Ուրբաթ, 29 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հետ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Տեղեկատուական Բաժանմունքի Հարցազրոյցը

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

1) Վեհափառ Տէր, կրնայի՞ք համառօտ տեղեկութիւն մը տալ մեզի Ղարաբաղի պատերազմական ներկայ իրավիճակին մասին։

Նախ պէտք է պատմական ճշգրտութեան դիմելով յստակեցնել, թէ Ղարաբաղի իսկական անունը Արցախ է, որ Հայաստանի կարեւորագոյն մարզերէն մէկը եղած է եւ պատմութեան ընթացքին հակառակ բոլոր տեսակի աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններուն եւ վերիվայրումներուն, մնացած է հայաբնակ շրջան։ 1918-ին, նոր հիմնուած Ազրպէյճանի հանրապետութիւնը յայտարարեց, թէ Արցախը իր հողատարածքին մէջ կ’առնէր, որուն դիմաց հայերը մերժելով այդ որոշումը Արցախը յայտարարեցին որպէս անկախ վարչաքաղաքական շրջան եւ ընտրեցին ազգային ժողով եւ կառավարութիւն։ Արցախի եւ ազերիներուն միջեւ 1920-ի պատերազմի աւարտին, հայերը Արցախը միացուցին Հայաստանին։ 1921 Յուլիս 4-ին, Ռուսիոյ համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական յանձնաժողովը համաձայն գտնուեցաւ Արցախի Հայաստանին միացման պահանջքին։ Մէկ օր ետք, Սթալինի միջամտութեամբ, Արցախը որպէս անջատ ինքնավար շրջան, մաս կազմեց Ազրպէյճանի հողային տարածքին։ Սովետական շրջանին հակամարտութիւնը ժամանակաւորապէս հանդարտեցաւ. սակայն, Սովետական շրջանին Արցախի հայութեան կեանքը պղտորեցաւ ազերիներու կողմէ գործադրուած հալածանքով ու խտրականութեամբ։ 1980-ական թուականներու աւարտին, Սովետական Միութեան փլուզումի օրերուն, Արցախի հարցը կրկին արծարծուեցաւ եւ 1991-ի Դեկտեմբերի 10-ին, Արցախի հայերուն կողմէ անկախութիւն հռչակուեցաւ, ինչ որ պատճառ դարձաւ հայ-ազերի պատերազմին, որ վերջ գտաւ 1994-ին։ Անցնող 25 տարիներուն, Արցախը ծաղկեցաւ ընկերային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ։ Որպէս անկախ հանրապետութիւն, ան մշակեց իր կանոնագրութիւնը, ունեցաւ իր նախագահը, խորհրդարանը եւ կառավարութիւնը։

2) Անցնող 25 տարիներուն, հակամարտութեան քաղաքական լուծումի մը յանգելու աշխատանքներ տարուեցան. կը խորհի՞ք թէ պէտք է շարունակուին այդ ճիգերը։

1994-ին ստեղծուած ԵԱՀԿ Մինսկը, որուն համաատենապետ երկիրներն են Ռուսիան, Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները, մեծ ճիգ ի գործ դրին հակամարտութեան խաղաղ լուծում մը գտնելու միտող։ Սակայն, Սեպտեմբեր 27-ին, Թուրքիոյ կողմէ օժանդակուած եւ պատրաստուած Ազրպէյճանի յարձակումը նոր կացութիւն մը ստեղծեց՝ աւելի բարդացնելով ու խորացնելով հակամարտութիւնը։ Հայաստանը միշտ կողմնակից է եղած քաղաքական խաղաղ լուծման։ Այս եղած է ու կը շարունակէ մնալ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի մօտեցումը։

3) Վեհափառ Տէր, Արցախի հակամարտութեան մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը ինչպէ՞ս կը գնահատէք։

Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին խօսած ժամանակ հարկ է նկատի առնել հետեւեալ կէտերը.- առաջին, նախ ակնյայտ է, որ Ազրպէյճանը կը վայելէ Թուրքիոյ ռազմական ամբողջական օժանդակութիւնը։ Այսինքն, Թուրքիան ոչ թէ միայն պատերազմը քաջալերողն է, այլ նաեւ՝ ղեկավարողը Ազրպէյճանի ռազմական թէ քաղաքական որոշումներուն։ Երկրորդ, Միջին Արեւելքի եւ արաբական-իսլամական երկիրներուն մէջ իր ազդեցութիւնը ամրապնդելու հետեւողական փորձերէն ետք, հիմա Թուրքիան կը ջանայ Կովկասի մէջ ներկայութիւն դառնալ՝ Ազրպէյճանը որպէս կամուրջ օգտագործելով։ Արդեօք Ռուսիան պիտի թոյլատրէ՞ Թուրքիոյ կողմէ նման վտանգալից քայլ մը…։ Երրորդ, անցնող քանի մը տասնամեակներուն, ակներեւ էր Թուրքիոյ կողմէ նոր ձեւաչափերով ու մարտավարութեամբ կիրառուող եւ կրօնական ու ցեղային գաղափարներով շաղախուած փանթուրանական ծրագրի վերաշխուժացումը։ Արդ, յիշեալ տուեալները ցոյց կու տան, թէ Կովկասի մէջ իր ներկայութիւնը հաստատելու նպատակով է որ Թուրքիան կ’օգտագործէ Ազրպէյճանը։ Թուրքիոյ հետապնդած աշխարհաքաղաքական նպատակը ուշ կամ կանուխ կրնայ անդարմանելի հետեւանքներու դուռ բանալ շրջանային առումով եւ նոյնիսկ համաշխարհային մաշտապով։

3) Ազերիներ եւ թուրքեր ընկերային ցանցերը կ’ողողեն ապատեղեկութիւններով, խեղադիւրելով պատմական իրողութիւններ։ Ինչպէ՞ս կրնան հայերը հակադարձել այս արշաւին։

Ազերիներ եւ թուրքեր օգտագործելով իրենց նիւթական լայն կարելիութիւնները, ներկայ հակամարտութիւնը կը ներկայացնեն միակողմանի եւ ենթակայական կերպով, որպէս թէ Արցախը Ազրպէյճանին կը պատկանի եւ թէ հայերը գրաւած են զայն բռնի ոյժով, եւլն.։ Հարկ է զգուշութեամբ մօտենալ նման ապատեղեկատուութիւններու եւ առարկայական ու փաստացի տուեալներ փոխանցել հանրութեան, հիմնուելով պատմական ճշմարտութիւններու վրայ։ Արցախը երբեք մաս չէ կազմած Ազրպէյճանին եւ հայեր բռնի ոյժով չեն գրաւած զայն. անոնք դարեր շարունակ ապրած են Արցախի հողին վրայ, զայն նկատելով իրենց հայրենիքը եւ անբաժան ու անբաժանելի մասը Հայաստանին, ինչպէս նշեցի։ 1991-ին Արցախի հայերը վերահաստատեցին իրենց իրաւունքը։ Ա՛յս է իրականութիւնը։

4) Էրտողան հրապարակային իր խօսքին մէջ բացայայտօրէն ըսաւ, թէ ինք պիտի ամբողջացնէ իր նախահայրերուն սկսած ծրագիրը։ Նոր ցեղասպանութի՞ւն մը կը պատրաստուի արդեօք հայերուն դէմ։ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան մերժողական իր քաղաքականութեամբ Թուրքիան դատապարտումի չէ ենթարկուած միջազգային համայնքին կողմէ։ Աշխարհասփիւռ հայեր կը վախնան նոր ցեղասպանութենէ մը։ Ինչպէ՞ս կարելի է կանխարգիլել զայն։

