեշտեցին բժիշկներուն առաքելութեան կարեւորութիւնը՝ յայտնելով, որ այս առաքելութեան իրականացումը ընդառաջում էր Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած «Սփիւռքի Տարի»ի ուղղուած կոչին։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img