«Երկու եղբայրներս ճակատ մեկնեցան, երկուսն էլ զոհուեցան։ Մին յուղարկաւորեցինք, միւսը մնում է անյայտ»
Արցախցի Տիկինը
Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Վկայուհի Տիկինը
Ահարկու պատերազմը ընդդէմ Արցախի Հանրապետութեան գրաւած է բոլորիս միտքն ու սիրտը։ Ամէն վայրկեան աւելի լաւ լուրեր ակնկալելու մեր իղձը կը մնայ ինքն իր մէջ։ Կը դիտէի տեսաերիզ մը եւ պատահմամբ երիտասարդ կնոջ այս վկայութիւնը լսեցի խոր յուզումով, հազիւ քառասնամեայ, գեղադէմ սեւաչեայ, որուն երկու եղբայրները ճակատ մեկնած էին, երկուքն ալ զոհուած, մէկուն յուղարկաւորութիւնը կատարուած, եւ միւսը՝ տակաւին անյայտ։
Սիրուն այս կինը չէր լար, չէր ողբար։ Արդէն լացեր էր քանի՛ անգամ։ Գոնէ տեսաերիզը դիտողը չէր տեսներ իր ողբալը։ Փոխարէն կը կրկնէր «էստեղից ոչ ոք չի հեռանայ։ Մնում ենք էստեղ»։ Կոտորածը համատարած եւ սակայն քաջորդիք կը դիմանան։ Կը կռուին ու յաղթանակի կը սպասեն։ «Մնում ենք էստեղ»։ Սա արդէն յաղթանակ է ինքնին։
Մտահոգ եւ Յուզումնալից
Կը դիտէի նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին դէմքը իր սրտառուչ ուղերձին միջոցաւ։ Այս անգամ պիտի համարձակիմ ըսել գրեթէ յուսահատ։ Դէմքն ու խօսքը զիրար կը լրացնէին ներքին յուզումով եւ անպայման ներքին բնազդային վախով թէ ո՛ւր պիտի հասնի հայուն ճակատագիրը։ Կը դիտէի նաեւ մեր պատասխանատու պետական անձանց՝ Հայաստանի Վարչապետին ու Արցախի Նախագահին՝ իրենց հարցազրոյցի պահուն։ Անոնց եւս այս անգամ կը յամենար վստահութիւնն ու անվախութիւնը իմ վարանոտ աչքերուս դիմաց։ Գիտէին վտանգին մշտական ներկայութիւնը ահարկու եւ անդադրում ռմբակոծումներովը ու կը գիտակցէին թէ որքան պատասխանատու դիրքերու վրայ կը գտնուէին։ Երեքին դէմքերը նոյնը՝ եւ սակայն արտայայտութիւնը բացառապէս մտահոգիչ։
Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Մայր Եկեղեցին
Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Մայր Եկեղեցւոյ ռմբակոծումը փշաքաղեց բոլորս։ Մանաւանդ երբ տեսանք Թեմակալ Առաջնորդին քար ու քանդ եկեղեցւոյ Սուրբ Խորանին առջեւ արտասանած սրտաճմլիկ աղօթքը։ Մեր սիրելի Սրբազանը թաց աչքերով կ՛աղօթէր ահաւոր այդ իրողութեան դիմաց զոր երբե՛ք պիտի չտեսներ իր քաջարթուն համոզումով։ Երբե՛ք։ Զինք մօտէն ծանօթանալուս կրնամ հաստատել իմ ըսածները։ Սակայն տեսէք ի՛նչ կ՛ըսէր սեւաչեայ սիրուն այդ երիտասարդ տիկինը, երբ փոխանակ ողբալու իր երկու եղբայրներուն նահատակութեան վրայ, պիտի մնանք այստեղ կ՛ըսէր ու կը հաստատուէր որպէս մխիթարութիւն։
Տիկնոջ օրինակը մէկն է բոլոր միւսներէն որոնք եւս մեծագոյն կորուստներ արձանագրեցին՝ յուսալից յաղթանակի վաղորդայնը հիւսելով։ Ի՛նչ քաջութիւն եւ ո՛րքան համբերութիւն։ Թշնամին հոն է եւ պիտի մնայ հոն տակաւին։ Հայուն փրկութիւնը թշնամիին ձեռքը չէ։ Վկայ մերօրեայ նահատակները՝ հարիւրներով։ Ափսոս, անոնք պիտի կերտէին հայուն մնացորդացը ու հազարներով բազմացնէին Արցախի հայութիւնը հարիւրաւոր սերունդներու ճամբով։ Եթէ այս ցեղասպանութիւն չէ, ուրեմն ի՛նչ կրնայ ըլլալ։ Ճիշդ է պատերազմի արդիւնք է, եւ սակայն ինչո՞ւ պատերազմիլ երբ ի վերուստ ապրելու շնորհքն ու իրաւունքը տրուած են մարդկութեան։
Ռմբակոծում եւ Քաջարի Դիմադրութիւն
