Պատիւ Արժանաւորին
Ուրախութեամբ իմացանք, որ ֆրանսաբնակ ընկ. Արման Շէրէֆ իր պատրաստած իւրայատուկ՝ երկլեզու (ֆրանսերէն-անգլերէն) հանրագիտարանին որպէս գնահատանք՝ վերջերս պարգեւատրուած է «Ֆրանսական Վերածնունդ» մետալով: Նշենք, որ «Ֆրանսական Վերածնունդ հիմնարկը հիմնուած է Ֆրանսայի նախագահ՝ Ռէմոնտ Փոանքէրի կողմէ 27 Ապրիլ 1916-ին: Հիմնարկը այսօր՝ հովանաւորութիւնը կը վայելէ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց, Ներքին գործոց, Պաշտպանութեան եւ Կրթութեան Նախարարութիւններուն:
Ընկ. Արման Շէրէֆ 31 Մարտ 2016-ին Ֆրանսայի մէջ հիմնած է «Վահան Թէքէեանի Բարեկամներ» միութիւնը, որ բարեգործական եւ մարդասիրական հաստատութիւն է: Միութիւնը այսօր կը նախագահէ ինքը: Միութեան նպատակն է, նաեւ խթանել՝ Հայաստանի եւ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթին իմացականութիւնը վերոյիշեալ նիւթին հայերէն լեզուով ծանօթանալու դժուարութիւնը ունեցող հանրութեան՝ ըլլան անոնք հայ, թէ օտարազգի:
Ընկ. Շէրէֆի հիմնած միութիւնը նաեւ կը հետապնդէ ընկերատնտեսական մակարդակի վրայ եւ բարեգործական եղանակով օգտակար հանդիսանալ եւ աջակցիլ Հայաստանի մէջ բնակող հայորդիներուն:
«Վահան Թէքէեանի Բարեկամներ» միութիւնը կը համագործակցի ազգային եւ միջազգային զանազան կառոյցներու հետ իրականացնելու իր նպատակները:
Միութեան առաքելութեան մաս կը կազմէ նաեւ Արման Շէրէֆի հեղինակային գործը հանդիսացող հանրագիտարանի հրատարակումն ու աշխարհով մէկ տարածումը:

Արման Շէրէֆի Հանրագիտարանին Նպատակը
Հանրագիտարանի տեսքով հրատարակել եւ հանրութեան ուշադրութեան յանձնել Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը (այս մասին ատենին հանգամանօրէն անդրադարձ կատարուած է ԶԱՐԹՕՆՔ-ի էջերուն մէջ): Հոկտեմբեր 2017ին պատկառելի կազմով հրատարակուած սոյն Հանրագիտարանի բովանդակութիւնը հիմնուած է յատուկ իրերու, մետաղեայ դրամներու, փաստաթուղթերու, դրոշմաթուղթերու եւ այլ խորհրդանիշերու գեղեցկօրէն ներկայացուած ու համադրուած նկարներուն միջոցաւ՝ ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով նկարագրել ու պատմել տուեալ իրին կամ խորհրդանիշին պատմութիւնը:
Տարածել Հայոց Պատմութեան իմացականութիւնը աշխարհով մէկ, ինչպէս տպագիր՝ նաեւ, ընկերային համացանցով եւ ելեկտրոնային այլ միջոցներով:
Բովանդակութիւնը
Տասնեակ մը առարկաներ դասաւորուած ըստ հայկական գիտելիքներու եւ մշակոյթի բոլոր հիմնական ոլորտներուն:
Գեղեցիկ դասաւորում, մատչելի տեսք եւ տեղեկութիւններ, որ կրնայ գրաւել ամէն տարիքի ընթերցողի հետաքրքրութիւնը:
1500-էն աւելի գունաւոր նկարազարդումներ (լուսանկարներ, գծանկարներ, քարտէսներ, գծապատկերներ, նամականիշեր, ծրարներ, մետալներ, զինանշաններ, բացիկներ, պիտակներ, ծխախոտի տուփեր), վերնագրերով՝ դարաշրջան, իրադարձութիւն, որ կը դիւրացնէ հասկնալու բացատրութեան գործընթացը:
Նրբաճաշակ կազմ եւ բարձրորակ տպագրութիւն:





Արդարեւ իւրայատուկ ոճ մը Հայ ժողովուրդին պատմութիւնը դիւրամատչելի եւ հետաքրքրական կերպով ներկայացնելու համար: Հանրագիտարան մը, որ ամէն առիթի լաւագոյն նուէրը կրնայ հանդիսանալ ձեր սիրելիներուն ու բարեկամներուն (ստանալու համար՝ https://www.lesamisdevahantekeyan.com/produit/encyclopedie-histoire-de-larmenie-et-des-armeniens-du-monde/
Այս առիթով փոքր զրոյց մը հեղինակին հետ.
