Ուրբաթ, 29 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

«Կրօնի Ու Գիտութեան Ներդաշնակ Գործակցութիւնը Մեծապէս Պիտի Նպաստէ Մարդկային Քաղաքակրթութեան Զարգացման». Արամ Ա. Կաթողիկոս

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Այս շեշտաւորումով Վեհափառ Հայրապետը եզրափակեց Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Բաժանմունքի ուսանողներուն իր տուած դասախօսութիւնը «Կրօն եւ Գիտութիւն» նիւթին շուրջ:

Ներածական իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց կրօնն ու գիտութիւնը, իրենց իւրայատկութիւններով եւ տարբերութիւններով՝ յիշելով որ երկուքն ալ տարբեր ձեւերով ու մօտեցումներով կը ձգտին ճշմարտութեան: Ճշմարտութեան փնտռտուքին մէջ կրօնը կը յենի հաւատքին, իսկ գիտութիւնը՝ փաստին: Կրօնի պարագային հաւատքը առանցքային դեր ունի, իսկ գիտութեան պարագային՝ բանականութիւնը: Այս երկու տարբեր մօտեցումները երբեմն իրարու կը բախին, երբեմն զիրար կ’ամբողջացնեն, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:

Ապա Նորին Սրբութիւնը լայնօրէն բացատրեց, թէ կրօնի քննարկումի աղբիւրը եւ շրջագիծը յայտնութիւնն է, իսկ գիտութեան տեսանելի եւ շօշափելի իրը, դէպքն ու իրականութիւնը: Կրօնի յայտնութեան աղբիւրը, քրիստոնէութեան պարագային, եկեղեցւոյ Աւանդութիւնն է եւ Աստուածաշունչը: Այս կէտին շուրջ, Վեհափառ Հայրապետը բաղդատական մը կատարեց Աստուածաշունչի եւ Գուրանի միջեւ, որոնք բոլորովին տարբեր ըմբռնումներով նկատուած են իբրեւ յայտնութեան ու հաւատքի աղբիւր՝ առաջինը քրիստոնէութեան եւ երկրորդը իսլամութեան կողմէ: Քրիստոնէութեան պարագային յայտնութեան տուեալներու եւ հաւատքի մօտեցման առընթեր նաեւ բանականութիւնը իր կարեւոր դերը ունի: Իսլամութեան պարագային բանականութեան դերը նուազ է: Գիտութեան պարագային հաւատքը փաստօրէն դեր չունի:

Վեհափառ Հայրապետը, պատմութեան անդրադառնալով ըսաւ, թէ բանականութիւն ու հաւատք յաճախ բախումի մէջ եղած են եւ օրինակները բազմաթիւ են (օրինակ՝ Կալիլէն, Դիար Տը Շէրտէն եւ ուրիշներ), որոնք բանականութեան կարեւորութիւնը շեշտելով ուղղակի կամ անուղղակի կերպով հարցականի տակ առած են Աստուածաշնչական կարգ մը աւանդապահ ուսուցումները: Սակայն, իսլամութեան պարագային Գուրանի մեկնաբանութեան գծով բանականութեան բացակայութիւնը յաճախ յառաջացուցած է ընկերային հարցեր ու չարիքներ: Այս երեւոյթը նաեւ նշմարելի է ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ, յատկապէս միաստուածեան կրօններու պարագային: Հաւատքը առանց բանականութեան օժանդակութեան կրնայ անորոշութեան առաջնորդել, իսկ բանականութիւնը առանց հաւատքի կրնայ մարդը հեռացնել իր ինքնահասկացողութենէն, իբրեւ Աստուածաստեղծ գոյութիւն: Հետեւաբար, բանականութիւն ու հաւատք զիրար պէտք է ամբողջացնեն ու հարստացնեն, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը:

Շարունակելով իր խօսքը ան ըսաւ թէ՝ անցնող դարերու կրօնի ու գիտութեան պայքարը անհրաժեշտ է, որ փոխուի գործակցութեան: Մարդկային մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը կը զարգանայ երբ կրօնն ու գիտութիւնը, իրենց մօտեցման, գործունէութեան ու նպատակի իւրայատկութիւնները պահելով հանդերձ, սերտօրէն գործակցին, շեշտեց Նորին Սրբութիւնը: Ու ապա որպէս շօշափելի օրինակ եւ ներկայ ժամանակներու ընկերութիւնը տագնապեցնող հարց, ան շեշտեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն Անգլերէն լեզուով լոյս ընծայուելիք իր գիրքին մէջ առաջարկած է, որ աստուածաբաններու, քիմիագէտներու եւ բժիշկներու մասնակցութեամբ գիտաժողովներ տեղի ունենան, որպէսզի կարելի ըլլայ տարբեր հայեցակէտերով քննարկել վիրուսներու (ժահրերու) ծագումը եւ գործունէութիւնը տիեզերքի գոյաւորման ու կազմաւորման ծիրէն ներս:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img