Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշեց անմիջականօրէն 100,000 ամերիկեան տոլար յատկացնել «Հայաստան» Հիմնադրամ ԱՄՆին, տրամադրուելու համար Արցախի ծրագիրներուն: Սոյն որոշումը կայացաւ՝ նկատի ունենալով Արցախի հայութեան գոյութենական պայքարը, որ զօրաշարժի ենթարկած է համայն հայութիւնը:
Մինչ այս մասնայատուկ յատկացումը կը կատարուի ի տես Արցախի հայութեան ծանր պայմաններուն, ԹՄՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը շարունակէ ֆինանսաւորել իր ընթացիկ եւ արտասովոր կրթական ու շինարարական պարտաւորութիւնները մասնաւորաբար Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ:
Հրատապ պայքարի այս օրերուն Արցախի ֆոնտին կատարուած յատկացումը կարելի եղաւ գոյացնել Միութեան սեփական աղբիւրներէն, ինչպէս նաեւ շրջանակներու, մասնաճիւղերու, անդամներու եւ բարեկամներու սրտաբուխ նուիրատուութիւններէն:
Ճակատագրական այս օրերը ամբողջ հայութիւնը կը դնեն աննախընթաց մարտահրաւէրներու դիմաց՝ այսօր սատարելու վիրաւորներուն, մահացած զինուորներու ընտանիքներուն եւ պատմական հայրենիքին պաշտպանութեան: Գիտակից պէտք է ըլլանք որ պատերազմի աւարտով աւելի եւս պիտի սրին կարիքները եւ աւելի ծանր պիտի դառնան մարտահրաւէրները:
Հետեւաբար, խորունկ երախտագիտութիւն յայտնելով հանդերձ մեր զոհաբերող անդամներուն եւ բարերարներուն՝ կ’ուզենք այժմէն հաղորդել որ մեր նուիրահաւաքները պիտի շարունակուին – գուցէ նաեւ աւելի բուռն թափով — մինչեւ որ փլած եկեղեցիներ չմնան Արցախի մէջ, քանդուած օճախները վերակառուցուին, վիրաւորները բուժուին եւ զոհուած զինուորներու ընտանիքները ապահովութիւն գտնեն:
Ցեղասպանութենէն դար մը ետք կրկին պիտի լծուի մեր ազգը վերականգման գործին:
ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Պոստոն
Հոկտեմբեր 28, 2020