ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Գեղանկար՝ Գրիգոր Նորիկեանէն
Արեւելահայաստանի Ա. Հանրապետութեան նախագահը՝ Աւետիս Ահարոնեան, անվարան ու անայլայլ անհեռատեսութեամբ գրած է հետեւեալ խօսքերը. «Ես պատրանքը սիրեցի», որ բնազանցական մտածելակերպի պտուղն է։
Եւ հայ պատրանասէրները՝ Շոփենհաուերեան կամապաշտութեամբ, «անկախութեան» բնազանցական ըմբռնումով, եւ թուրքօ-արեւմտեան օրիենտացիայով գործեցին ճակատագրական սխալներ, որոնք պատճառ եղան Բ. Եղեռնի համազօր աղէտներու, որոնց փուլերէն մէկն է միայն «Ղարաբաղեան Առճակատումը», որ վերստին բռնկած է անցեալ Սեպտեմբերի 27-էն ի վեր (յարգելի յօդուածագրին սոյն շահաւէտ յօդուածը գրուած ստորագրուած է Արցախի Պատերազմի այսպէս կոչուած աւարտէն օրեր առաջ — Խմբ.)
Այս պատերազմին ամբողջական վերլուծումը կը պահանջէ սկսիլ՝ պատմական ենթահողէն, երբ գործուած է ճակատագրական սխալը, ապա յիշել՝ 1923-ին, երբ Սովետ Հայաստանը անդամակցեցաւ Սովետ Միութեան, Լեռնային Ղարաբաղի մարզի կարգավիճակին կրած կարեւոր փոփոխութիւնը, յետոյ լուսաբանել՝ ազգային ինքնորոշումի իրաւունքին սահմանումը Միջազգային Հանրային Իրաւունքին մէջ, եւ հուսկ քննարկել՝ այդ իրաւունքին հիմամբ Արցախի անկախութեան հռչակումին յաջորդող առաջին պատերազմին 1994 թուի հրադադարը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի համանախագահներու նշանակումն ու այդ համանախագահ երկիրներուն Ռուսաստանի խաղալիք դերին համար դիամագրաւած մարտահրաւէրները։
1 – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵՆԹԱՀՈՂԸ
1920 թ. Ապրիլի 26-ին, Քեմալի նամակը Լենինին, եւ միայն երկու օր ետք՝ Ատրպէյճանի սովետական իշխանութիւն հռչակելը Ապրիլի 28-ին…Քեմալ-Մուսաւաթական անսպասելի դիմաշրջում մըն էր (փրակմաթիկ), որուն շարժառիթն էր, մէկ կողմէ՝ փրկուիլ… եւ միւս կողմէ՝ օգտուիլ Հոկտեմբերեան յաղթական Յեղափոխութեան հզօրութենէն (երբ Յեղափոխութիւնը՝ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, Էնվէր Փաշայի հրամանատարութեան տակ գործող Պասմաչիական փանթուրքական բանակի ասկեարները կը կոտորէր…)։ Ասիկա՝ տիպական թրքական փրակմաթիզմն է։ Դժուարին կացութիւններու առջեւ, երբ թուրքը՝ վերապրելու համար, բանի մը մէջ կը նահանջէ, եւ՝ ամբողջը կորսնցնելու փոխարէն կը զիջի մաս մը միայն…։ Այս փրակմաթիզմը,– որ օրինակելի է մասնաւորաբար փոքր երկիրներու, եւ առաջին հերթին՝ Արեւելահայաստանին… –, յաջորդաբար կիրարկեցին օսմանական ու քեմալական իշխանութիւնները. Սուլթանը՝ Սեւրի Դաշնագրի նկատմամբ, իսկ Քեմալը՝ Հոկտեմբերեան Յեղափոխութեան նկատմամբ, եւ տակաւին՝ Էրտողանի Թուրքիան ալ պատրաստ է կիրարկելու այս փրակմաթիզմը, երբ ստիպուի։ Օրինակ. երբ մենք ամբողջական հաւատարմութիւն ու վստահութիւն ցոյց տանք՝ մեր միակ հզօր ու գոյութենական դաշնակիցին փանթուրքական սպառնալիքին դէմ – Ռուսաստանին, հրաժարելով անոր դէմ հաւասարէ հաւասարի տխմար ու փանջունիական յոխորտանքներէն, որոնք ոչ միայն կը հակասեն իմաստուն փրակմաթիզմին, այլեւ՝ կը փաստեն անինքնավստահութիւն մը, մեր իշխանաւորներուն մօտ, եւ՝ անոնց չունեցած վստահութիւնը մեր ժողովուրդին հանդէպ։ Որովհետեւ՝ իմաստուն փրակմաթիզմին պահանջած համեստութիւնը եւ կշռադատ յարգանքը աւելի զօրաւորին առջեւ, կը պահանջէ քաջութիւն, որուն աղբիւրն է ժողովուրդը, որ իր կարգին կը պահանջէ որ իշխանաւորը վստահութիւն ցուցաբերէ անոր հանդէպ…։ Գարեգին Նժդեհ ճիշդ դիտարկած է. «Ժողովրդից է՝ ամէն յաղթանակ. անկարող ղեկավարից՝ ամէն պարտութիւն»։ Եւ երբ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, Կարմիր Բանակին՝ Պասմաչիական բանակին դէմ մղած պատերազմին, եւ Կարմիր Բանակի հայ հրամանատարներէն Մելքումեանի կողմէ Էնվէր Փաշայի զգետնումին ի տես՝ փանթուրքական հակա-յեղափոխական Մուսաւաթը կը սկսի խօսիլ Բոլշեւիկեան բառապաշարով ու «յեղափոխական» դարձած ազերի բանուորագիւղացիութեան անունով, եւ կը դատապարտէ «մուսաւաթ դաւաճանները»։ Այսպիսով՝ Քեմալ-Մուսաւաթ ճակատը կը դառնայ «զինակից»ը Հոկտեմբերեան Յեղափոխութեան, որպէս՝ Հարաւային Կովկասի մէջ, միակ թշնամի ունենալով՝ հակառուսական եւ հակայեղափոխական Արեւելահայաստանի իշխանութիւնը, որ կը մերժէր որդեգրել ռուսական յեղափոխութեան արեւելումը, եւ արեան մէջ կը խեղդէր Մայիսեան բոլշեւիկեան ապստամբութիւնը Արեւելահայաստանի մէջ, երբ արդէն մինչ այդ, Կարմիր Բանակը՝ առանց դիմադրութեան հասած ու գրաւած էր Պաքուն եւ հռչակուած էր Ատրպէյճանի խորհրդայնացումը…։ Եւ… արդէն՝ Ապրիլի 29-ին, «Սովետական Ատրպէյճանի Յեղկոմ»ը հետեւեալ հեռագիրը ուղարկած էր Արեւելահայաստանի «թշնամի» կառավարութեան. «Ատրպէյճանի Սովետական Հանրապետութեան բանուորագիւղացիական կառավարութիւնը, ի դէմս Յեղափոխական Կոմիտէի, պահանջում է. Ա) Ձեր զօրքերից ազատել Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը, եւ Բ) Վերջ տալ ազգամիջեան կոտորածներին։ Այլապէս՝ Ատրպէյճանի Սովետական Հանրապետութեան Յեղկոմը ստիպուած կը լինի պատերազմի մէջ մտնել Հայաստանի Հանրապետութեան հետ։ Սպառնագիրի վերջնաժամկէտը 3 օր է»։
Այս վերջնագիրը կը գործադրուի Ղարաբաղի մասով, բայց Զանգեզուրը կը փրկուի՝ Գարեգին Նժդեհի դիմադրութեան շնորհիւ…։
Պատմական անցեալի փորձէն եւ աշխարհաքաղաքական տեսանկիւնէն, Հարաւային Կովկասի երեք հանրապետութիւններէն ո՞վ պիտի ըլլար առաջինը, որ պիտի զինակցէր Ռուսաստանի սոցիալիստական յեղափոխութեան հետ, որ Փանթուրքիզմի դէմ հռչակած էր անողոք պատերազմ։ Ան՝ որ փանթուրքակա՞ն էր, թէ՞ ան՝ որ թիրախն էր, եւ առաջին անմիջական թիրախը Փանթուրքիզմի։ Կա՞յ արդեօք Հայ մը այսօր, որ պիտի ըսէր, թէ՝ ան պէտք չէ ըլլար… Արեւելահայաստանը։ Սակայն, այդ ճակատագրական օրերուն, գտնուեցաւ, դժբախտաբար, իշխանութիւն ունեցող Հայ կուսակցութիւն մը, որ այդպէս ըսաւ… ոչ միայն Հոկտեմբերեան Յեղափոխութեան առաջին օրերուն, երբ տակաւին որոշ չէր Յեղափոխութեան վերջնական յաղթանակը, այլ՝ երեք տարիներ վերջ ալ (1920 թուին), գէթ՝ Քեմալ-Մուսաւաթ դիմաշրջումի անմիջական վաղորդայնին, դաս առնելով թշնամիներէն… երբ մանաւանդ՝ Մայիսեան բոլշեւիկեան ներհայկական ապստամբութիւն մը կար արդէն երկրին մէջ, մինչդեռ նման ապստամբութիւն գոյութիւն չունէր Ատրպէյճանի մէջ…։
Այս աղիտաբեր սխալը՝ հետեւանքն էր այդ կուսակցութեան բնազանցական մտածելակերպին, Շոփենհաուերեան կամապաշտութեան, որ կը կարծէ թէ՝ կամենալը բացարձակ կարենալ է, հակառակ առարկայական արգելքներու եւ նպաստաւոր պայմաններու չգոյութեան։ Նաեւ՝ կոյր հակառուսականութեան ու տոկմաթիկ արեւմտաթրքամէտ արեւելումին, պատրանասիրութեան, ինքնասիրահարութեան, ինքնանպատակութեան ու մենատիրական ցանկատեսութեան։ Մինչդեռ, Գարեգին Նժդեհ կը դիտարկէր. «Մի ժողովրդի լինել-չլինելային պատմական պայմաններում, ղեկավարի չափանիշը պէտք է լինի՝ ի՞նչ կը թելադրէ երկրիս եւ ժողովրդիս յաւիտենական շահը, եւ ոչ թէ այն օրուայ իշխանութեան շահը»։
2 – ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԻՆՔՆԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ
Անցողակի յիշենք, որ Նախիջեւանը, Զանգեզուրը եւ Ղարաբաղը, 1918 թուին, Միջազգային Հանրային Իրաւունքին մէջ, վիճելի տարածքներու կարգավիճակ ունէին։ Ի վերջոյ, Նախիջեւանը դարձաւ ինքնավար հանրապետութիւն Ատրպէյճանի կազմին մէջ, Զանգեզուրը կցուեցաւ Արեւելահայաստանին։
Իսկ Ղարաբաղը՝ Ռուսաստանի Կոմկուսի Քաղպիւրոյի 4 Յուլիս 1921 թուի որոշումով, մաս կազմեց Սովետական Հայաստանին։ Բայց, նոյն Քաղպիւրոյի 5 Յուլիս 1921 թուի որոշումով, Ստալինի պնդումով, մաս կազմեց Ատրպէյճանի։
1923 թուին, երբ Սովետ Հայաստան անդամակցեցաւ Սովետ Միութեան, Ղարաբաղ ստացաւ ինքնավար մարզի կարգավիճակ՝ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, եւ Սովետ Միութեան Սահմանադրութեան եւ պետական քարտէզին մէջ կոչուեցաւ ԼՂԻՄ (Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ)։
Ինքնավարի այս կարգավիճակը խիստ կարեւոր փոփոխութիւն մըն էր, որ կը նշանակէր թէ Ղարաբաղ կցուած չէր Ատրպէյճանի հողամասին, այլ՝ ինքնավար մարզ մըն էր Ատրպէյճանի լոկ կազմին մէջ։
Երբ ԼՂԻՄ-ի Սովետը որոշեց միանալ Սովետ Հայաստանին եւ Ատրպէյճան հակառակեցաւ, Կորպաչեւ առաջարկեց Ղարաբաղը դուրս հանել Ատրպէյճանի կազմէն եւ ուղղակի կապել Մոսկուայի, որպէս սովետական «տերիտորիա»ներէն մէկը, որուն կառավարիչը Վոլսկին պիտի ըլլար։ Ասիկա մեր կողմէ մերժուեցաւ կտրական կերպով (Մեր համոզումով՝ առանց լուրջ քննարկման։ Որովհետեւ՝ Ատրպէյճանի կազմէն դուրս հանուիլը կրկին կը հաստատէր անոր կցեալ չըլլալը… եւ վերահաստատած կ՚ըլլար անոր ինքնորոշուելու իրաւունքը…)։ Սակայն, ասիկա փաստ մըն է, որ Ղարաբաղ կցուած չէր Ատրպէյճանի։ Եւ միւս փաստը այն է՝ որ եթէ Ղարաբաղ ունեցած չըլլար ինքնավարի կարգավիճակ, իրաւունք չէր ունենար անկախութիւն հռչակելու՝ ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ։
3 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ
Ազգային ինքնորոշման իրաւունքը, Միջազգային Հանրային Իրաւունքին մէջ, ճանչցուած է իբր erga omnes (այսինքն՝ բոլոր-բոլորին պարտադիր իրաւունք, ներառեալ Ատրպէյճանին)։ Իսկ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւնները, ոչ միայն իրաւունքը ունին, այլեւ՝ բարոյական պարտաւորութիւնը՝ օգնելու ինքնորոշուող ժողովուրդին։
Ատրպէյճան իրաւունք չունի այս իրաւունքին հակադրելու իր հողային ամբողջականութեան սկզբունքը, քանի որ Ղարաբաղը մաս չի կազմեր իր հողամասին, եւ ոչ ալ արդէն անկախ պետութիւն մըն է, որ իրմէ հող կը պահանջէ (ինչպէս օրինակ Հայաստանը հող չի պահանջեր)։ Ղարաբաղն է որ կ՚ուզէ դուրս գալ Ատրպէյճանէն՝ իր այս իրաւունքին կիրարկումով։ Ինքնորոշման իրաւունքին ոչ համազօր է եւ ոչ ալ հակադրելի՝ հողային ամբողջականութեան սկզբունքը, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մեղքով հակադրելի նկատուեցաւ։ Սկզբունքի դաշտը հորիզոնական գիծն է երկու անկախ պետութիւններու միջեւ։ Իրաւունքի կիրարկութեան դաշտը ուղղահայեաց գիծի վրայ է՝ տիրապետողին եւ տիրապետուածին միջեւ (վարէն վեր)…։
Միջազգային Հանրային Իրաւունքը կը պահանջէ նաեւ՝ որ ժողովուրդի մը անկախութեան հռչակումը ճանչցուի ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններուն կողմէ (եթէ ոչ բոլորէն, գոնէ կշիռ ներկայացնող խումբի մը կողմէ), եւ որուն իրականացման համար՝ մեծ օգտակարութիւն կ՚ունենայ ինքնորոշուող ժողովուրդին բարեկամ եւ օգնական պետութեան մը դիմումը Միջազգային Արդարադատ Ատեանին (CIJ – Cour Internationale de Justice), պահանջելով այս Ատեանի իրաւախոհական (juris prudence) կարծիքը, թէ՝ տուեալ ժողովուրդը ճիշդ կիրարկա՞ծ է իր ինքնորոշումի իրաւունքը, եւ՝ յաջողա՞ծ է լրացնելու անկախ պետութեան մը պայմանները։ Այս Ատեանին (ՄԱԱ) տուած դրական կարծիքը մեծապէս կը նպաստէ անոր միջազգային ճանաչումի աշխատանքին։
Բայց կայ ուրիշ կարեւոր հարցում մը, որ կը վերաբերի այն փաստին, որ երբ Միջազգային Հանրային Իրաւունքը ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններուն տուած է իրաւունք-պարտաւորութիւն՝ օգնելու ինքնորոշուող ժողովուրդին, ինչպէ՞ս բացատրել Ռուսաստանի ցարդ պահած անկողմնակալութիւնը Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, հակառակ անոր որ Արեւելահայաստանը անվտանգութեան համաձայնագիր ունի Ռուսաստանի հետ։
Այս տեղին եւ իրաւացի հարցումին ալ պատասխանը ստորեւ։
4 – ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ
Ա) Առաջնահերթ եւ մեծագոյն մարտահրաւէրը կը հանդիսանայ Ռուսաստանի Դաշնութեան Ռազմական Հայեցակարգը, ըստ որուն Հարաւային Կովկասը եւ Կեդրոնական Ասիան կը կազմեն Ռուսաստանի ազգային անվտանգութեան գօտին, ուր պէտք է պահպանել խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը՝ ամէն գնով։ Ուրեմն. Փութին ստիպուած է, ինքնազսպումով, կարելի չափով յետաձգել իր միջամտութիւնը այս պատերազմին, որպէսզի պատերազմը առաւել չընդարձակուի՝ ուրիշներուն ալ միջամտութեամբ (ինչպէս եղաւ Սուրիոյ մէջ)։ Ընդհակառակը. Փութինի առաջնահերթ պարտականութիւնն է, որքան կարելի է, շուտ հասնիլ հաստատ հրադադարի եւ խաղաղ բանակցութեանց։ Այս ուղղութեամբ, Փութին ծաւալեց լայնածիր աշխատանք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի համանախագահները զօրաշարժի ենթարկելով, որպէսզի հրադադարը դառնայ միջազգային պահանջ։ Այդպէս ալ եղաւ, եւ մեկուսացան՝ Թուրքիան, Ատրպէյճանը եւ Իսրայէլը, միջազգային հարթակին վրայ (Թուրքիան մեկուսացած է այսօր՝ նոյնիսկ ՕԹԱՆ-ի պետութիւններէն…)։ Եւ տակաւին, շարք մը երկիրներու կարգ մը տեղական իշխանութիւնները ճանչցան Արցախի անկախ հանրապետութիւնը, ինչ որ մեծ շահ մըն է մեզի համար, եւ մենք պարտինք այս պատերազմը դարձնել՝ Արցախի անկախութեան ճանաչումին անկորնչելի առիթը։
Բ) Նոյն հայեցակարգէն կը բխի այն միւս մարտահրաւէրը, որ կարողանայ՝ ինքնազսպումով եւ երկար շունչի համբերատարութեամբ, պահպանել իր միջազգային միջնորդի հանգամանքը Մինսքի Խմբակին մէջ (իբր համանախագահ), անկողմնակալ մնալով՝ մէկ կողմէ Ատրպէյճանի եւ միւս կողմէ՝ Արեւելահայաստանի եւ Արցախի միջեւ, որպէսզի Ռուսաստանի ազգային անվտանգութեան գօտիին մէջ բռնկած պատերազմին վերջ դնելու եւ խաղաղ բանակցութեանց ջանքերէն բացակայ չըլլայ Ռուսաստան։
Գ) Ռազմական այս հայեցակարգին մարտահրաւէրներէն է նաեւ այն, որ Փութին կարողանայ հաւասարակշռութիւն մը պահպանել՝ Արեւելահայաստանի հանդէպ իր զինակիցի պարտաւորութեան, եւ՝ Ատրպէյճանի հանդէպ այն նկատառութեան անհրաժեշտութեան միջեւ, չմոռնալու այն փաստը, որ Ռուսական Դաշնութեան մէջ կան 15 միլիոն Ատրպէյճանի կրօնակիցներ…։ Անշուշտ, զինակիցի պարտաւորութիւնը Արեւելահայաստանի նկատմամբ միայն գոյութիւն ունի, բայց ոչ Արցախի։ Ատրպէյճան մէկ անգամ միայն ռմբահարեց Արեւելահայաստանի հողամասը, եւ իսկոյն դադրեցաւ այդ սխալը շարունակելէ ու կեդրոնացաւ Արցախի վրայ, որ անվտանգութեան համաձայնագիր չէ կնքած Ռուսաստանի հետ (քանի որ, Ռուսաստան տակաւին de jure չէ ճանչցած Արցախը)։ (Ռուսաստանի Ռազմական Հայեցակարգը յատուկ հատուածներ ունի Ռուսաստանի զինակիցներուն պաշտպանութեան իր յանձնառութիւններուն շուրջ, որոնց մասին ունինք գրութիւն մը՝ «Ռուսաստանի Անվտանգութեան եւ Ռազմական Նորագոյն Հայեցակարգը եւ Հայաստան» վերնագրով, որ լոյս տեսած է «Արարատ» օրաթերթի 12-18 Օգոստոս 2005 թուակիր համարին մէջ, եւ վերահրատարակուած մեր «Հայեացք եւ Կեցուածք» խորագրով հատորին 119-147 էջերուն վրայ, լոյս տեսած 2018 թուին)։ Ուշագրաւ է այն, որ Ատրպէյճան մերթ ընդ մերթ իր կրակը կը կեդրոնացնէ Հարաւային Արցախի Իրանի սահմանակից շրջանին վրայ…։ Ասիկա ենթադրել կամ կռահել կու տայ, որ Էրտողան (գերագոյն հրամանատարը ազերի բանակին այս պատերազմին մէջ) կ՚ուզէ որ ազերի-վարձկան-թրքական ուժերը՝ Արցախի ներկայի Իրանի սահմանակից շերտը գրաւելով՝ ցամաքային անմիջական կապ ստեղծեն Նախիջեւանի հետ, որուն հարաւ-արեւմտեան կողմը, 8 քիլոմեթրանոց սահմանագիծ մը կայ Թուրքիոյ հետ, եւ գոյութիւն ունի կամուրջ մը (Հասրէթ Քէօփրիւսիւ անունով), որ Նախիջեւանը կը կապէ Թուրքիոյ։ Այլ խօսքով. ստեղծելու համար Փանթուրքիզմի Ծրագրի առաջին յառաջընթացը՝ ցամաքային կապին ստեղծումը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ։
Հարկաւ, Փութինի դէտերը այս պատերազմին մէջ, ուշի ուշով կը հետեւին զարգացումներուն, եւ արդէն անոր հաղորդած են Թուրքիոյ փանթուրքական այս քայլը, որ կ՚ենթադրենք՝ Փութինի համար կարմիր գիծ մըն է Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան եւ կայունութեան դիտանկիւնէն։
Ուշագրաւ է նաեւ այն, որ Իրան դէմ դիրքորոշուեցաւ այս պատերազմին։ Իսկ պատերազմին դէմ բոլորին դիրքորոշումը՝ ի նպաստ Արցախին է (անկախութեան statu quo-ն կ՚ամրապնդէ)։ Սակայն, Իրանի կեցուածքը եզակի իմաստ ունի, երբ կ՚ըսէ թէ թոյլ պիտի չտայ, որ իր սահմանին կից շարունակուի այս պատերազմը (այսինքն. Արցախի Հարաւի այն շերտը, զոր Էրտողան կ՚ուզէ գրաւել՝ Ատրպէյճանը ցամաքի ճամբով Նախիջեւանին կապելու համար, որ ինչպէս տեսանք, Փանթուրքիզմի Ծրագրին առաջին քայլն է։ Իրան եւս թշնամին է Փանթուրքիզմին եւ մեր բնական դաշնակիցը։
Այս պատերազմը դադրեցնելու երկու եղանակ կայ. կամ՝ միջազգային ճնշումին կ՚ենթարկուի Ատրպէյճան ու կը հաստատուի խաղաղութիւն, առանց Ռուսաստանի միակողմանի զինեալ միջամտութեան, եւ կամ ալ՝ այդպիսի միջամտութեամբ։
Փութին կը նախընտրէ անշուշտ առաջին եղանակը։ Սակայն, եթէ Էրտողան յամառի շարունակել իր այս նախաձեռնած պատերազմը, եւ եթէ՝ Փութին բաւարար նկատէ թուրք-թաթարական ճակատի միջազգային մեկուսացումի աստիճանը (որ կրնայ բացառել ուրիշ կողմերու միջամտութիւնը այս պատերազմին), կրնայ որոշել միջամտել՝ վերջնագիր տալէ յետոյ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Ատրպէյճանի, վերջին անգամ կրկնելով իր վերջին հաւաստիացումը, թէ՝ խաղաղ բանակցութիւններով հնարաւոր է հասնիլ համաձայնութեան։
Մեր համեստ կարծիքը այն է, թէ՝ Փութին պիտի չդիմէ միջամտութեան, սպառելէ առաջ խաղաղասիրական ամէն հնարաւոր սենարիօ, որոնց մասնագէտն է ան՝ իր խաղաղասիրական ստեղծագործ մտածողութեամբ։ Օրինակ. կրնայ ազդարարել որ այլապէս պիտի ճանաչում տայ Արցախի անկախութեան, թելադրելով միաժամանակ Արեւելահայաստանի կառավարութեան ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը de juré։ Բայց արդէն իսկ Փութին սկսած է անուղղակի ազդարարութիւններ ուղղել Էրտողանին, թէ՝ շատ վտանգաւոր խաղ մըն է «արիւնաթաթախ ձեռքերով ահաբեկիչներու փոխադրութիւնը Ղարաբաղ…»։
Վերջապէս. մեր հաստատ համոզումը այն է, որ ամէն պարագայի, Փութինի Ռազմական Հայեցակարգը պիտի պաշտպանէ Արեւելահայաստանն ու անկախ Արցախը, որովհետեւ՝ անոնց հզօրութիւնը Փանթուրքիզմի վտանգին դէմ, միակ երաշխիքն է Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան գօտիի պահպանումին, պահպանելու համար Ռուսաստանի ազգային անվտանգութիւնը։ Քանի որ, Ռուսաստանի անվտանգութեան շահերը՝ Փանթուրքիզմի վտանգին դէմ, կը համընկնին երկու Հայաստաններու անվտանգութեան շահերուն հետ…, ոչ թէ ենթակայական «հայասիրութեան», այլ՝ առարկայական ստրատեգիական առումով…։