Չորեքշաբթի, 9 Հոկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

ՀԱՅՓՈՍՏ «Դուք ունեք առաքանի»

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Սոյն պարբերական շարքը կը նպատակադրէ մեր Հայրենիքին մէջ առկայ առօրեայ կարգ մը յոռի երեւոյթներուն յականէ անուանէ մատնանշումը:

Ընտրած ենք երգիծական ոճը, ժանրին յատուկ խոշորացոյցով մը լուսարձակի տակ առնելու համար այնպիսի վիճակներ, որոնք կրնան արգելք հանդիսանալ մեր երկրին զարգացման:

Անձնական վկայութեան վրայ հիմնուած սոյն շարքը նաեւ համեստ փորձ մըն է դրական որոշ փոփոխութիւն մտցնելու, գոյութիւն ունեցող ոչ անպայմանօրէն գովելի մշակոյթի մը մէջ, կողքէն դիտողի անաչառ ու մտահոգ մօտեցումով:

Հաւատալով, որ հասարակութեան մը դէպի աւելի լաւը փոփոխութեան նախապայմաններէն է քարացած մտայնութեան փոփոխութիւնը, կը հրապարակենք մեր շարքին առաջինը:


WELL-TEMPERED ARMENIA

ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՆԵՐՍԷՆ ԴԻՏԱԾ

«Ոդիսական» 1

Ք. Երեւան, Մեր Օրեր

ԵՐԵՒԱՆ 14.03.2023 – Հակառակ ուշ զարթնելու տեղւոյն ընդհանրացած մշակոյթին, քունէս միշտ կանուխ կ՛արթննամ, այս արեւին տակ հասարակ մահկանացուի օրերս լիարժէք օգտագործելու անմեղսունակ միտումով մը:

Տունէն երբ դուրս կու գայի, դրան վրայ նշմարեցի այստեղ տեղադրած սոյն թուղթը: Հասկցայ, որ նամակատունը ծրար մը ունիմ, որ պէտք է վերցնեմ: Բայց եկուր հասկցիր, ո՞ր մասնաճիւղը…: Համակարգը անշուշտ նկատի ունեցած է քաղաքացիին լուսաւորել՝ «բաժանմունք թիվ»-ի մօտ կէտերով բաց տեղ յատկացնելով նամակատան աշխատողին, որ բաժանմունքի հասցէ նշէ, բայց ի զուր… ո՛չ մէկ նշում կար այնտեղ:

Մտածեցի զանգեմ ՀԱՅՓՈՍՏ-ի թէժ գիծին (որ նշուած էր նոյն թուղթին վրայ) յուսալով, որ կրնան տեղեկացնել, թէ ո՞րն է այն բաժանմունքը, որ պէտք է մօտենամ: Մեքենական պատասխանէն հասկցայ, որ «թէժ գիծ»ը առաւօտեան ժամը 8ին, այնքան ալ թէժ չէ եւ պէտք էր սպասել մինչեւ ժամը 9ը:

Ծրագիրս, որ գործով քաղաքէն դուրս գալ կ՛ենթադրեր եւ ուշ վերադառնալ, ստիպուած փոխեցի, որպէսզի կարենամ ընկալուած աշխատանքային ժամուն մօտենալ ու վերցնել «առաքումը»:

Ժամը 9էն քանի մը րոպէ անց դարձեալ զանգեցի թէժ գիծ: Աշխատակիցին, ամենայն մանրամասնութեամբ տեղեկացուցի բնակավայրիս մասին, որպէսզի ինծի օգնէ համապատասխան բաժնին հասցէն տալու: Աշխատակիցը իր պատասխան նախադասութեան բառերուն կէսը ուտելով, մնացեալով ինչ որ բաժնի թիւ մը տուաւ: Քաղաքավարութեամբ խնդրեցի, որ նախ դանդաղ խօսի, (որ աւելի հարիր է տեղեկութիւն տուող աշխատողի մը) ապա բաժնի թիւի փոխարէն ուղղակի հասցէն տայ, որպէսզի աւելի հեշտ գտնեմ զայն: Բարեհաճեցաւ Սարեան փողոցի վրայ հասցէ մը տալ ամենայն ինքնավստահութեամբ հաստատելով, որ իմ տան շրջանը սպասարկող բաժինը այդ է:

Աւելի եւս ժամանակ չկորսնցնելու համար անմիջապէս ուղղուեցայ դէպի նշեալ հասցէն: Քանի մը անգամ փողոցը չափչփելէ ետք բախտը ունեցայ վերջապէս մեքենան տեղ մը կանգնեցնելու: Քալելով ուղղուեցայ տուեալ շէնքը, որ նշեալ հիմնարկին կեդրոնական մասնաճիւղն էր: Հազիւ մայր դուռէն ներս մուտք գործեցի, պահ մը շուարեցայ: Ներսը, աւելի Կիրակնօրեայ պազարի մը երեւոյթը ունէր, քան երկրի մը պաշտօնական նամակատնային հիմնարկի կեդրոնատեղիի մուտքի սրահին…: Կրպակներու խառնիճաղանճ մը, հիմնականին մէջ բջիջային հեռախօս եւայլն ծախող: Այս լաբիւրինթոսին մէջ, կերպով մը նշմարեցի այդ հսկայ սրահին մէկ անկիւնը ծուարած նամակատան պատուհանիկները: Մօտեցայ հերթ վերցնելու: Էքրանին վրայ կարդացի քանի մը տարբերակ որոնցմէ մին պէտք է սեղմէի սպասարկման հերթագրում կատարելու համար: Գիտէի, որ ստանալու եկած եմ հետեւաբար ծրար ստանալու կոճակն է, որ պէտք է սեղմէի: Բայց եկուր տես, որ այդ երկար շարքին մէջ, ծրար ստանալու ոչ թէ մէկ, այլ՝ երկու տարբերակ կար: «Ներհանրապետական փոստի ստացում» եւ «Արտերկրից փոստի ստացում»: Քանի մը տասնեակ տարի հաշուող կեանքիս ամէն հանգրուանները փորձեցի մտովի տողանցի դնեմ գուշակելու, որ ո՞վ կրնար ինծի ծրար մը ղրկած ըլլալ այսօր եւ թէ, ան հանրապետութեան մէջէն է, որ ղրկած է, թէ արտերկրէն…: Ճարահատ երկուքն ալ սեղմեցի եւ թղթեայ երկու տարբեր կտրոն ստացայ… ծառերուն ափսոս…:

Տասնեակ մը հաշուող պատուհաններէն «անշուշտ» միայն մէկ հատը կ՛աշխատէր: Համբերութեամբ հերթս սպասեցի, որ վերջապէս եկաւ: Կարգս էր երբ ջիղերուս դիւրազգացութիւնը իր կարմիր գիծին մօտեցնող, պատուհանին ետին նստած, քունէն նոր զարթնածի երեւոյթով աշխատակիցէն գլխէս ի վար ջուր թափող պատասխան մը ստացայ: Ան կը գուժէր, թէ իրենց բաժանմունքը չէ, որ կը սպասարկէ իմ տան շրջանը, այլ՝ Նալպանտեան փողոցին վրայ գտնուող թիւ չգիտեմ ինչ բաժանմունքը…:

Ժամը արդէն 10:30 էր երբ հասայ նշեալ մասնաճիւղը: Տիեզերական դժուարութիւններով մեքենաս տեղ մը նետելէ ետք, մտայ ներս: Հերթագրութեան նոյն անհեթեթ վիճակը: Այստեղ փոքր բաժանմունք ըլլալուն, պատուհանները թիւով 3 հատ էին, բայց եկուր տես, որ այնտեղ նստած երեք տարբեր աշխատակիցներն ալ գոյութենական ինչ, որ հարց կը քննարկէին իրենցմէ միայն մէկուն դիմաց կանգնած յաճախորդին հետ…:

Ի վերջոյ կարգս եկաւ: Աշխատակիցին ներկայացուցի անձագիրս, եւ բնակած տեղիս հասցէն, իրմէ խնդրելով որ ինծի յանձնէ այն առաքանին, որ ստանալու համար նարնջագոյն ազդը ստացած էի: Աշխատակիցը այնպիսի դէմք մը ստացաւ, որ իմ վրայ այն տպաւորութիւնը ձգեց, թէ կեանքին մէջ առաջին անգամն է, որ կը լսէ թէ իրենց մօտ առաքանի գոյութիւն կ՛ունենայ: Քանի մը ակնթարթ ետք եւ երեւի երբ անդրադարձաւ, որ կրնայ այնտեղ միւս աշխատողներուն օգնութեան դիմել, հարկ տեսաւ տիկին Փառանձեմի մը կանչել: Տիկինը մօտեցաւ անկեղծանալով, որ ինքն էր, որ այդ նարնջագոյն պիտակը օր մը առաջ կպցուցած էր տանս դրան վրայ: Մինչ արդարացիօրէն իրեն ուշադրութեան կը յանձնէի, թէ յաջորդին աւելի ուշադիր ըլլայ ու թուղթին վրայի համապատասխան տեղը նշէ բաժանմունքին թիւը կամ հասցէն, Տիկին Փառանձեմը փորձեց «դաստիարակել» ինծի ըսելով, որ ես եմ, որ պէտք է իմանայի թէ իմ բնակած շէնքին սպասարկող մասնաճիւղը ո՞րն է, եւ թէ իբր ինքը այս բանին մէջ մեղք չունի: Ի զուր փորձեցի ազնուօրէն իր ուշադրութեան յանձնել, որ եթէ յաջորդին եւ ամէն տեղ, որ կ՛այցելէ չզլանայ կտրոնին համապատասխան տեղը նշելու պէտք եղածը, ապա իմ նման «տգէտ» այլ քաղաքացիներուն ալ ժամանակը ի զուր չի վատներ…: Խնդիրը աւելի երկարեցաւ: Ժամը եղաւ 11:30: Բարեբախտաբար սորվելու ընդունակ նկարագիրիս բերումով ժամանակին լսած էի իմ մեծերէն, որ եթէ անհեթեթ քննարկումի մը մէջ կ՛ուզեմ վերջին խօսողը ըլլալ, ապա պէտք է անմիջապէս դիմացինիս ըսեմ, որ ինք իրաւունք ունի եւ ես եմ, որ սխալած եմ…:

Չեմ գիտեր ինչո՞ւ սակայն շուտով միտքս ինկաւ, որ ընդամէնը քանի մը տարի առաջ էր, երբ Հայրենիքիս օրուայ Վարչապետը, իրեն յաջորդը ըլլալու համար փողոց իջած Վարչապետցուին, նման բան մը ըսաւ, կամայ-ակամայ դուռը բանալով մեր ժողովուրդին ապրած պատմական այս թիւրիմացութեան…:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img