Երկուշաբթի, 17 Փետրվարի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Հայ Ժողովուրդի Ազգային Անվտանգութիւնը Կարմիր Գիծ Է

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ վերջին աւելի քան 100 տարուայ ընթացքին ապրած արհաւիրքներէն ամենացաւոտ հանգրուանը: Մենք այսօր չունինք Արցախի Հանրապետութեան շուրջ երեք քառորդը: Այնտեղ գտնուող մեր դարաւոր եկեղեցիներուն զանգերը չեն ղօղանջեր այսօր: Մեր ազգային արժանապատուութիւնը դառնօրէն վիրաւորուած է:

44 օր կենաց մահու մարտերէ ետք, նախորդ օրերուն ստորագրուեցաւ Հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար անընդունելի անձնատուութեան յայտարարութիւն մը: Թէ ի՞նչը պատճառ հանդիսացաւ անոր եւ մեղաւորը կամ մեղաւորները որո՞նք էին, ո՞ր ռազմական իրադարձութիւնները մղեցին այս անձանտուութեան՝ ժամանակը պիտի լուսաբանէ: Առ այդ մենք կոչ կ՛ուղղենք, որ ռազամահետաքննական անկախ յանձախումբ մը ինքը գնահատէ իրավիճակը եւ մեղադրանքներ ու ամբաստանութիւններ ուղղէ առ որ անկ է:

Մեր կուսակցութեան դաւանանքին հիմքը հանդիսացող  դեմոկրատականութեան ու բազմակարծութեան որպէս ռահվիրա՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Շրջանային Վարչութիւնը կ՛ողջունէ հասկանալի պոռթկումով մը Երեւանի հրապարակները գրաւած Հայրենի ժողովուրդին զաւակները, միեւնոյն ժամանակ կոչ ուղղելով անոնց՝ իրենց բողոքը արտայայտելու քաղաքացիական օրէնքի սահմաններուն մէջ եւ խաղաղ միջոցներով: Մենք կը յորդորենք մեր եղբայրակիցներուն, իշխանութեան մէջ փոփոխութիւններ տեսնելու իրենց պահանջն ու իրագործումը  սահմանափակել միայն ու միայն սահմանադրական եւ պետական հաստատութիւններու ծիրէն ներս:

Զուգահեռաբար կոչ կ՛ուղղենք հայրենի իշխանութիւններուն հանդուրժողականութեամբ մօտենալու տուեալ ժողովրդային պոռթկումին: Այս առիթով կը յիշեցնենք, որ արդար իշխանութեան մը պարտականութիւնն է ամենաարագ միջոցին՝ ձեռնարկելու ինչ որ պէտք է՝ ընկալելու եւ թեթեւցնելու ստեղծուած զայրոյթը, ի հարկին ընելով հայրենասիրական զիջումներ, միշտ հիմնուելով ու վստահելով նման պարագաներուն համար օրէնսդրին  սահմանած գործընթացին՝ վերականգնելու կամ հաստատելու համար Հայ ժողովուրդին վստահութիւնը՝ հանդէպ իր իշխանութեան:

Հայ ժողովուրդի ազգային անվտանգութիւնը կարմիր գիծ է: Ո՛չ մէկը իրաւունք ունի ազգային անվտանգութեան հաշւոյն արկածախնդրութիւններու դիմելու, փորձարկումներ կատարելու, աթոռին կառչած մնալու կամ աթոռ գրաւելու, ինչպէս նաեւ անձնական թէ հատուածական շահեր հետապնդելու:

Մենք պետականամէտ կուսակցութիւն ենք եւ ո՛չ իշխանամէտ: Մեզի համար հայրենի պետականութեան պահպանութիւնը գերագոյն արժէք է, որուն համար մենք կը հաւատանք, որ պէտք է զոհել ամէն ինչ:

Մեր ժողովուրդը վրդոված է այսօր եւ մեծապէս յուզուած ու վիրաւորուած: Մենք սոսկ տարածքներ չէ, որ կորսնցուցինք: Մեր Հայրենիքին կարեւոր մէկ հատուածն է, որ բռնագրաւուեցաւ: Սակայն մենք պէտք է հասկնանք, որ մեծ պատերազմի մը մէկ ճակատամարտն է, որ կորսնցուցինք, որ աննախադէպ չէ Հայոց դարաւոր պատմութեան մէջ: Քաջարի Արցախը եւ Հայաստանը ընդհանրապէս, ապրած են նմանօրինակ արհաւիրքներ ու շրջանցած զանոնք: Այսօր մենք կը մտնենք հայ դատի նոր հանգրուան մը: Մենք պատրաստ պէտք է ըլլանք անոր:

Մենք պէտք է միշտ յիշենք, որ ունինք մէկ թշնամի: Ան թուրքն է: Մենք իրաւունքը չունինք ներքին պայքարներով մեր սուղ ուժերը ջլատելու: Մեր պայքարի ամբողջ ներուժն ու կարողութիւնները պէտք է վերապահենք թուրքին դէմ մեր պայքարին համար՝ յստակ կողմնացոյցով ու նպատակակէտով:

Այս առիթով մենք դարձեալ կը խոնարհինք Արցախեան պատերազմի զոհերուն յիշատակին առջեւ: Թող, որ հանգիստ ննջեն մեր հերոսները ու անոնց հոգիները հանգիստ ըլլան: Մեզի համար բացուած է պայքարի նոր հորիզոն, որուն համար Հայ ժողովուրդը միշտ ալ ունի ու պիտի ծնի նոր հերոսներ, պիտի փառաբանէ ու սրբացնէ իր անմահացած հերոսները ու այսպէս միասին պիտի քալենք դէպի նոր արշալոյսներ, դէպի դարձեալ պայծառ ապագայ:

Ի ԴԻՄԱՑ`

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

ԱՐՄԷՆ ՎԱՅԷՃԵԱՆ                            ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Ատենադպիր                                                Ատենապետ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img