Կը մտածեմ երբեմն արդեօ՞ք հայերս ալ սխալներ գործեցինք երեսուն տարի առաջ աւելի ընդունելի միջին ճամբայ մը չգտնելով։ Սակայն ո՞րն է այդ միջին ճամբան երբ Արցախ Նահանգը հինաւուրց դարերով նուիրական դարձած իր Գանձասար, Ամարաս ու Ամենափրկիչ հնագոյն վանքերովն ու եկեղեցիներով կանգուն՝ կը հանդիսանան Աստուածապարգեւ վկայութիւնները Արցախի նահանգին։ Հայոց դարերու պատմութիւնը ոտնակոխ ընել հարիւրամեայ կոպիտ սխալի մը հաշւոյն ո՛րքան արդարանալի կրնայ ըլլալ։ Այո՛, միայն դատապարտելի կ՛ըլլայ եւ աղիտաբեր ինչպէս եղաւ սա մեր օրերուն։
Այս վերջին ժամերուն կրկին կը խօսուի անորոշ հրադադարի մը մասին, բանակցութիւնները վերսկսելու մասին, եւ սակայն պայմաններ կ՛առաջարկուին որոնց գլուխն է անուղիղ եւ պառակտիչ անձնատուութիւնը Արցախի Հանրապետութեան։ Ո՞վ որմէ առած է, եւ որո՞ւն պիտի տայ։ Աստուածապարգեւ Արցախը մէկ անգամ տրուած է, եւ տրուած արցախցի հայուն։ Պատմութիւնը շատ հին է, վկայութիւններով եւ յուշարձաններով հարուստ։ Թուրքերո՞ւն մնաց ճշդումը կատարել։
Երրորդ Փորձը՝ Ամերիկայէն
Պայթուցիկ կացութիւնը տեղական չէ միայն, այլ շրջանային եւ համաշխարհային։ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջնորդած հրադադարի երկու նիհար փորձերը չիրագործուեցան, եւ այս անգամ Միացեալ Նահանգաց Ամերիկայի մեր մեծարգոյ Նախագահը, ժամանակը շատ յարմար տեսնելով, Նախագահական ընտրութեան յառաջիկայ երեքշաբթի օրը, լիաշուրթն գովասանքով եւ վերջին վայրկեանի հաւաստումներով «ուրախ լուրեր» արձակեց, մինչ սա վայրկեանիս անդին ահռելի պատերազմը կը կործանէ Արցախն ու մեր ժողովուրդը, «Դուք կարո՞ղ էք ինձ հաւատալ» տարօրինակ եզրաբանութեամբ։ Այս պարագային հաւատալն ու չհաւատալը զիրար կ՛արժեն։
Նախագահ Թրամփ անցեալ Կիրակի Նիւ Հեմփշըրի մէջ կ՛ըսէր, «Այստեղ ներկայ է Հայաստանը։ Նայեցէք հայերուն սքանչելի մարդիկ են՝ կատաղի կռուողներ։ Անոնք դժուար օրեր կ՛ապրին այս օրերուն, մահեր ունին եւ մարտեր կը մղեն։ Այդ ամբողջը կը կարգադրուին։ Ըսէ՛ք ձեր ժողովուրդին որ հարցերը հեշտ կը լուծուին եթէ գիտես ընելիքդ։ Դուք կարո՞ղ էք ինձ հաւատալ»։ Անշուշտ Հայաստանն ու Արցախը գոհունակութեամբ պիտի հաւատան Նախագահին եթէ իր միջնորդած կամ հրահանգած հրադադարն ու պատերազմի վերջը տեսնենք ա՛յս շաբթուն, երեքշաբթի օրուան նախագահական ընտրութենէն առաջ։ Անկէ ետք ակնկալելիք ոչինչ պիտի ունենանք, որուն փոխարէն պիտի հաւատանք ու կրկնենք արցախցի սիրուն տիկնոջ հաւատքը՝ «էստեղից ոչ ոք չի հեռանայ։ Մնում ենք էստեղ։»
Զինուորներ Կը Մկրտուին
Մայր Աթոռէն խումբ մը հոգեւորականներ ճակատ մեկնեցան խրախուսելու երիտասարդ զինուորները։ Անոնցմէ անոնք որոնք չէին մկրտուած, ռազմադաշտին վրայ ստացան Մկրտութեան եւ Դրոշմի Խորհուրդները՝ ձեռամբ Ամենայն Հայոց Հայրապետին կողմէ ուղարկուած հոգեւորականներուն։ Հոս կը հանդիսաւորուի մեր այս օրերուն մեր երիտասարդներուն զոհաբերութեան գերագոյն նշանը՝ Քրիստոսով յաղթելու։ Սրբալոյս Միւռոնը իրենց ճակտին բոլորը միասին պիտի դիմաւորեն յաղթանակը որուն համար իրենց զոհուած զինակիցները արեամբ մկրտուեցան վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց։ Հարազատ կրկնօրինակը կ՛ապրի հայ ժողովուրդը հնագոյն Վարդանանց եւ մօտաւոր անցեալի Սարդարապատի գոյամարտերուն, նորագոյն Արցախեան այս գոյամարտով։
ՏԷՐ ՈՒՂՂԵ՛Ա ԶԳՆԱՑՍ ՄԵՐ Ի ՃԱՆԱՊԱՐՀՍ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ։