Նշեց «Սեյֆոն»
Ապրիլ 24ը նաեւ յիշատակի օրն է Օսմանեան կայսրութեան մէջ բնիկ քրիստոնեայ ազգութիւններէն՝ Սիրիանիներու ջարդին, որ ծանօթ է Սեյֆօ անունով, որուն ընթացքին թուրքին եաթաղանին զոհ դարձան հարիւր հազարաւոր անմեղ քաղաքացիներ:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս «Սիրիանիներու Համաշխարհային Միութիւն» կուսակցութիւնը նշեց իր եւ օսմանեան կայսրութեան բոլոր քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն նահատակներու յիշատակի օրը իր կեդրոնատեղիին մէջ:
Աւանդութեան համաձայն ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը անմասն չմնաց սոյն ոգեկոչումի ձեռնարկէն, որպէս բարեկամ եւ ճակատակագրակից ազգի մը շառաւիղը:
Արդարեւ կազմակերպող կուսակցութեան Նախագահ՝ Իպրահիմ Մրատի եւ շարք մը քաղաքական գործիչներու՝ ներառեալ ՌԱԿի զօրակցութիւնը վայելող՝ Մեթնի ընտրաշրջանի երեսփոխանական թեկնածու՝ Տոքթ. Արա Պարտաքճեանի կողքին ներկայ եղաւ ընկեր Արա Թերզեանը, ներկայացնելով ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը եւ այս առիթով ՌԱԿի խօսքը արտասանեց: