Երէկ Լիբանանի խորհրդարանը մէկ տարի ժամկէտով վերցուց դրամատնային հանրային հաստատութիւններու հաշիւներու գաղտնապահութիւնը առիթը տալու միջազգային հաշուապահական հաստատութիւններուն կատարելու հետաքննութիւններ որոշ հաշիւներու վրայ:
Հետաքննութիւններ պիտի կատարուին ինչպէս Կեդրոնական դրամատան, նաեւ պետական հաստատութիւններու հաշիւներուն վրայ:
Այս առաջարկը եկած էր Կեդրոնական դրամատան նախագահէն, որուն օրինականացնելը կարեւոր քայլ է թափանցիկութեան ճամբուն վրայ:
Դժբախտաբար սակայն հետաքննութիւններ կարելի չէ սկսիլ առանց նոր կառավարութեան կազմութեան, որ տակաւին կ՛ուշանայ: