Ըստ մեր տրամադրութեան տակ եղած տեղեկութիւններուն, յառաջիկային, Հայաստանի եւ արտերկիրի հայկական մամուլի տարբեր օրկանները, հաւանական է որ ստանան կեղծ եւ շինծու հարցազրոյց մը, վերագրուած մեր կազմակերպութեան ներկայացուցիչի մը։
Ի յառաջագունէ կը հերքենք նման հարցազրոյցի մը, մեր կազմակերպութեան կողմէ պատրաստման ու առաքման հանգամանքը:
Կ’ընդգծենք, որ այս խարդաւանքը, կազմակերպութեան ազգային ու գաղափարա — քաղաքական սկզբունքային դիրքորոշումներուն եւ կեցուածքներուն վերաբերեալ՝ հայկական հասարակական կարծիքի մօտ, նամանաւանդ կազմակերպութեան հիմնադրութեան յիսնամեակի առիթով, շփոթ եւ կասկածանք յառաջացնելու յետին նպատակին ծառայող խեղճուկ փորձ մըն է:
Եւ կը հաստատենք, որ տուեալ ստայօդ հարցազրոյցի պատրաստումը եւ տարածումը թելադրուած եւ ուղղորդուած է՝ ՀՀ գործող վարչախումբի պարագլուխներու, անոր ենթակայ մարմիններու, եւ անոր ապազգային ու հակապետական քաղաքականութեան հլու-հնազանդ սպասարկող եւ կասկածելի աղբիւրներէ սնուող որոշ տարրերու կողմէ:
21 Յունուար 2025
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ
Մամլոյ Դիւան