Մինչ կառավարութիւն կազմելու քաշքշուքն ու քաղաքական պազարը կը շարունակուի Լիբանանի քաղաքական բեմին վրայ, առողջապահական առումով արդէն իսկ շրջանցուած է կարմիր գիծը: Երէկ Լիբանանի տարածքին գրանցուեցաւ 2089 քորոնաժահրով վարակուած հիւանդներ եւ արձանագրուեցաւ 7 մահուան դէպք:
Ռաֆիք Հարիրիի անուան Պէյրութի պետական հիւանդանոցի աղբիւրները ազդարարեցին, որ հակառակ արգելափակումներուն, վարակուողներուն թիւը կրնայ աւելի եւս աճի յաջորդող օրերու ցուրտ եղանակին պատճառով, որ աւելի եւս անելի դէմ յանդիման պիտի դնէ լիբանանեան առողջապահական համակարգը: