Ստեփանոս Պետրոս Ժ. Ազարեան (19 Դեկտեմբեր 1826 — 19 Ապրիլ 1899), Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կաթողիկոս- պատրիարք 1881 թուականէն մինչեւ իր վախճանը 1899 թուականին։
Ծնած է 19 Դեկտեմբեր 1826-ին։ Կրթութիւնը ստացած է իր եղբօր՝ Արիստակէս Ազարեանի հետ Վիեննայի Մխիթարեան վանքին մէջ։
Դարձած է կուսակրօն։ Խօսած ու գրած է 8 լեզուներով ։ Կազմած է բառարան յունարէն, իտալերէն, հայերէն եւ տաճկերէն լեզուներով։ Բառարանը լոյս տեսած է 1848 թուին, Վիեննայի մէջ։
1881-ին ընտրուած է Հայ Կաթողիկէ համայնքի՝ Կաթողիկոս-պատրիարք։ Վախճանած է 19 Ապրիլ 1899–ին, Պոլսոյ մէջ։