Նախագահ Էրտողան տարբեր առիթներով իր ժողովուրդին ու միջազգային համայնքին դիմաց վերահաստատած է Օսմանեան Կայսրութեան փանթուրանական ծրագիրը վերականգնելու եւ գործադրելու իր միտումը, պահելով անոր գաղափարաբանութիւնը եւ զայն պատշաճեցնելով ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն։ Ինչպէս նշեցի, նման քայլ մը աղետալի հետեւանքներ կրնայ ունենալ շրջանին եւ ամբողջ աշխարհին համար։ Տակաւին հոս չեմ ուզեր անդրադառնալ միջ-կրօնական ու միջ-համայնքային լարուածութիւն յառաջացնող իր գրգռիչ արտայայտութիւններուն։ Հետեւաբար, իսլամական աշխարհը եւ Եւրոպան պէտք է զգոյշ ըլլան ներկայ Թուրքիոյ հեռաւոր ծրագիրներուն ու նկրտումներուն նկատմամբ։ Արցախի հայերուն մօտ ցեղասպանութեան վախը արմատաւորուած է։ Մենք չենք մոռցած Սումկայիթը եւ Թուրքիոյ ներկայ սերունդի նախահայրերուն կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը։ Շրջանին կապուած Թուրքիոյ քաղաքական ծրագիրներուն նկատմամբ միջազգային ընկերութիւնը սոսկ դիտողի դերին մէջ պէտք չէ ըլլայ, պէտք չէ բաւարարուի յայտարարութիւններ կատարելով, այլ պէտք է վճռակամութեամբ գործէ՝ դադրեցնելու Արցախի մէջ տեղի ունեցող ոճիրը։ Ինչ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան, Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը ծանօթ է աշխարհին։ Սակայն, հակառակ Թուրքիոյ ջանքերուն, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը նոր նուաճումներ արձանագրեց մանաւանդ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, եւ վստահաբար պիտի շարունակուի։ Արցախի գծով յստակ է, թէ Թուրքիան մասնակից է հակամարտութեան աւելի սրման ու բարդացման եւ հետեւաբար, չի կրնար մասնակից դառնալ անոր լուծման։ Ինչպէս արդէն նշեցի, Էրտողանին յայտարարութիւնները եւ կեցուածքը երբեք չեն նպաստեր քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան եւ համակեցութեան, աշխարհի մը մէջ, ուր անհրաժեշտ կարիքը կայ ազգերու, կրօններու եւ քաղաքակրթութեանց միջեւ փոխադարձ յարգանքի, հասկացողութեան ու հանդուրժողութեան։

5) Պատերազմը կը շարունակուի, հակառակ զինադադարի որոշումներուն։ Ձեր հայեցողութեամբ, ի՞նչ կրնայ ըլլալ յաջորդ քայլը։

Փաստօրէն, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին միջնորդութեան ճիգերը Ազրպէյճանի ժխտական կեցուածքին պատճառով չյաջողեցան։ Թուրքիոյ ամբողջական օժանդակութեամբ, Իսրայէլի ռազմական-արհեստագիտութեան օգնութեամբ եւ Սուրիայէն եկած վարձկաններու մասնակցութեամբ կատարուող պատերազմը տակաւին կը շարունակուի Ազրպէյճանի կողմէ։ Սա այլեւս տեղական պատերազմ չէ. Հայաստանը առանձին է այս ոյժերուն դիմաց։ Այսօր 35-րդ օրն է պատերազմին։ Նախագահ Մաքրոն, նախագահ Փութին եւ նախագահ Թրամփ առանձնաբար եւ միացեալ յայտարարութիւններով կոչ ուղղեցին մարդասիրական զինադադարի։ Ազրպէյճանը չընդառաջեց այս կոչերուն. ան չյարգեց նաեւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին զինադադարի գծով կայացած համաձայնութիւնները Մոսկուայի, Ուաշինկթընի ու Ժընեւի մէջ։ Ազրպէյճան առաւել վայրագութեամբ կը շարունակէ ռմբակոծել եկեղեցիներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ եւ մարդաբնակ շրջաններ Արցախի մէջ, մինչ հայկական ոյժեր կը հակադարձեն հարուածելով միայն զինուորական դիրքեր։