Ինչպէ՞ս կ՛ուզէք ներկայացնել ձեր անձը:
Ես Արման Շէրէֆն եմ. Հայաստանի պատմութեան նշեալ հանրագիտարանին հեղինակն ու համադրողը:
Ես երկու նախասիրութիւն ունիմ՝ դրոշմաթուղթերու ժողովածուներու հաւաքագրում եւ հայկական ծագում ունեցող տարբեր առարկաներ հաւաքելու եւ պահպանելու հանդէպ մեծ սէր: Մասնակցած եմ դրոշմաթուղթերու մի քանի ազգային եւ միջազգային ցուցահանդէսներու, ուր նաեւ պարգեւատրուած եմ: Տարիների ընթացքին հաւաքած եմ նաեւ Հայաստանի պատմութեան հետ առնչուող տարբեր առարկաներ եւ նիւթեր, որոնց թուագրութիւնը կը սկսի 18-րդ դարէն՝ հասնելով, մինչեւ մեր օրերը: Երբ այս ժողովածուն կ՛աճէր, ես շատ բան կը մտածէի անոնց լաւագոյնս օգտագործման համար, որպէսզի անոնց գոյութիւնն ու մէկտեղումը նաեւ օգտակար ըլլայ աւելի լայն հանրութեան:
Այս բանէն ծնաւ սոյն հանրագիտարանը, որուն բովանդակութիւնը կը պարփակէ բացիկներ, դրոշմաթուղթեր, թղթադրամներ, անձնագրեր, դրամատնային չէքեր, բաժնետոմսեր, պիտակներ … եւ շատ մը այլ իրերու նկարներ, որոնց իսկականը իմ մօտն է: Այս բոլոր հնութիւնները շատ հետաքրքիր են յայտնաբերելու համար:
Ինչո՞ւ ստեղծեցիր այս հանրագիտարանը:
Ես հաւաքել սկսայ առարկաներ մի քանի տասնամեակ առաջ, եւ ինծի պատկանող սակայն ազգային արժէք ներկայացնող առարկաներու այս հարստութիւնը պէտք է կերպով մը անպայման բաժանէի մարդոց հետ: Այսպիսով, ես սկսայ տեսակաւորել, դասաւորել, կազմակերպել այս բոլոր առարկաները, այնուհետեւ սահմանել թեմաներ, որոնք պէտք է ներկայացուէին հանրագիտարանին մէջ:
Հայկական մշակոյթը պէտք է լաւագոյնս ներկայացուի ամբողջ աշխարհին մէջ, եւ իմ պարագայիս ես այս գիրքի միջոցով ուզեցի կատարել իմ ազգային պարտականութիւնս:
Ինչպէ՞ս յառաջացաւ այս առարկաներու, նամականիշերուն, ծրարներուն եւ այլնի այս հսկայական հաւաքածուն:
Հանգիստ եւ համբերատար աշխատանքով Խիստ բծախնդրութեամբ եւ ճշգրտութեամբ: Ես կը սիրեմ այն ամեն ինչը, որ կապուած է իմ հայրենիք՝ Հայաստանին հետ եւ այս իմաստով սկսած էի հայութեան պատկանող տարբեր առարկաներու հաւաքածու կազմել: Ժամանակի ընթացքին այս առարկաները շատ կարեւոր դարձած են ինձ համար: Որոշ թեմաներով ես նոյնիսկ ստիպուած էի գնել լրացուցիչ իրեր միջազգային աճուրդներէ՝ հանրագիտարանին որոշ անհրաժեշտ եւ ամբողջացուցիչ իրերը լրացնելու համար:
Վարձքդ կատար ընկեր Արման եւ շնորհաւորութիւններ: Շնորհակալ եմ եւ ուրախ, որ այս համեստ աշխատանքս կը գնահատուի:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Հանրագիտարանին հեղինակին հետ – 2012թ. Լիոն, Ֆրանսա