Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան հրատարակչական հիմնադրամի դատակազմը կը յայտնէ, թէ բացուած է 2022-ի համար նոր գործեր ներկայացնելու շրջանը։
Հիմնադրամը կ՚ընդունի սփիւռքահայ երիտասարդ գրողներու գրական թէ ուսումնասիրական որեւէ նոր, անտիպ կամ գիրքի ձեւին տակ ցարդ չհրատարակուած գործեր, դատակազմին կողմէ գնահատուելու եւ ըստ այնմ հրատարակուելու համար։
Գրական, պատմական, բանասիրական, եկեղեցագիտական ու հայ մշակոյթի այլ կալուածները շօշափող հայերէն թէ օտար լեզուներով գրուած գործերը պէտք է դատակազմին ներկայացուած ըլլան ամէնէն ուշը մինչեւ 30 Յունիս 2022։
Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան ա) մեքենագրուած, բ) երեք օրինակով, գ) խտասալիկի վրայ արձանագրուած։ Անոնք պէտք է ներկայացուին A4 թուղթի չափով եւ բաղկանան նուազագոյնը 9 պրակէ (144 էջ)։
Դատակազմին կողմէ գնահատուած գործերը կ՚արժանանան հրատարակութեան։
Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան հրատարակչական հիմնադրամի նախագահն է` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ։ Դատակազմի անդամներն են՝ Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան (ատենապետ), Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, Տեարք Համբիկ Պիլալեան, Յարութիւն Իսկահատեան, Յակոբ Լատոյեան եւ Տիկին Իրմա Տէտէեան։
Դիւան` Ռ. եւ Թ. Գարօլան
Հիմնադրամի Դատակազմի
Դատակազմի հասցէն.-
Armenian Catholicosate of Cilicia
P.O.Box 70317
Antelias – Lebanon
E-mail: chancellor@armenianorthodoxchurch.org