Հայագիտական Եւ Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական Կեդրոններոի Դասաւանդութիւնները
23 Հոկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական կեդրոնը սկսաւ իր 2020-2021 տարեշրջանի դասընթացքները՝ շուրջ 25 ուսանողներով:
Կեդրոնը կը շարունակէ հայագիտական իր դասաւանդութիւններուն նոր հանգրուանը, ուր ուսանողներ, հետեւելէ ետք երեք տարուան վրայ երկարող ծրագիրին, կը ստանան համապատասխան վկայագիր։ Դասընթացքին ծրագիրը կը ներառէ՝ կրօնագիտութիւն, հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, մատենագրութիւն, երաժշտութիւն, մամուլ եւ տեղեկատուութիւն, հայոց պատմութիւն, հայ դատ, լեզու եւ քերականութիւն, մանկավարժութիւն, արուեստ, թատրոն, հայկական կալուածներու իրաւական վիճակը Թուրքիոյ մէջ նիւթեր։
Նոյնպէս, Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական Կեդրոնը իր BT, TS եւ LT ծրագիրներով սկսաւ իր դասաւանդութիւնները։
Բարի վերամուտ բոլորին։
Կրթական-Հայագիտական
Գրասենեակ