Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

«Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»-ի Գրախօսական

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ՃՈՐՃ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

Յաճախ կը դժուարանանք պատասխաններ գտնելու մեր փոքրիկներու անկեղծ հարցումներուն: Որքան փոքր են անոնք, այնքան դժուար է յագեցնել անոնց հետաքրքրութեան ծարաւը: Պէտք է, սակայն, ընտրել այնպիսի պատասխաններ, որոնք կ՛օգնեն ճիշդ ձեւաւորելու կեանքին գաղափարը անոնց մանկական ուղեղներուն մէջ: Ուշադիր պէտք է ըլլալ, մանաւանդ, հոգեւոր ու կրօնական հարցերուն հանդէպ, որովհետեւ կրօնը, ընդհանրապէս, կենսակերպ է: Եթէ չկարենանք զայն ուղղակիօրէն կապել կեանքին, կը դառնայ դժուար, երբեմն նոյնիսկ տհաճ պարտականութիւն: Եթէ կրօնը կենսակերպ է, ուրեմն Աստուածաշունչը` կեանքի ուղեցոյց:

Այս իմաստով հոյակապ գիրք մըն է «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ»-ը, որ կու գայ քրիստոնէական վարդապետութիւնը ներկայացնելու 21-րդ դարու մարդուն պրիսմակէն: Այս գիրքը կը փաստէ մեզի, որ քրիստոնէութիւնը օրէնքներու շարք, կամ սովորութիւններ չէ, այլ` կեանքի ձեւ:

Այս գիրքը կարելի է տարբեր կարիքներու համար գործածել.

Ա) Որպէս պատմութիւններու գիրք, ուր ներկայացուած են Աստուածաշունչի պատմութիւններ,
Բ) Որպէս դասագիրք, ուր Աստուածաշունչն ու Քրիստոսի վարդապետութիւնը կը բացատրուին դիւրըմբռնելի ոճով մը,
Գ) Որպէս ուղեցոյց` ճիշդ կարդալու եւ հասկնալու Աստուածաշունչը:

120 էջերու մէջ ամփոփուած այս գիրքը ամբողջովին պատկերազարդ է, ունի գեղեցիկ կողք եւ որակեալ թուղթ: Գիրքի հեղինակային իրաւունքը վերապահուած է Գերմանիոյ Աստուածաշունչի ընկերութեան: Իսկ հեղինակները` Սուզըն Ճաշ եւ Քրիսթինա Շնըրլ, հոգեւոր հովիւներ են Շթութկարթի մանուկներու եւ պատանիներու Օլկա հիւանդանոցին մէջ: Գիրքը պատկերազարդած է Մաթիաս Ուէպըրը:

Գիրքի հայերէն բնագիրի հեղինակային իրաւունքը կը պատկանի Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան: Թարգմանութիւնը, որ կատարած է դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, կը յարմարի փոքրիկ ընթերցողի մը բառապաշարին. լեզուն պարզ է, նախադասութիւններուն շարադրութիւնը` յստակ:

Գիրքը բաժնուած է երեք մասի.

Ա) Դուն
Բ) Դուն եւ ուրիշներ
Գ) Դուն եւ աշխարհը

Ամէն բաժին կը սկսի սաղմոսով մը:

Պատմութիւնները աստուածաշնչեան հերթականութեամբ չեն դասաւորուած, այլ շարակարգուած են ըստ նիւթի: Գիրքի վերջաւորութեան տրուած է Աստուածաշունչի համարներուն ցանկը:

Իւրաքանչիւր պատմութեան կից մարդուն միտքը եւ հոգին յուզող հարցումներ կը տրուին (Ամէնէն շատ ի՞նչ կը սիրես մէջդ: Ամէնէն շատ ի՞նչ չես սիրեր մէջդ: Դուն ի՞նչ բանէ կը վախնաս: Ո՞վ կ՛ուզես, քովդ ըլլայ, երբ սկսիս վախնալ): Ասոնք հարցումներ են, որոնք առիթ կու տան, որ մարդը անկեղծանայ ինքն իրեն հետ:

«Դուն» հատուածը կու գայ յայտնելու, որ Աստուածաշունչը չի մերժեր գիտութիւնը, այլ` հաստատելու, որ գիտութեան կողքին կան նաեւ հոգեւոր արժէքներ, որոնց ե՛ւս պէտք է անդրադառնալ: Գիտութիւնը կը փաստէ, որ Երկիր մոլորակը ստեղծուած է միլիոնաւոր տարիներ առաջ, իսկ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գնահատել մոլորակի բարիքները եւ պահպանել զայն: Առաջին բաժինի առաջին պատմութիւնը կը կոչուի «Ի՛նչ լաւ է, որ Աստուած ստեղծած է քեզ»: Պատմութիւնը կարդալէ ետք ընթերցողը շատ կարեւոր հարցումի մը պիտի պատասխանէ. կրնա՞ս դուն ալ Աստուծոյ պէս ըսել` «Ամէն ինչ լաւ է եւ բարի»:

