Շաբաթ, 25 Հունվարի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Լիբանանահայութեան Ապահովութիւնն ու Բարօրութիւնը Վեր Պահել Անհատական Եւ Հատուածական Ամէն Հաշիւներէ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը իր վերջին ժողովին քննարկեց Լիբանանը, Հայաստանը, լիբանանահայութիւնն ու ընդհանրապէս Հայ ժողովուրդը յուզող այժմէական հարցեր:

Քննարկումներուն շարքին յատուկ անդրադարձ եղաւ,  Լիբանանի Նախարարաց Խորհուրդի վիճելի վերջին նիստին կայացումին մանրամասնութիւնները եւ ի միջի այլոց ՀՅԴն ներկայացնող նախարար՝ երեսփոխան Ժորժ Պուչիկեանին տուեալ նիստին «ինքնագլուխ» եւ հակառակ իր ներկայացուցած կուսակցութեան որոշումին ժողովին մասնակցելու պարագան, ինչպէս նաեւ, այս պատճառով  նշեալ կուսակցութեան կողմէ իրենց երեսփոխանին, այսպէս կոչուած «Հայկական Պլոք»էն դուրս բերելու որոշումը:

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ժողովականներուն կողմէ առաջին հերթին, անգամ մը եւս լուսարձակի տակ դրուեցաւ ՀՅԴ-ի երեսփոխանական խմբակցութեան անուան հետ առնչուած խնդիրը եւ որոշուեցաւ կոչ ուղղել նշեալ կուսակցութեան հրաժարիլ «Հայկական Պլոք» անունը օգտագործելէ, որովհետեւ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ չկայ խմբակցութիւն, որ կը կրէ ազգութեան մը անունը: Նման անուն մը նախ գործնականին մէջ ու նաեւ բառացիօրէն իրականութեան չի համապատասխաներ երբ նկատի ունենանք, որ Լիբանանի Խորհրդարանին մէջ հայութեան վերապահուած երեսփոխանական 6 աթոռներէն միայն երկուն այսօր այդ խմբակցութեան անդամ են: Ապա պէտք է հասկնալ, որ նման անունով հանդէս գալը շփոթ կը ստեղծէ Լիբանանի հասարակութեան մօտ եւ հաչս իրենց, լիբանանահայ ամբողջ համայնքը պատասխանատուութեան տակ կը դնէ նշեալ խմբակցութեան վերաբերող կամ անոնց գործած իւրաքանչիւր ճիշդ կամ սխալ ընթացքին  համար:

Ինչ կը վերաբերի ՀՅԴ-ի որոշումին նախարարաց խորհուրդին վիճելի վերջին նիստին չմասնակցելու, ապա ՌԱԿ զայն գնահատելի կը գտնէ այն առումով, որ Լիբանանի քրիստոնեայ խմբակցութիւններու եւ անոնց ներկայացուցիչներուն մեծամասնութեան կեցուածքին հետ համահունչ է մինչ մենք կը հաւատանք, որ համայնքային դրութեամբ երկրի մը մէջ լիբանանահայութիւնը պէտք է կառչած մնանք համակրօն համաքաղաքացիները ներկայացնող քաղաքական կողմերուն հետ, որոնք ի վերջոյ մեր բնական դաշնակիցներն են: Հոս տեղին է յիշեցնել, որ ճիշդ այս պատճառով էր, որ 1992-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ՌԱԿ-ը, հակառակ իր քաղաքական վերապահութեան առնուած քայլին պիտանելիութեան մասին, Լիբանանի մէջ հայկական միակ կուսակցութիւնն էր, որ որոշեց կողքին ըլլալ Լիբանանի քրիստոնեայ կողմերուն, պոյքոթելու համար նշեալ ընտրութիւնները:

Վերջապէս, թերահաւատութեամբ մօտենալով հանդերձ ՀՅԴ-Պուչիկեան այսպէս կոչուած տարակարծութեան իրականութեան հետ առնչուածութեան եւ զայն համարելով կողմերու միջեւ բեմադրուած, դերերու բաժանում մը, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը կոչ կ՛ուղղէ նշեալ կուսակցութեան այսօրուայ ղեկավարութեան, Լիբանանահայ համայնքին ապահովութիւնն ու բարօրութիւնը վեր պահել անհատական եւ հատուածական ամէն հաշիւներէ: Պահը բաւականին լուրջ է եւ զգօնութիւնն ու պատասխանատու գործելաձեւը՝ աւելի քան կենսական:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

8 Դեկտեմբեր 2022

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img