Ի՞նչ է յաջորդ հանգրուանը։ Այս հանգրուանին զինադադարի հաստատումը առաջնահերթութիւն է։ Զինադադարին պէտք է յաջորդեն քաղաքական բանակցութիւնները նո՛յն ձեւաչափով ու սկզբունքներով։ Այս է երկկողմանի լուծման առաջնորդող միակ ճամբան։ Թոյլ տուէք կրկին շեշտեմ, թէ հայերուն համար Արցախը գրաւուած հող չէ, այլ անբաժան մասն է հայերու դարաւոր հայրենիքին՝ Հայաստանին։ Հայերուն համար անկարելի է ընդունիլ, որ Արցախը Ազրպէյճանի մաս կազմէ։ Աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը հաւատայ, թէ միջազգային ընկերութեան կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը հարցի լուծման ամէնէն ազդու ու մնայուն լուծումն է, ինչպէս նաեւ միակ ազդու միջոցը՝ կանխարգիլելու հայերուն նկատմամբ նոր ցեղասպանութիւն մը։

6) Ի՞նչ է հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը այս պատերազմին մէջ։

Որեւէ հակամարտութեան պարագային, եկեղեցւոյ դերը մարդկային իրաւունքներու եւ արժէքներու, արդարութեան եւ խաղաղութեան պաշտպանութիւնն է։ Ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը մարդկային իրաւունքներու եւ միջազգային օրէնքին կորիզն է։ Հետեւաբար, երբ ժողովուրդին իրաւունքները խլուած են եւ հայրենիքը օտար զօրքերու կողմէ ներխուժումի ենթարկուած, եկեղեցին չի կրնար լուռ եւ անտարբեր մնալ։ Հայ եկեղեցին Հայաստանի, Սփիւռքի թէ Արցախի մէջ աղօթքի կողքին, ընկերային ծառայութեամբ, հանգանակութիւններով եւ այլ միջոցներով կ’օժանդակէ ժողովուրդին ու հայրենիքին։

7) Ի՞նչ կը սպասէք Միջին Արեւելքի եկեղեցիներէն եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի եկեղեցիներէն։

Արցախի հարցը արդարութեան հարց է եւ եկեղեցիներ կոչուած են արդարութեան պաշտպանները ըլլալու եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու։ Ա՛յս է մեր սպասումն ու ակնկալութիւնը եկեղեցիներէն եւ միջ-եկեղեցական շարժումի մարմիններէն։ Յայտնեմ, որ եկեղեցիներ թէ՛ առանձնաբար եւ թէ միասնաբար՝ միջ-եկեղեցական խորհուրդներու ճամբով իրենց զօրակցութիւնը կը շարունակեն յայտնել Արցախի գծով։ Վատիկանը, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը զանազան առիթներով իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին եւ զինադադարի կոչ ուղղեցին։ Արցախի հակամարտութիւնը կրօնական բնոյթ չունի, անիկա առնչուած է մարդկային իրաւունքներուն եւ հայ ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին։ Արդարեւ, ոչ թէ միայն քրիստոնէութեան համար, այլ բոլոր կրօններուն հայեցակէտով՝ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը նուիրական ու արդար իրաւունք մըն է, որ պէտք է յարգուի։ Իմ հրատարակութիւններուն եւ միջազգային համագումարներուն արտասանած խօսքերուն մէջ միշտ յիշեցուցած եմ, թէ եկեղեցին պէտք է յստակ կեցուածք ճշդէ, երբ ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը, ազատութիւնն ու արժանապատուութիւնը վտանգուած են։ Ա՛յս է եկեղեցւոյ հարազատ կոչումը։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img