«Կարեւո՞ր ես դուն». առաջին բաժինի երկրորդ պատմութեան վերնագիրն է: Սա մանկավարժական հիմունքներով պատրաստուած գեղեցիկ պատմութիւն մըն է, ուր Քրիստոսի օրինակով ցոյց կը տրուի մշտապէս ուշադիր ըլլալ փոքրիկներուն հանդէպ եւ չարհամարհել զանոնք: Պատմութեան աւարտին կը թելադրուի փոքրիկներուն` ձեռային աշխատանքով մը թագ պատրաստել, յաճախ դնել գլուխին եւ յիշել, որ` «Դուն կարեւոր ես»:

Վախը, հիւանդութիւնն ու անվստահութիւնը երեք վիճակներ են, որոնք կը դժուարացնեն մարդուն կեանքի հեզասահ ընթացքը: Այս վիճակներուն անդրադարձումը կ՛ըլլայ` «Մի՛ վախնար», «Երբ հիւանդանաս» եւ «Դժուա՞ր է քեզի համար» պատմութիւններուն մէջ: Այս պատմութիւններն ու առկից նիւթերը կը սորվեցնեն` յաղթել վախին, յաղթահարել հիւանդութիւնները եւ դառնալ ինքնավստահ:

Առաջին բաժինի վերջին պատմութիւնը` «Նոր բան մը կը սկսի», հարազատ պատկեր մըն է հայ մարդուն դժուարին կեանքին: Մենք` հայերս, ենթարկուելով զանազան փորձութիւններու, մշտապէս նոր սկիզբի կարիքը ունեցած ենք: Նոր սկիզբի մը բոլոր դժուարութիւնները` հոգեկան թէ մարմնական, Հայր Աբրահամին պատմութեամբ ներկայացուած են:

Երկրորդ հատուածին մէջ («Դուն եւ ուրիշներ») ներկայացուող նիւթերը նոյնպէ՛ս առնուած են մերօրեայ կեանքէն: Անոնք լուսարձակի տակ կ՛առնեն միջանձնային յարաբերութեանց խնդիրները եւ կ՛օգնեն ունենալու առողջ միջավայր եւ մաքուր յարաբերութիւն:

Առաջինը ընկերութեան նիւթն է, որ կը մատուցուի Հին ուխտին մէջ յիշատակուող Յովնաթանի եւ Դաւիթի ընկերութեան պատմութեամբ: Այս պատմութիւնն ու հոգեզննող հարցումները (Ինչպէ՞ս ընկեր եղաք: Իրարու կը նմանի՞ք: Ի՞նչ բան քեզմէ աւելի լաւ կ՛ընէ: Այս մէկը քեզ կ՛ուրախացնէ՞, թէ՞ կը նախանձիս անոր) կը սորվեցնեն ընկերներու ճիշդ ընտրութիւն կատարել, սիրել ընկերը եւ լաւ ընկեր ըլլալ:

Գիրքին մէջ գեղեցկօրէն կը պատմուին Յակոբի ու Եսաւի եւ Յովսէփի ու անոր եղբայրներուն պատմութիւնները: Հոն կը տեսնենք մարդկային փոխյարաբերութեանց մէջ եղող զանազան խնդիրներ (նախանձ, ատելութիւն, վրէժխնդրութիւն, անհանդուրժողութիւն, խաբեբայութիւն եւ այլն):  Գիրքը ո՛չ միայն խնդիրները կը մատնանշէ, այլեւ անոնցմէ ձերբազատելու լուծումներ կու տայ:

«Մահը վերջաւորութի՞ւնն է». յոյժ կարեւոր այս հարցումը կը յիշատակուի երկրորդ բաժինի վերջին պատմութեան մէջ: Բոլորիս միտքն ու հոգին վստահաբար յուզող մահուան գաղափարը դիպուկ ակնարկութեամբ է, որ կ՛ըլլայ: Մանաւանդ կեանքին նոր բացուող մանուկին առջեւ այս գերզգայուն հարցին քննարկումը կը պահանջէ իմաստութիւն եւ յատուկ մօտեցում: Էմմաուս գիւղ վերադարձող երկու աշակերտներուն պատմութեամբ սքանչելիօրէն կը բացատրուի, որ մահը երբեք վերջաւորութիւն չէ:

Վերջին բաժինին մէջ («Դուն եւ աշխարհը») կը կարդանք երկու պատմութիւն. մին` Կայէնի ու Աբելի պատմութիւնը, որ անուղղակիօրէն կ՛ակնարկէ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող պատերազմներուն, իսկ միւսը` Նոյեան տապանի պատմութիւնը, որ այլաբանական մէկ օրինակն է աշխարհի մէջ կատարուող բնական աղէտներուն:

Երկու պատմութիւններն ալ մատուցուած են ա՛յն համոզումով, որ բնական աղէտներն ու պատերազմները տեղի կ՛ունենան մարդուն անխոհեմ վարմունքին պատճառով:

Աստուածաշունչին մէջ կեանքի շատ դասեր պահուած են: Լիայոյս ենք, որ նոր մօտեցումներով եւ մանկավարժական հմտութիւններով պատրաստուած այս գիրքը պիտի ունենայ իրեն յաջորդող ուրիշ գիրքեր ալ:

Քուէյթ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img