Ռիչըրտ Յովհաննէսեան (ծնած՝ 9 Նոյեմբեր 1932, Քալիֆորնիա), ամերիկահայ պատմաբան է եւ Professor Emeritus UCLA-ի մէջ։ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան ճանչցուած է յատկապէս իր չորս հատորէ բաղկացած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան մասին իր գիրքերով։ Այս գիրքերը ակադեմական, գիտական աշխարհին մէջ ընդունուած են որպէս հիմնաւոր աշխատութիւններ պատմական տուեալ ժամանակահատուածին մասին։
Ռիչըրտ Յովհաննէսեան ծնած է 1932 թուականի Նոյեմբեր 9-ին Քալիֆորնիա։ Ան իր հայկական ինքնութեան աղբիւրը գտած է Ֆրեզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, ուր ան մաս կը կազմէր երգչախումբին։
1954 թուականին Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը աւարտեց UC Berkeley համալսարանը եւ տարի մը անց՝ 1955 թուականին, մեկնեցաւ Լիբանան։ Արդէն 1956 թուականին, հեռանալով Պէյրութէն, Ռիչըրտ վարժ կը խօսէր եւ կը գրէր հայերէն։
1966 թուականին ան մեծ յաջողութեամբ պաշտպանեց գիտական թէզը՝ «Հայաստանը անկախութեան ճանապարհին» թեմայով։ 1968 թուականի գարնան, Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի անմիջական մասնակցութեամբ, Լոս Անճելըսի մօտ Montebelloի Bicknell զբօսայգիին մէջ, ութասիւն յուշարձան բացուեցաւ, որ նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին։
Ռիչըրտ Յովհաննէսեան 60էն աւելի գիտական յօդուածներու եւ մօտ 20 մենագրութիւններու հեղինակ է։ Ան արժանացած է Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բարձրագոյն կարգի շքանշանով՝ Իշխանի շքանշանին , Կիլիկիոյ Ասպետ շքանշանին եւ այլ շքանշաններու։
Հաշուի առնելով Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի գիտական, մանկավարժական, հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած մեծ վաստակը, ինչպէս նաեւ մայր հայրենիքի հետ սերտ կապերը՝ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիան 1990 թուականին անոր ընտրած է որպէս ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ։
Ռիչըրտ Յովհաննէսեան ցայսօր մեծ ջանքեր կը ներդնէ հայապահպանութեան, ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ եւ սերտօրէն կը համագործակցէ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի եւ գիտակրթական այլ հաստատութիւններու հետ։