Հինգշաբթի, 30 Նոյեմբերի, 2023
- Գովազդ -spot_img

Բագրատ Եսայեանի Ձերբակալութիւնը Ուղղուած է Նաեւ Ազատ Խօսքի, Մամուլի Ազատութեան Դէմ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Հայաստանի ժուռնալիստներու միութեան տարածած յայտարարութիւնը՝ «Երկիր Մեդիա» հեռուստաընկերութեան տնօրէն Բագրատ Եսայեանի ձերբակալութեան առիթով․
Յունիսի 10-ի առաւօտեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) աշխատակիցները ձերբակալած են «Երկիր Մեդիա» հեռուստաընկերութեան տնօրէն Բագրատ Եսայեանը։
Վերջինս ձերբակալուած է դեռ 2020 թուականի վերջը տեղի ունեցած դէպքի մը առիթով յարուցուած քրէական գործի ծիրէն ներս, այն պարագային, երբ նախորդած շուրջ 1 տարի եւ 8 ամիսներուն ընթացքին պարտաճանաչ ներկայացած է նախաքննական մարմնին, որեւէ կերպով չէ խուսափած քննութենէ, չէ թաքնուած, մշտապէս գտնուած է հանրային ուշադրութեան կեդրոնին, եւ որեւէ ողջամիտ հիմնաւորում չկայ, որ ազատութեան մէջ գտնուելով՝ կրնար խոչընդոտել գործի քննութեան։
Բագրատ Եսայեանը հայաստանեան յառաջատար հեռուստաընկերութիւններէն մէկուն տնօրէնն է, որ չ՝ենթարկուիր իշխանութիւններու վերահսկողութեան, եւ անոր ձերբակալութիւնը ուղղուած է նաեւ ազատ խօսքի, մամուլի ազատութեան դէմ։
Հայաստանի Ժուռնալիստներու միութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ «Երկիր Մեդիա» հեռուստաընկերութեան տնօրէն Բագրատ Եսայեանի այս մեթոտներով ձերբակալութիւնը, իշխանութիւններէն կը պահանջէ դադրեցնել անոր նկատմամբ քաղաքական հետապնդումը, չկատարել իրաւական հարթութիւնէ դուրս որեւէ գործողութիւն՝ մեր գործընկերոջ արտօնելով ազատութեան մէջ շարունակելու մասնակցիլ խնդրոյ առարկայ քրէական գործի քննութեան։
Միեւնոյն ժամանակ, տեղի ունեցածին նկատմամբ կը հրաւիրենք իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ, մամուլի հարցերով զբաղող միջազգային կառոյցներու ուշադրութիւնը՝ կոչ ընելով գործուն քայլեր ձեռնարկելու Բագրատ Եսայեանի նկատմամբ իրականացուող քաղաքական հետապնդումը դադրեցնելու ուղղութեամբ։

Հայաստանի ժուռնալիստներու միութիւն

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img